Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գործերուս Մէջ Կայ Ցաւ, Արիւն, Վախ, Յուսահատութիւն, Կորուստի Վիշտ» Ըսաւ Արուեստագէտ Մարալ Մանիս

Օգոստոս 4, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Օգոստոս 4-ի Պէյրութի նաւահանգիստի ահեղ պայթումը իր սեւ քողը նետեց մայրաքաղաքի չորս դին: Երկրի բնակչութեան հասցուց մարդկային, նիւթական եւ հոգեկան ծանր վնասներ, սակայն ո՛չ միայն մարդոց, այլ նաեւ մարդկութեա՛ն վնաս հասցուց:

Երկրի ճարտարապետութեան կորիզներ փուլ եկան, ու արուեստի կոթողներ վնասուեցան:

Վերջինս լուսարձակի տակ առնելով`«Ազդակ» հարցազրոյց ունեցաւ արուեստագէտ Մարալ Մանիսի հետ, որուն Մար Մըխայէլի թաղամասի բնակարանը մօտ էր նաւահանգիստին, ու պայթումէն, շատերու նման, վնասներ կրեց, բայց կայ նաեւ այն իրականութիւնը, որ քանդուած տան մէջ պահուած էին նաեւ անոր արուեստի գործերը: Թէ ի՞նչ եղաւ անոնց իրավիճակը եւ որքանո՞վ կարելի եղաւ փրկել զանոնք քարակոյտերու տակէն, այս բոլորի մասին հարց տրուեցաւ անոր:

Մանիս իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ նաւահանգիստի պայթումը ծանր հետքեր ձգեց ժողովուրդի բոլոր խաւերուն վրայ:

Իր անձնական կորուստներուն մասին խօսելով` ան ըսաւ, որ բնակարանը, ինքնաշարժը, արուեստի գործերը` արժէքաւոր արձաններ ու յարգի գեղանկարչութիւններ, կրեցին ահաւոր ու ծանր վնասներ: Եւ ոչ միայն պայթումի պատճառով էին այդ կորուստները, այլ նաեւ` անոր ձգած հետեւանքներուն:

Բնակարանի դուռը պայթումէն ետք տեղէն ելլելով` գողութեան առիթ տուաւ, եւ աւելի քան 10 գործեր առ այսօր կորսուած մնացին, պատէն կախուած պատկերներ ու տնային առարկաներ թալանուեցան:

Արուեստագէտը իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ Ժըմմէյզէն ու Մար Մըխայէլը պատմական արուեստի կեդրոններ էին, այնտեղ կը գտնուէին բազմաթիւ արուեստագէտներու ցուցասրահները, գրախանութները եւ սթիւտիոները: Այդ բոլորին մեծ մասը վերածուեցաւ քարակոյտի, արուեստի շունչը հոն դադրեցաւ փչելէ, եւ մինչ օրս չէ գտած իր նախկին դիմագիծը:

Որքան ալ ահաւոր ըլլան հոգեխոցերը, պատերազմները եւ նման ցնցիչ դէպքեր, անպայման անոնք ծնունդ կու տան արուեստի նոր գործերու, կը դրսեւորուին` այդ բոլորին զգացումներու ելեւէջներէն ազդուած. եւ երբ արուեստագէտին հարց տրուեցաւ արուեստի ծիրին մէջ անոր յաջողցուցած աշխատանքներուն, ապագայ ծրագիրներուն ու մտորումներուն մասին, ան յայտնեց, որ իր ներաշխարհը ընդհանրապէս աւելի կը յարի «գունաւոր»-ին, ճոխին, կեանքով լեցուն գոյներուն, սակայն այս շրջանին վրձինին ընտրած գոյները դարձան սեւն ու ճերմակը: Հակառակ անոր որ Մարալ Մանիս բնաւ չէ սիրած միագոյնը, սեւի ու մոխրագոյնի աստիճանաւորումը, սակայն այս ժամանակաշրջանը պարտադրեց այդ մէկը` իր ու շրջապատին ապրած հոգեխոցին պատճառով:

