Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւ Յետո՞յ

Օգոստոս 4, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԼԵԱԿ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

7 յուլիս 2020-ին վերադարձայ Պէյրութ, ակամայ, անձնական պատճառներով, անհամբեր` մօտ մէկ տարուան բացակայութենէ ետք վերագտնելու ընտանիքս, բարեկամներս, տունս եւ քաղաքս: Երկիրը տժգոյն թուեցաւ ինծի: Ընկերներուս մեծ մասը արդէն գաղթած էր եւ կամ կը պատրաստուէր մեկնելու: Բոլորը կը ծիծաղէին, երբ կը լսէին, որ վերադարձած եմ: «Մենք կ՛ուզենք փախչիլ, դուն ե՞տ եկար»:

Չուզեցի «դուրսէն եկող-»ի աչքով նայիլ ամէն ինչի: Փորձեցի տեսնել լաւը եւ դրականը: Բայց արդէն միութենական կեանքը սառած էր, Համազգայինի գեղարուեստական դասապահերը բաւական է դադրած էին: Չկային հանդիպումներ, միջոցառումներ, ձեռնարկներ: «Քորոնա» ժահրը սառած վիճակ մը ստեղծած էր երկրին մէջ: Բայց ի՞նչ ընես… Չէ՞ որ ամբողջ աշխարհը նոյն վիճակին մէջ է:

Եկաւ օգոստոս 4-ը: 2006-ի պատերազմի փորձառութենէս մեկնած` առաջին պայթումը զիս զգուշացուց, եւ իսկոյն մտածեցի հեռանալ ննջարանէս, որուն դիմացը կը գտնուի նաւահանգիստը` ծնողքս  կանչելով պատշգամէն ներս, դէպի միջանցք: Վէրքերս տակաւին ամբողջովին չէին բուժուած, երբ արդէն իսկ մոռցած էի պայթումին ահաւոր ձայնը: Սակայն, ձայնը մոռնալով, հոգիս չբուժուեցաւ: Այդ գիշեր, երբ մեր տունէն հեռացանք, վախը չէր, որ զիս կը խեղդէր, այլ` բարկութիւնը: Ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս այսպիսի բան մը արտօնեցին, որ պատահի: Միայն քաղաքէն հեռանալէս ետք է, որ զգացի անոր տարողութիւնը, մանաւանդ երբ լսեցի երկու հայ երիտասարդուհիներու մահը: Անձամբ չեմ ճանչնար զանոնք: Բայց երկուքն ալ ինծի տարեկից երիտասարդ լիբանանահայեր էին, որոնք ինձմէ քանի մը քիլոմեթր անդին, երկվայրկեանի մը մէջ կորսնցուցին իրենց կեանքը: Միայն այդ պահուն էր, որ անդրադարձայ պայթումին աղէտալի հետեւանքին:

Եթէ մեզի տրուի առիթը իմանալու, թէ ապագային ի՞նչ կը սպասէ մեզ, գիտնալով  հանդերձ, որ զայն չենք կրնար փոխել, արդեօք պիտի ուզէի՞նք նախատեսել: Արդեօք աւելի ուժեղ ու պատրաստ կը դառնա՞նք դիմագրաւելու կեանքի դժուարութիւնները: Արդեօք աւելի լիովին ապրելո՞վ կ՛անցընենք մեր օրերը: Եւ կամ` մեր ժամանակը կ՛անցընենք մտահոգուելով ու ողբալով` գիտնալով, թէ ի՛նչ դժուար փուլեր կը սպասեն մեզի:

Երբ տակաւին դպրոցական էի, կը յիշեմ, ուսուցիչներէս մէկը մեզ` աշակերտներս դատապարտեց` ըսելով, որ վստահաբար մեր սերունդը չ՛արժեւորեր տպուած նկարի գաղափարը` զայն նկատելով նախնական եւ ժամանակավրէպ: Անոր զարմանքին բոլորս հակազդեցինք` ըսելով, որ տիճիթըլ նկարները մեզի համար նոյնքան զգացական արժէք չունին, որքան` տպուած նկարները:

Երբեմն կը դիտեմ հին տպուած նկարներ` վերապրելու անցեալի աւելի ուրախ եւ գունագեղ օրերը: Տեսնելով բարեկամներ ու ազգականներ` կը փսփսամ կարծես անոնց զգուշացնելու համար ապագայի հեռանկարէն եւ կամ ընդհակառակը, անոնց միտքը հանգստացնելու` ըսելով, որ լաւ ու պայծառ օրեր կը սպասէ իրենց:

