. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Չափազանց վտանգաւոր օրեր շրջանը կը բաժնեն իսրայէլեան ընտրութիւններէն եւ անկէ անմիջապէս ետք ամերիկեան ընտրութիւններէն, եւ հաւանական տարբեր բեմագրութիւններու եւ վարկածներու համար կարելիութիւնները կը մնան բաց»:
. ԸՍՏ «Լեպանոն Ֆայլզ»-ի, «Հարաւային Լիբանանի ընտանիքներու դէպի հիւսիսի շրջաններ, մասնաւորաբար Թրիփոլի տեղափոխման աճ կը նկատուի` պատերազմի վերսկսման մտավախութիւններու, վարձքերու աճի եւ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու մօտակայքը բնակելի բնակարաններու վրայ զգայլի ճնշման լոյսին տակ»:
. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ» սովորական աշխուժութեան անկում նկատած է Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն մէջ, ուր փողոցները գրեթէ դատարկ կը թուէին յատկապէս շաբաթավերջին` իսրայէլեան սպառնալիքներու սրման պատճառով, մինչ շարք մը բնակիչներ մասնաւորաբար Պեքայի մէջ իրենց գիւղերը ուղղուած են` նոր զգուշացումներէ կամ յարձակումներէ վախի պատճառով:
. ՊԵՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Լիբանանի փոխանցուեցաւ, թէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը նոյեմբերի կիսուն կրնայ ժողով մը գումարել` քննարկելու համար միջազգային ուժերու ճակատագիրը, մինչ կը տիրէ ժխտական մթնոլորտ մը, որ անոր առաքելութեան վերջ տալու որոշումէն դիւրութեամբ ետդարձի կարելիութիւն չի յուշեր»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Ամերիկեան աղբիւրներ զգուշացուցին, թէ Իրանի դէմ ամերիկեան որեւէ հարուած Լիբանանի գերիշխանութիւնը պիտի ենթարկէ քննութեան` պետութեան պատերազմ սկսելու որոշումը վերահսկելու կարողութեան եւ Թեհրանի հետ դաշինքէն անկախ Հըզպալլայի Լիբանանի շահերուն նուիրուածութեան տեսանկիւնէն»:
. ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին հարց կու տան. «Լիբանանեան բանակի իր վերահսկողութեան տարածման մէջ յառաջընթաց արձանագրելը իսրայէլեան աստիճանական հեռացումներու պիտի յանգեցնէ՞, թէ՞ հեռացումը պիտի մնայ յետաձգուած` սպասելով Հըզպալլայի զինուորական ուժի ամբողջական կերպով կազմաքանդման»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Քանի մը օր առաջ արեւմտեան մայրաքաղաքներէն մէկուն մէջ որոշում կայացնող շրջանակներուն ներկայացուած հետազօտական զեկուցումի մը մէջ կը նշուէր, թէ Հըզպալլան բազմակողմանի ճակատում կը վարէ` պայթուցիկ նիւթերով բեռցուած բեռնակառքի հարցի հետեւանքները զսպելու համար` փորձելով կանխարգիլել ատոր վերածուիլը իրաւական նախադէպի, որ պետութեան կ՛արտօնէ անոր անօրինական գործունէութիւնը հետապնդել»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Լիբանանեան բազկամարտը հասաւ զգայուն փուլի, ուր իւրաքանչիւր կողմ ունի այն կարծիքը, թէ իր գոյութիւնը թերեւս վտանգուած է»:
. «ՆԱՀԱՐ» օրաթերթ. «Լիբանանի տարբեր շրջաններու քաղաքական կուսակցութիւններու կապուած ճգնաժամային բջիջները վերսկսած են իրենց աշխատանքը եւ արտակարգ իրավիճակներուն պատրաստուիլը` հաշուի առնելով որեւէ հաւանական պատերազմ, միեւնոյն ժամանակ վարձու տուներու պահանջի աճ արձանագրուած է»:
. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Արդարադատութեան նախարարը Տահր Պայտարի բեռնակառքի թղթածրարի նախարարաց խորհուրդի վերջին նիստի ընթացքին չարծարծուիլը զայն Արդարադատութեան խորհուրդին փոխանցելէն ետդարձ չի նկատեր»:
. «ԼԻՈՒԱ» օրաթերթ. «Ի յայտ եկաւ, թէ կուսակցական ու քաղաքական մէկէ աւելի կողմերու համար գործող «ելեկտրոնային ճանճ»-երու խումբեր իշխանութեան ու կառավարութեան երթին դէմ գրգռութեան ծիրին մէջ աշխատանքի լծուած են իշխանութեան երեք պետերուն դէմ շինծու լուրեր տարածելով»:
. ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Նեթանիահուի կամ իսրայէլեան բանակի նախկին սպայակոյտի պետ Կատի Այզենքոթի յաղթանակի պարագային Լիբանանի նկատմամբ իսրայէլեան ապահովական սկզբունքները պիտի չփոխուին»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Նեթանիահուի վերադարձը պիտի ամրապնդէ անվտանգութեան մօտեցումը, սակայն ամբողջ բեմագրութիւնը նոյնը պիտի չդարձնէ: Կառավարութիւնը, որ կրկին յոյսը կը դնէ ծայրայեղ աջ գործընկերներու վրայ, աւելի մեծ ներքին դիմադրութեան պիտի հանդիպի որեւէ քայլի նկատմամբ, որ կրնայ զիջում նկատուիլ»:
. «ՆԱՀԱՐ» օրաթերթ. «Դատարաններու մէջ ակնյայտ էր շփոթը լրատուամիջոցներու մասին նոր օրէնքի կիրարկման վերաբերեալ` հաշուի առնելով դատաւորներու մօտ յստակութեան պակասը, հակառակ այն հանգամանքին, որ վճռաբեկ դատարանի ընդհանուր դատախազը նախնական քայլերու ձեռնարկած էր անոր կիրարկումը կարգաւորելու համար»:
. ԸՍՏ «Լեպանոն Ֆայլզ»-ի, գիւղատնտեսական արտադրութիւններ արտածողները կը բողոքեն, որ լուրջ խնդիրներու կը բախին մուտք գործելու Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական ծոցի շուկաներ, որոնք իրենց դռները բացած են անոնց առջեւ: Խնդիրը այն է, որ նշեալ երկիրներու տեղական առեւտրականներուն մեծ մասը, այն տարիներուն, երբ Լիբանանէն ներածումը արգիլուած էր, դիմեցին նոր շուկաներու, մասնաւորաբար Թուրքիոյ եւ Իրանի, իրենց կարիքները ապահովելու համար: Այդ մէկը դժուարացուցած է լիբանանցի արտածողներու համար արաբական շուկաները դարձեալ լիբանանեան արտադրութեան արժէքին մասին համոզելը` գիներու ուժեղ մրցակցութեան պայմաններուն մէջ:
. ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Լիբանանի ելեկտրականութեան ընկերութիւնը յայտարարեց, թէ 9 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ պիտի ընդհատէ ընկերութեան իրենց պարտքերը չվճարած պետական տարբեր վարչութիւններու եւ հաստատութիւններու ելեկտրականութեան մատակարարումը` բացառութեամբ պետական հիւանդանոցներէն:


