Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գոյներու Թագուհի Միրէյ Կոկիկեան «Պէյրութի Թնդիւններ»-ով Լիբանանը Կը Ներկայացնէ Աշխարհին

August 4, 2021
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

Գեղանկարիչ Միրէյ Կոկիկեանն է. ան իր մեղմ ժպիտով ու լայն սրտով կը հիւրընկալէ «Ազդակ»-ի խմբագիրը իր բնակարանին մէջ:

Նպատակն է հարցազրոյց մը կատարել 4 օգոստոսին լոյս տեսնելիք «Ազդակ»-ի յատուկ թիւին համար, ուր լայն անդրադարձ պիտի կատարուի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին եւ անոր հետեւանքներուն:

Պայթումէն փրկուած ըլլալու երախտագիտութեամբ գեղանկարիչը կը ներկայացնէ գրեթէ Պէյրութի նաւահանգիստին դիմաց գտնուող իր բնակարանը, որ պայթումէն տուժած է, քանդուած ու ապա` վերանորոգուած:

Ան կը հաստատէ, որ այն վայրը, ուր նստած էինք, ամբողջութեամբ քանդուած էր, աւելցնելով, որ քանդուած է նաեւ իր աշխատանոցը:

Նրբաճաշակ եւ գոյներու երանգաւորման վարպետ գեղանկարիչը ցոյց կու տայ նաեւ պատռուած գեղանկարներ, որոնք այդ վիճակին մէջ յայտնուած են պայթումին պատճառով: Պատռուած գեղանկարներու շարքին մէջ ան կը պարզէ դեղինով հարուստ գեղանկար մը եւ կը բացատրէ, որ անիկա Խոր Վիրապի աստիճանն է, իսկ դեղինը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը կը խորհրդանշէ: Ապա կը հաստատէ վճռական շեշտով. «Պիտի պահեմ այս գեղանկարը այնպէս, ինչպէս որ է»:

Հոգեղէն բոյրով իր գեղանկարները ստեղծագործող Միրէյ Կոկիկեան կը շեշտէ, որ քաղաքականութիւնը զինք բնաւ չի հետաքրքրեր, ընդգծելով, որ ինք իր կեանքը կ՛ապրի ստեղծագործելով եւ արուեստ սորվեցնելով նորահաս սերունդներուն:

«Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն գրեթէ երկու ամիս ետք, հազիւ հոկտեմբերին վերսկսայ ստեղծագործական աշխատանքի:

Այդքան ժամանակի կարիք զգացի ինքզինքս վերագտնելու, ինչպէս նաեւ աշխատանոցս վերադասաւորելու, որովհետեւ պայթումին պատճառով տուժեց նաեւ աշխատանոցս», կ՛ըսէ ան:

Միրէյ Կոկիկեանի ժանրը կիսավերացական է (semi abstract), կարմիրը իր իւրայատկութիւնն է, իսկ գոյներու ներդաշնակութեան պարգեւումը` իր հանճարը:

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին նուիրուած իր գեղանկարները արուեստագէտին կողմէ ներկայացուած են  «Պէյրութի թնդիւնները»` «Les éclats de Beyrouth» անունով:

«Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը խորհրդանշող առաջին պաստառս կապոյտ գոյնի էր, որովհետեւ մեր ուղեղներն ու գլուխները սառեցան պայթումին ուժգնութենէն ու հարուածէն: Մեր զգացումները քարացան եւ սառեցան, իսկ կապոյտ գոյնը, հանդարտութեան կողքին, նաեւ պաղ գոյն կը նկատուի: Անոր իմաստը այն է, որ մենք բոլորս սառեցանք ու վերածուեցանք մարդամեքենաներու», կ՛արտայայտուի ան:

Միրէյ Կոկիկեան կը հաստատէ սակայն, որ գեղանկարին մէջ յստակօրէն պատկերուած են ամբարձեալ կռունկները, որոնք կեանք ու աշխատանք կը խորհրդանշեն: «Անոնք բարձր ու պատրաստ վիճակի մէջ կանգնած են հոն` ըսելու համար, որ նոյնիսկ եթէ սպաննէք մեզ, մենք պիտի շարունակենք աշխատիլ», կը շեշտէ գեղանկարիչը:

Կապոյտով պատկերուած այդ գեղանկարին կողքին կայ կարմիր գոյնի այլ գեղանկար մը, որուն մէջ պատկերուած է Մար Մըխայէլ փողոցը, ուր մարդիկ կը քալեն ամբողջութեամբ քար ու քանդ եղած շրջանի մը մէջ:

Մերթ վառ մերթ մութ կարմիրի երանգները կը շարժեն զգացումներդ, եւ երբ մօտենաս գեղանկարին, կը սկսիս տեսնել յաւելեալ մանրամասնութիւններ, ինչպէս` մարդիկ, որոնք կմախքացած վիճակի մէջ կը փորձեն իրենք զիրենք քարշ տալ քանդուած մայրաքաղաքին մէջ:

Գոյներու թագուհի Միրէյ Կոկիկեան Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին նուիրուած իր այս զոյգ գեղանկարներով 13, 14 եւ 15 սեպտեմբերին պիտի մասնակցի Վենետիկի ցուցահանդէսին, որ պիտի կազմակերպուի Լիբանանի համար` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գործակցութեամբ:

Լիբանանէն չորս արուեստագէտներ, որոնց մէջ` Միրէյ Կոկիկեան, պիտի մասնակցին երկու տարին անգամ մը Վենետիկի մէջ կազմակերպուող համաշխարհային այս ցուցահանդէսին, որուն ընթացքին վաճառուած գեղանկարներուն հասոյթը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ճամբով պիտի տրամադրուի Լիբանանին:

Գեղանկարիչ Միրէյ Կոկիկեան, որ միաժամանակ ուսուցիչ է Սան Քէօր – Սիուֆի դպրոցին մէջ, «Պէյրութի թնդիւնները» շարքի իր գեղանկարներէն մէկը նուիրած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ լը Տըրիանին, որ վերջերս կ՛այցելէր այդ դպրոցը: Լը Տըրիան հրապուրուած եւ գեղանկարը երախտագիտութեամբ գրկած, մեկնած է դպրոցէն` հաստատելով, որ գեղանկարը պիտի մնայ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ:

Միրէյ Կոկիկեան պիտի մասնակցի նաեւ Ֆլորանսի մէջ 23-31 հոկտեմբեր 2021-ին տեղի ունենալիք ցուցահանդէսին, որուն թեման նուիրուած է ժամանակակից կիներու:

«Սակայն իմ մասնակցութիւնս պիտի ըլլայ Լիբանանի պատգամը ներկայացնել եւ Պէյրութի քանդումը հոն փոխադրել, որովհետեւ կարելի է թեմային դուրս այլ գեղանկարներով մասնակցիլ:

Ֆլորանսի ցուցահանդէսին մասնակցութիւնս պիտի ըլլայ 7 գեղանկարներով, որոնք mixed media ժանրի գործեր են: Առանձինն պիտի ներկայացնեմ Լիբանանը», կ՛ըսէ գեղանկարիչը:

«Պէյրութի թնդիւնները» կոչուող գեղանկարներուն շարքին մէջ կայ Մ. Կոկիկեանին մէկ գործը, որ դեղինի, կարմիրի, կապոյտի ու ճերմակի գեղեցիկ ներդաշնակութիւն մըն է:

Գեղանկարին ձախ բաժինը ծածկուած է վիրակապով մը, որ ըստ զայն ստեղծագործողին, երեք բան կը խորհրդանշէ. «Այդ վիրակապը մեր վէրքերուն դարմանումը կը խորհրդանշէ, միաժամանակ վիրակապը այն իրն է, որով մենք կը զտենք մեր յիշողութիւնները` հաստատելով, որ երբեք պիտի չմոռնանք: Անիկա կը խորհրդանշէ նաեւ վերանորոգումը, նկատի ունենալով, որ շինութեան ընթացքին վիրակապին նմանող կանաչ տիպի ցանցեր կը գործածուին` ծածկելու նոր շինուող կամ նորոգուող շէնքերը», կը յայտնէ ան:

Գեղանկարին մէջ տիրական ներկայութիւն են Պէյրութի նաւահանգիստն ու նշանաւոր դարձած ցորենի շտեմարանը, ինչպէս նաեւ` կռունկները:

Միրէյ Կոկիկեան կը հաստատէ, որ ամէնէն աւելի տպաւորուած է ցորենի շտեմարանով, նկատի ունենալով, որ իր հօրենական տունը կը գտնուէր Ելեկտրականութեան ընկերութեան դիմաց եւ իր հասակ առած տարիներուն օրական դրութեամբ իր դիմացը գտնուած է այդ շտեմարանը իր սպիտակ պատերով: Հետեւաբար ամէնէն աւելի շտեմարանի պատկերը տիրական կը մնայ իր մտքին մէջ:

Միրէյ Կոկիկեան գեղանկարներուն մէջ, ներկայացուող տարբեր երանգներուն կողքին, մնայուն կերպով կը նշմարուին պատուհանները, թռչունները, որոնք յոյս կը ներշնչեն:

Պատկերուած են նաեւ աստիճաններ, որոնք կը խորհրդանշեն դէպի երկինք բարձրանալու գաղափարը:

Կոկիկեանի գեղանկարներուն մեծ մասին մէջ կարելի է գտնել նաեւ արեւը, որ վերանորոգում, յոյս եւ կեանք կը խորհրդանշէ` օրական դրութեամբ ծագելու գաղափարէն մեկնելով:

Հոգեղէն շունչով գծուած գեղանկարներուն մէջ կան նաեւ ծառերը, որոնք կը պարզեն  գետնին խորերը արմատանալու եւ իրենց հայեացքը դէպի երկինք ուղղած ըլլալու իրականութիւնը:

Պէյրութի տուներու սիրահար Միրէյ Կոկիկեան կը հաստատէ, որ 4 օգոստոսի պայթումը իր ամբողջ ուժգնութեամբ չկրցաւ իր մտապատկերէն ջնջել Պէյրութի բնակարանները` մայրաքաղաքի աւանդական բնակարանները իրենց կամարներով, փոքր պատուհաններով ու պատշգամներով:

«Ես լիբանանեան տան մէջ ապրած եմ, եւ անոնք յիշողութեանս մէջ փորագրուած են:

Ոչ ոք պիտի կարենայ քանդել կամ վնաս հասցնել յիշողութեանս մէջ դրոշմուած լիբանանեան բնակարաններուն, եւ ոչինչ կրնայ քանդել զիս, ուժս եւ լաւատեսութիւնս, որոնց շնորհիւ կը շարունակեմ ստեղծագործել», կ՛ընդգծէ ան:

Եթէ Պէյրութի պայթումին հարցով օր մը արդարութիւնը տեսնենք, ի՞նչ գոյնով կը ներկայացնես զայն, այս հարցումին պատասխանելով` Միրէյ Կոկիկեան ինքնաբուխ կերպով ըսաւ. «Բոսորը, որովհետեւ եթէ արդարութիւնը պիտի տեսնենք, ապա պիտի վկայենք, թէ ինչպէ՛ս բոլորը պիտի այրին այդ արդարութեամբ: Կարմիրը նաեւ կրակի գոյն է եւ պիտի այրէ բոլորը», կ՛ըսէ ան` հաստատելով հանդերձ, որ Լիբանանի մէջ արդարութեան հասնիլը դժուար է:

Հարցազրոյցին աւարտին գեղանկարիչ Միրէյ Կոկիկեան կոչ ուղղեց` դիմելու արուեստով դարմանումի միջոցին. ան անհրաժեշտ նկատեց երեխաները քաջալերելը` ընդգծելով, որ այս պայմաններուն մէջ երեխաները ջղային դարձած են, եւ լաւագոյն ձեւը, որ անոնք իրենց զգացումները  արտայայտեն, գծագրութիւնն է, ներկելն ու պատկերելը:

Նշենք, որ Միրէյ Կոկիկեան իր իւրայատուկ մէկ այլ հաւաքածոյով պիտի մասնակցի նաեւ Փորթուգալի մէջ տեղի ունենալիք ցուցահանդէսի մը, 2022-ին:

 

Նախորդը

Գործերուս Մէջ Կայ Ցաւ, Արիւն, Վախ, Յուսահատութիւն, Կորուստի Վիշտ» Ըսաւ Արուեստագէտ Մարալ Մանիս

Յաջորդը

«Արուեստագէտները Ենթագիտակցաբար Կը Ստեղծագործեն Գեղանկարներ, Որոնք Ապագան Կը Կանխատեսեն» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Արա Ազատ

RelatedPosts

Երուանդ Հաւարեանի «Rewind» (Վերադարձ) Խորագիրով Անհատական Ցուցահանդէս
Հարցազրոյց

Լիբանանեան Կարեւոր Դէմքեր. Անմահացուցած Երուանդ Հաւարեանին Հետ

December 30, 2025
Այնճարցի Համալսարանական Պարոյր Ղուկասեանի Աւարտաճառը` Մուսա Լերան Յուշահամալիր
Հարցազրոյց

Այնճարցի Համալսարանական Պարոյր Ղուկասեանի Աւարտաճառը` Մուսա Լերան Յուշահամալիր

November 27, 2025
Ղազանճեան Ընտանիքի Անդամներ` Գագիկ, Լիլիթ Եւ Գայ, Իրենց Ստեղծագործութիւններով Կը Ներկայանան Լիբանանահայութեան
Հարցազրոյց

Ղազանճեան Ընտանիքի Անդամներ` Գագիկ, Լիլիթ Եւ Գայ, Իրենց Ստեղծագործութիւններով Կը Ներկայանան Լիբանանահայութեան

November 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.