Կ՛ըսեն, որ կեանքի մէջ, երբ դէմ յանդիման գտնուիս դժուար փուլի մը, մէջդ ուժ մը քեզ կը մղէ դիմագրաւելու այդ դժուարութիւնները: Օգոստոս 4-ի պայթումը ինծի  փաստեց, թէ այդ ուժը այդ վայրկեանին չէ, որ կը յայտնուի, այլ` ամբողջ կեանքի ընթացքին, ամէն մարդու նկարագիրը կարծես յատուկ ձեւով մը կերտուած է` զինք զօրացնելու եւ պատրաստելու, որ դիմագրաւէ ամէն տեսակի դժուարութիւն: Օգոստոս 4-ին ես ինքզինքս պատրաստ զգացի այդ հարուածին: Կարծես գիտէի, թէ ո՛ւր պէտք էր ըլլայի, եւ թէ ի՛նչ պէտք էր ընէի այդ պահուն:

Հանդարտ… Նկարագրային այս գիծիս մասին շատ լսած եմ` երբեմն իբրեւ դրական գնահատանք եւ երբեմն ալ իբրեւ ժխտական նկատողութիւն: Հանդարտ մնալը շատ կարեւոր է ամէն փուլի: Պայթումէն քանի մը վայրկեան ետք, երբ արդէն տան բոլոր ապակիներն ու դռները փշրուած` գետինն էին, եւ ճերմակ պատերն ու գետինը ծածկուած էին փոշիով ու արեան հետքերով, արդէն իսկ լծուած էինք գործի:  Բոպիկ, սենեակէ սենեակ վազելով, մագլցելով ու տեղափոխելով հսկայ երկաթէ դռներն ու ապակիները` կը հաւաքէի ամէնէն կարեւոր նկատուած իրերը` պետական թուղթեր, դեղեր, հեռախօսներ եւ կարեւորագոյնը` անցագիրները: Հապա՞ եթէ չկարենայինք տուն վերադառնալ: Հապա՞ եթէ շէնքը փուլ գար: Հապա՞ եթէ տունը կողոպտուէր: Քանի մը վայրկեան խանգարուելէ ետք զգաստացանք: Մաքրեցինք մեր վէրքերը ու անցանք համակարգուած աշխատանքի: Չեմ մոռնար տան մուտքի կոտրած դրան ճեղքէն լսուած դրացիներուն պոռչտուքը, արիւնոտ բոպիկ ոտնահետքերը, որոնք ամիսներով մնացին աստիճաններուն վրայ, ու` շէնքի ծերունիները, որոնք աղէտէն քանի մը վայրկեան ետք, աւելները առած, արդէն իսկ անցած էին մաքրութեան:

Հանդարտ: Կարեւոր է հանդարտ մնալ ամենադժուար պահերուն: Բնական է պոռթկալ ու փրփրիլ, բայց կարեւոր է խորունկ շունչ առնել, արագ, բայց միաժամանակ հանդարտ ձեւով մտածել` նախքան արագ որոշում տալը ու արձագանգել եւ զգաստ մնալ, նոյնիսկ երբ այդ մէկը անկարելի կը թուի:

Այսօր, յատկապէս Լիբանանի մէջ, մեր սերունդը ճանչցուած է որպէս արագ արձագանգող ու համբերութիւն չունեցող: Կ՛այպանէ՞ք մեզ: Ճիշդ է. Լիբանանի մէջ ապրողը պէտք է ըլլայ համբերատար եւ ունենայ երկար շունչ: Պէտք է ըլլայ լաւատես եւ յոյսով լի: Թերեւս նախապէս այդ մէկը կարելի էր, բայց հիմա ժամանակ չունինք կորսնցնելու: Ժամանակ չունինք կենալ ու սպասելու, երբ աշխարհին հոգը չէ, երբ ուրիշ երկիրներու մէջ ամէն մարդու կեանքը տակաւին շատ բնական ձեւով կը շարունակուի: Մենք չենք կրնար սպասել: Լիբանանի պատերազմի սերունդը շատ բան տեսաւ: Իսկ մենք ինչի՞ սերունդ պիտի կոչուինք: «Քորոնա» ժահրի՞ սերունդ, պայթումի՞ սերունդ, տնտեսական տագնապի՞ սերունդ, մեկուսացմա՞ն սերունդ: Կեանքը լիովին փոխուեցաւ: Մենք ալ ամբողջովին փոխուած ենք…

Ի՞նչ է ելքը: Գա՞ղթ… Նոր սկի՞զբ… Բոլորին ճիշդ ու յարմար լուծում չէ: «Քիչ մըն ալ համբերէ»: Լա՛ւ, կը սպասենք: Բայց յետո՞յ: Ի՞նչ կ’առաջարկէք մեզի…

 

 

Նախորդը

Պէյրութ… Արիւնալի Մայրամուտ

Յաջորդը

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Մասին` Լիբանանահայ Երիտասարդուհիի Մը 5 Օգոստոս 2020-ի Օրագիրէն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Պատգամին Հետքերով

Օգոստոս 20, 2025
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Սիրտս Արդեօք Յանցաւո՞ր Է

Օգոստոս 20, 2025
Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?