Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաշտպանութեան Նախարարը Հրահանգեց Կասեցնել Հայաստանի Սահմանը Հատելու` Ազրպէյճանական Բոլոր Փորձերը

August 9, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտպանութեան նախարար Արշակ Կարապետեան խստօրէն հրահանգեց կասեցնել Հայաստանի սահմանը հատելու` Ազրպէյճանի բոլոր փորձերը:

8 օգոստոսին երրորդ զօրամիաւորման ղեկավար կազմին եւ ենթակայ ստորաբաժանումներուն ներկայացնելով զօրամիաւորման նոր նշանակուած հրամանատար, գնդապետ Ալեքսանտր Ցականեանը` Կարապետեան մասնաւորաբար յայտարարեց. «Հակառակորդը ոչ մէկ ձեւով պէտք չէ նոյնիսկ մտածէ ներթափանցել մեր տարածքը, ասիկա ձեր խնդիրն է: Ատոր համար, հրամանատարը եւ զօրամասի հրամանատարները, ստորաբաժանումներու հրամանատարները` սկսած դիրքի հրամանատարէն, ամէն իրաւունք ունին կիրարկելու բոլոր միջոցները մեր սահմանները պաշտպանելու նպատակով: Միեւնոյն ժամանակ, մենք ոչ մէկ ձեւով եւ ոչ մէկ ուղղութեամբ կ՛ուզենք  սրացումներ, բայց եթէ փորձեցին ներթափանցել մեր տարածքը, ես բոլորիդ կը հրամայեմ` կիրարկել բոլոր միջոցները, որպէսզի այդ միտումները յաջողութեան չհասնին»:

Պաշտպանութեան նախարարը բարձր գնահատեց գնդապետ Ցականեանի աւանդը բանակաշինութեան եւ հայրենիքի պաշտպանութեան մէջ` համոզմունք յայտնելով, որ զօրամիաւորումը, նոր նշանակուած հրամանատարին գլխաւորութեամբ, լիարժէք կերպով պիտի կատարէ իրեն վստահուած պարտականութիւնը:

Նախարարը այցելեց նաեւ զօրամիաւորման ենթակայ զօրամասեր, ծաղիկներ զետեղեց արցախեան վերջին պատերազմին զոհուած զինուորներուն յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին, ինչպէս նաեւ ծանօթացաւ ստորաբաժանումներու ուսումնական եւ ընկերային-կենցաղային պայմաններուն: Պաշտպանութեան նախարարը յանձնարարեց կարճ ժամանակամիջոցէն ուղղել արձանագրուած բոլոր թերութիւններն ու բացթողումները:

Այցելութեան աւարտին Արշակ Կարապետեան 44-օրեայ պատերազմին մասնակից շարք մը զինուորներ պարգեւատրեց արժէքաւոր նուէրներով:

 

Նախորդը

Գեղամ Ստեփանեան. «Ազրպէյճանի Բանակի Յենակէտը Սպառնալիք Է Հին Շէնի Խաղաղ Բնակչութեան Համար»

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Բանակը Կրակ Բացաւ Սեւ Լիճի Մէջ Տեղակայուած Հայկական Դիրքերուն Ուղղութեամբ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.