ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Սիլվա Մումճօղլեան եւ զաւակը` Յարութ
Տէր եւ տիկին Էլի եւ Մարօ Հաթունի եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Երուանդ եւ Ռոզ Վահրատեան եւ զաւակունք
Մումճօղլեան եւ Վահրատեան ընտանիքներ
Կիրակոսեան եւ Էլմայեան ընտանիքներ
Թազեան եւ Գրիգորեան ընտանիքներ
Խտըրեան եւ Գասպարեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր եւ հարազատին`
ՎԱՐՈՒԺ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄՈՒՄՃՕՂԼԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1965-ին)
անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 25 յուլիս 2021-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երկուշաբթի, 26 յուլիս 2021-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին երկուշաբթի, 26 եւ երեքշաբթի, 27 յուլիսին, հանգուցեալին բնակարանը, Պուրճ Համուտ, հեռ. Սիլվա` 78-825462, Յարութ` 70-644274:
—————————————
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Տէր եւ տիկին Վահէ եւ Նայիրի Խաչատուրեան եւ զաւակը` Ճօ, շնորհակալութիւն կը յայտնեն բոլոր անոնց, որոնք, անձամբ, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ, հեռաձայնով, ե-նամակով, դիմատետրով կամ այլապէս մասակից եղան իրենց զաւկին եւ եղբօր` ՍԵՐԺ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆի մահուան սուգին:
—————————————
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Տէմիրճեան ընտանիքի անդամները շնորհակալութիւն կը յայտնեն բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ, հեռաձայնով, դիմատետրի միջոցով կամ այլապէս մասնակից եղան իրենց հարազատին` ՈՎՍԱՆՆԱ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆի մահուան սուգին:
—————————————
ԱԲԵՂԱՅԱԿԱՆ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊԱՏԱՐԱԳ`
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
Ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք, որ կիրակի, 1 օգոստոս 2021-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանական ուխտի նորաօծ հինգ աբեղաները, իրենց անդրանիկ Ս. պատարագը պիտի մատուցեն Լիբանանի հայոց թեմի հետեւեալ եկեղեցիներուն մէջ.
Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի (Նոր Մարաշ)`
– ՀՈԳԵՇՆՈՐՀ ՏԷՐ ԵՐԵՄԻԱ ԱԲՂՅ. ՏԷԿԻՐՄԷՆՃԵԱՆ
Սուրբ Սարգիս եկեղեցի (Նոր Սիս)`
– ՀՈԳԵՇՆՈՐՀ ՏԷՐ ԵԶՐԱՍ ԱԲՂՅ. ԹԷՆԷՔԷՃԵԱՆ
Սուրբ Յարութիւն եկեղեցի (Ռմէյլ)`
– ՀՈԳԵՇՆՈՐՀ ՏԷՐ ԵԶԵԿԻԷԼ ԱԲՂՅ. ՍԷԼԼՈՒՄԵԱՆ
Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի (Նոր Ատանա)`
– ՀՈԳԵՇՆՈՐՀ ՏԷՐ ԵՍԱՅԻ ԱԲՂՅ. ԷՕՐՏԷՔԵԱՆ
Սուրբ Վարդանանց եկեղեցի (Նորաշէն)`
– ՀՈԳԵՇՆՈՐՀ ՏԷՐ ԵՂԻԱ ԱԲՂՅ. ՄԱԼԽԱՍԵԱՆ
Բարեբաստիկ այս առիթով, սիրով կը հրաւիրենք մեր բարեպաշտ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու հայ եկեղեցւոյ ծառայական անդաստանին մէջ մուտք գործող նորընծայ մեր հինգ աբեղաներու Ս. պատարագին եւ լսելու անոնց անդրանիկ պատգամը:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
«ՓՈՒՆՋԵՐ. ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՊԱՏՄՈՒԱԾՔՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔԱԾՈՅ»
Հեղինակ` ՍԵԴՐԱԿ ԶԱՒԷՆ
Հետաքրքրուողները կրնան հեռաձայնել 81-448027 թիւին, օրդ. Յասմիկին:
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Ոսկերչատուն մը կարիքը ունի վարպետ ադամանդաշարի, ոսկերիչի եւ օգնական հաշուապահի մը:
Դիմել` հեռ. 03-207772:
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը կարիքը ունի քարտուղարուհիի մը: Դիմել` հեռ. 03-412442:
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը կարիք ունի վարպետ կաղապարագործներու (թորնոճի): Դիմել` հեռ. 03-244967: