Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍՕՍԻ ՓՈԼԱՏԵԱՆ
Համաարաբական երկիրներու կիներու խորհուրդի անդամ

Հոկտեմբերը ծանօթ է իբրեւ կուրծքի քաղցկեղի իրազեկման արշաւի ամիս, որուն նպատակն է ամէն տարի բազմապատկել թիւը այն աղջիկներուն եւ կիներուն, որոնք տարեկան դրութեամբ համապատասխան քննութիւններու կ՛ենթարկուին (մամոկրաֆի, էքոկրաֆի) հիւանդութեան կանուխ յայտնաբերման նպատակով:

Այս տարի Համաշխարհային առողջապահական կազմակերպութիւնն ու Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը այս արշաւը ներկայացուցած են նոր թեմայով մը` «Իւրաքանչիւր պատմութիւն եզակի է, եւ իւրաքանչիւրին ուղի տարբեր է եւ կարեւոր» («Every story is unique, every journey matters» եւ «United for unique»): Այսինքն կուրծքի քաղցկեղի պարագային իւրաքանչիւր անհատի փորձառութիւնը տարբեր է եւ ախտաճանաչումը բուժման տարբեր ձեւերով եւ մարտահրաւէրներով եւս տարբեր է, իւրաքանչիւր կնոջ ապագան կը բնորոշէ:

Խորհրդանիշը վարդագոյն ժապաւէնն է, որ որդեգրուած է աշխարհի չորս ծագերուն: Ան կը ներկայացնէ`

–  Յիշատակը քաղցկեղէ մահացած աղջիկներուն ու կիներուն,
– Յոյս եւ զօրակցութիւն բոլոր այն հիւանդներուն,  որոնք ներկայիս կը պայքարին հիւանդութեան դէմ,
– Յիշեցում, որ կանուխ ախտաճանաչումը կեանք մը կրնայ փրկել:

Այս վարդագոյն ժապաւէնին պատմութիւնը կը սկսի 1990 թուականին, երբ Շարլոթ Հէյլի անունով ամերիկացի կին մը, իր հարազատները` զաւակը, թոռնիկը եւ քոյրը քաղցկեղէ կորսնցնելէ ետք, յուսահատ, պատրաստած է նարնջագոյն ժապաւէններ եւ բողոքի ցոյցեր կազմակերպած կառավարութեան դէմ` պահանջելով գիտական հետազօտութիւններ կատարել եւ հիւանդութեան շուրջ յաւելեալ գիտական տուեալներ ունենալ: Կարգ մը գեղագիտական մեծ ընկերութիւններ, ինչպէս` «Էսթէ Լուտըր» եւ ուրիշներ, ուզեցին այս մէկը օգտագործել իրենց մեծագոյն` «Կուրծքի քաղցկեղի իրազեկման» տարեկան արշաւին համար:  Սակայն Շարլոթ Հէյլի կտրականապէս մերժեց անոնց վաճառականական գաղափարը: Առ այդ, նշեալ ընկերութիւնները փոխեցին ժապաւէնին գոյնը վարդագոյնի` իբրեւ յոյսի եւ կանացի նրբութեան խորհրդանիշ: Այսպէս, 1992-էն ետք  «Էսթէ Լուտըր» հաստատութեան տարբեր մասնաճիւղեր այս արշաւին ծիրին մէջ շուրջ 1.5 միլիոն վարդագոյն ժապաւէններ բաժնեցին:

Այս տարի, Լիբանանի կիներու միութիւնը պատրաստեց հետաքրքրական նկարներ եւ գրութիւններ` ընկերային ցանցերու վրայ, որոնց մէջ կայ հետեւեալ պատգամը.

«Սիրելի՛ մայրը,

«Դուն միշտ ուրիշներուն առողջութեամբ կը մտահոգուիս, դուն քու ժամանակդ, աշխատանքդ եւ գործդ ուրիշին կը տրամադրես: Բոլորը կը փորձես չորս կողմդ հաւաքել, եւ ընտանիքդ միշտ սխալէ կը կանխես: Սակայն այս բոլորը կ՛ընես ուրիշի համար: Արդեօք դուն քեզի համար ի՞նչ կ՛ընես: Պէտք է նկատի առնես, թէ առողջութիւնը առաջնահերթութիւն է եւ ոչ թէ անձնասիրութիւն. ընդհակառակը` ընտանիքիդ հանդէպ ունեցած սէրդ միայն առողջութեամբ կրնաս վայելել եւ այդպէս ապրիլ քու սիրած անձերուդ հետ»:

Ի՞նչ գեղեցիկ խօսքեր եւ հմայիչ արտայայտութիւններ: Այո՛, առողջութիւնը բարեսիրութիւն չէ, այլ իրաւունք: Ամէն կին, անկախ իր տարիքէն, բնակութեան վայրէն կամ ընկերային վիճակէն, իրաւունք ունի գիտնալու իր մարմինը, իր հիւանդութիւնները եւ կանխարգիլման դիմելու, առանց վախի կամ խարանի: Ան իրաւունք ունի ստանալու անվճար կամ մատչելի գիներով քննութիւնները եւ բժշկական խորհրդատուութիւն:

Կիներուն մօտ կուրծքի քաղցկեղը ամէնէն տարածուած քաղցկեղներէն է ներկայիս: Այս հիւանդութիւնը անցեալին գաղտնի կը պահէին եւ կամ զայն կը կոչէին «այդ գէշ հիւանդութիւնը» կամ «հեռու տուներէն», առանց նոյնիսկ անունը տալու: Սակայն այսօրուան բժշկութեամբ այս խարանը պէտք չէ շարունակուի, որովհետեւ, նոր ուսումնասիրութիւններուն համաձայն, Համաշխարհային առողջապահական կազմակերպութիւն 2024-ի տուեալներով ներկայիս 2.4 միլիոն կիներու մօտ ախտորոշուած է քաղցկեղ, սակայն 694,000 միայն մահացած է: Մինչ այդ վերջին քանի մը տարիներուն արդէն 8.2 միլիոն կիներ դիմագրաւած են այս հիւանդութիւնը, ապրած են եւ կ՛ապրին հանգիստ ու ուրախ:

Դարձեալ Համաշխարհային առողջապահական կազմակերպութեան համաձայն, 186 երկիրներէն 164-ին մէջ կան մեծ թիւով քաղցկեղէ տառապողներ, իսկ այդ հիւանդութեան պատճառները կը նկատուին վատ կեանքի եւ ապրուստի ձեւը, մարդկային եւ ջղային խանգարումները, որոնք ժխտական կերպով կ՛ազդեն կնոջ առողջութեան վրայ, մասնաւորաբար կը յիշուին ոգելից ըմպելիներուն գործածութիւնը, գիրութիւնը, չափազանց յոգնութիւնը, ոչ սննդարար ուտելիքներու սպառումը, ծխախոտի կամ կլկլակի գործածութիւնը, որ մեծ աւերներ կը գործէ ներկայիս:

Համաշխարհային առողջապահական կազմակերպութեան հետազօտութիւններուն համաձայն, մինչեւ 2040 թուական կարելի պիտի ըլլայ 2.5 միլիոն մահ կանխարգիլել, եթէ կանուխ ախտաճանաչումներ կատարուին: Սակայն այս բոլորը կը կարօտին լուրջ, սերտուած եւ յստակ առողջապահական քաղաքականութիւն` կառավարութիւններու կողմէ մշակուած եւ ընկերային ծառայութիւններուն օգնութեամբ կիրարկուած, որպէսզի կարելի ըլլայ կիները այս մասին իրազեկ դարձնել, նաեւ բժշկական ներդրումներով նուազեցնիլ մահերը եւ ամրապնդել գոյատեւումը:

Ուրեմն, սիրելի՛ մայրեր եւ քոյրեր, ձեր իրաւունքն է գուրգուրալ ձեր առողջութեան, որովհետեւ դուք կրնաք ձեր ընտանիքները փրկել եւ ընկերային առողջ շրջանակ մը կազմել: Մի՛ անտեսէք ձեր առողջութիւնը, մի՛ վարանիք բուժման խոչընդոտներէն, այլ, պաշտպանելով ձեր իրաւունքները, ձեր առողջութեան համար դիմեցէք մօտակայ առողջապահական կեդրոններ եւ հիւանդանոցներ կատարելու պէտք եղած քննութիւնները:

Կանուխ ախտորոշումը կեանք մը կը փրկէ: Հրամայական է իւրաքանչիւր մօր, կնոջ եւ աղջկայ իրաւունքի պահպանումը` բուժուելու, խնամք ստանալու եւ դարմանուելու` յարգանքով եւ առանց խտրութեան:

Երբ մենք կը պաշտպանենք կիներուն եւ աղջիկներուն առողջութիւնը, կը պաշտպանենք ընտանիքը, համայնքը եւ ամբողջ ազգը, որովհետեւ առողջ կինը զօրաւոր ընկերութեան եւ հասարակութեան հիմքն է:

 

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ. Լիբանանի Ապագան` Ընտրական Հաշուարկներու, Տարածաշրջանային Հակամարտութեան Եւ Դիւանագիտական Բանակցութիւններու Խաչմերուկին Վրայ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.