Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլատ նշեց, թէ ամերիկացիները շրջանէն կը հեռանան, իսկ իսրայէլացիները բացը կը լեցնեն:

«Սխալեցանք, երբ իսլամապատի ուղին չընտրեցինք, եւ ընտրեցինք Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի ուղին, որ մեզ որեւէ տեղ պիտի չառաջնորդէ», «Այ.Էմ.Այ.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին շեշտեց Ժոպլաթ:

«Չեմ կարծեր, թէ Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւնները, իրենց ներկայ ձեւաչափով, արդիւնքի պիտի յանգին, այնքան ատեն որ Իսրայէլը հարաւային Լիբանանը կը բռնագրաւէ», նշեց ան:

«Չեմ կրնար ըսել, թէ կառավարութիւնը սխալեցաւ. փորձեց, սակայն այն կարծիքը, թէ ամերիկացիները կրնան Իսրայէլը հեռացման մղելու համար ճնշում բանեցնել, լիարժէք պատրանք է», յայտնեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավարը:

«Իսրայէլ աշխատանք կը տանի հարաւային Լիբանանի յիշողութիւնը ջնջելու, կարծէք անոր մէկ բաժինին վրայ բնակեցման վայրերու հաստատման կը պատրաստուի», ըսաւ ան:

«Ներքին երկխօսութիւնը անխուսափելի է, պայմանով որ հիմնուի այն հասկացողութեան վրայ, թէ միայն պետութիւնը զէնք ունենալու իրաւասութիւնն ունի», յայտնեց Ժոմպլաթ` աւելցնելով. «Հըզպալլայի զինաթափման միակ ուղին անոր հետ երկխօսութիւնն է եւ թերեւս փոխզիջում մը գտնելը, պայմանով, որ այս ուղին Իրանի եւ Իսրայէլի աջակցութիւնը ստանայ»:

«Հըզպալլայի թղթածրարին մէջ կարծր դիրքորոշումը չեմ կրնար ընդունիլ, եթէ քաղաքացիական պատերազմի պիտի առաջնորդէ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Կարելի չէ շիի բաղադրիչը բնաջնջել կամ անոնց ըսել` հեռացէք: Անոնք Լիբանանի մէկ մասն են»:

Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց իրանցիներուն հետ կապ հաստատելու, «որովհետեւ Հըզպալլայի իրողական քաղաքականութիւնը կուսակցութեան նախկին ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ահաբեկումէն ի վեր Թեհրանի մէջ կ՛որոշուի, եւ որովհետեւ երկխօսութիւնը կը նպաստէ մագլցումի զսպման»:

Ան մերժեց քանթոններու ստեղծումը` նշելով, որ լիբանանցիները պէտք է միասին ապրին:

«Սուրիոյ տիւրզիները սխալ ճամբով կ՛ընթանան, երբ Իսրայէլի ձեռքը գործիք ըլլալ կ՛ընտրեն», յայտնեց ան` նշելով. «Եթէ իբրեւ տիւրզի չպատկանին ազգային միասնութեան լայն շարժումներու եւ արաբական ազգայնութեան, մենք դէպի անձնասպանութիւն կ՛ուղղուինք»:

«Իսրայէլի մէջ տիւրզիները չեն որոշեր, այլ իսրայէլեան կառավարութիւնն է, որ Իսրայէլի եւ Սուրիոյ տիւրզիներուն ճակատագիրը կ՛որոշէ», շեշտեց Ժոմպլաթ:

 

 

Նախորդը

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

RelatedPosts

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.