«4 օգոստոսի պայթումը շատ մը հակասութիւններ ձգեց ոչ միայն իմ հոգեկանիս, ընտանիքիս եւ շրջապատիս վրայ, այլ նաեւ` արուեստի գործերուս, ժխտական բան մը ծանր կշռեց ամէն տեղ: Այս հսկայական պայթումը շատ վատ ազդեցութիւն ձգեց բոլորին վրայ, իսկ իմ գործածած սեւ-ճերմակ կամ մոխրագոյն գոյներով գործերուս ընդմէջէն ներկայացան այն բոլոր երիտասարդները, որոնք նահատակուեցան, մարմնաւորուեցան վիրաւորները:  Գծած իւրաքանչիւր դէմքի վրայ կայ ցաւ, արիւն, վախ, յուսահատութիւն, կորուստի վիշտ® Նկարներուն մէջ կան` անդամահատուած անձեր, յոյս փնտռողներ, երկինք նայող եւ փրկութիւն փնտռողներ, ազատութեան տենչացողներ, աղօթողներ, փախուստ տուող յոյսին կառչողներ® Ընդհանրապէս արուեստի թեքնիքներու միջոցով կ՛արտայայտեմ իմ ներաշխարհս, զգացումներս եւ կ՛աշխատիմ միտքս թարգմանել` առիթ տալով, որ արուեստասէրն ու դիտողը իրենք իրենց զգացումները գտնեն, թաքնուած պատկերը յայտնաբերեն, իրենք ընկալեն իրենց ձեւով, իրենք յայտնաբերեն…

«4 օգոստոս 2020-էն ետք իմ ներկայացուցած արուեստի գործերուս ընդմէջէն կ՛երեւին` ցաւերը, կորուստը, քանդումը, մահը, տխրութիւնը` «Քորոնա»-ի համաճարակի տագնապին զուգահեռ, մանաւանդ որ պայթումը այս ժամանակաշրջանին պատահեցաւ, ներկայացուած են հոն, անցնող մէկ տարուան գործերուս մէջ: Իւրաքանչիւր գործ իմ զգացումներուս, մտահոգութեանս, տագնապներուս դրսեւորումն է, իւրաքանչիւրը կը յուշէ, թէ որքա՜ն ցաւեցանք մենք, Պէյրութի ժողովուրդը որքա՜ն տխուր է եւ որքա՜ն ժամանակի կը կարօտի, որ այս բոլորէն դուրս գայ: Այս բոլորին պատճառով է, որ տխրութիւն կայ վերջին գործերուս մէջ:

Իսկ տարի մը ետք, ի՞նչ է պատկերն ու վիճակը այսօր:

Մանիս յայտնեց, որ համարեա՛ տարի մը անցած է այդ աղէտէն, բայց տակաւին մարդիկ կը կրեն այդ բոլորին հետեւանքները, կը զգան զանոնք իրենց առօրեայ կեանքին մէջ: Ան նշեց, որ այս բոլորին վրայ եկաւ աւելնալու Լիբանանի տնտեսական ծանր տագնապը, տեղաշարժուելու դժուար պայմանները եւ համաճարակը: Այս բոլորը մեծ հարուածներ հասցուցին ժողովուրդին, ուստի վերականգնման ընթացքը ուշացուցին:

Արուեստագէտը խրախուսական նկատեց պայթումին յաջորդ օրն իսկ լիբանանցի ժողովուրդին վերականգնման աշխատանքներուն լծուիլը: Եւ մարդիկ, Լիբանանի մէջ թէ այլուր, նեցուկ կանգնեցան այդ աշխատանքներուն: «Ժողովուրդը ի՛նք լծուեցաւ աշխատանքի եւ ինք եղաւ մեկնարկողը այս աշխատանքներուն, ո՛չ պետութիւն եւ ո՛չ համապատասխան կառոյցներ: Օգնութեան հասան միջազգային ոչ պետական կազմակերպութիւնները, իսկ արուեստագէտներուն ձեռք մեկնեց արաբական արուեստի «Աֆաք» ֆոնտը, որ օժանդակեց արուեստանոցներու շինարարական աշխատանքին եւ զանոնք վարձակալելու գումարներ տրամադրեց», նշեց Մանիս:

Նիւթական օժանդակութիւններուն մասին խօսելով` մէջբերեց, որ աւելի բարենպաստ պիտի ըլլային տրամադրուած նիւթական գումարները, եթէ յանձնուած ըլլային ուղղակի վնաս կրողներուն, առանց միջնորդութեան: Եւ տրամադրուած օժանդակութիւնները, որոնք կատարուեցան կազմակերպութիւններու կողմէ, պէտք էր վայելէին պետութեան հովանին` արագ ընթացք առնելու եւ շուտով լուծման հասնելու համար:

Աւարտին Մարալ Մանիս շեշտեց, որ այս բոլորէն դուրս գալու համար անհրաժեշտ է մէկդի դնել եսը, ու ժողովուրդը պէտք է դառնայ մէկ բռունցք, որովհետեւ` «Միութիւնը զօրութիւն է»:

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 3 Օգոստոս 2021)

Յաջորդը

Գոյներու Թագուհի Միրէյ Կոկիկեան «Պէյրութի Թնդիւններ»-ով Լիբանանը Կը Ներկայացնէ Աշխարհին

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?