ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 9-10 օգոստոսին պիտի գտնուի Հայաստան: Այս մասին հաղորդեց Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Այցելութեան ծիրին մէջ կը նախատեսուին հանդիպումներ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին, արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարներուն հետ, ինչպէս նաեւ այցելութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան խորհուրդի գրասենեակ:
Նախապէս Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը հրաւիրած էր միասին այցելելու Հայաստան-Ազրպէյճան սահման:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանը 16 սեպտեմբերին ՀԱՊԿ-ի համանախագահ պիտի դառնայ:



