Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այսօր` Ընդհանուր Գործադուլ

Յունիս 17, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնը այսօր պիտի գործադրէ իր յայտարարած ընդհանուր գործադուլը, որուն ընթացքին պիտի գործադրուին նաեւ ցոյցեր եւ բողոքի շարժումներ` կառավարութեան կազմութեան պահանջով:

Դրամատուներու միութիւնը յայտարարեց, որ դրամատուները այսօր պիտի մնան փակ` մասնակցելու համար ընդհանուր գործադուլին:

Նշենք, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը հաստատեց իր յանձնառութիւնը` գործադուլին նկատմամբ:

Միւս կողմէ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ խորհրդարանէն յայտնեց, որ ժողովրդային յեղափոխութեան մը նոր նշոյլներ կան երկրին մէջ` աւելցնելով, որ անոնք իրաւացի են:

Մուսթաքպալ հոսանքը իր կարգին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն ընդմէջէն կը թելադրէ իր անդամներուն եւ հետեւորդներուն ընդառաջել Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան յայտարարած գործադուլին եւ նստացոյցերուն:

Մուսթաքպալ հոսանքին հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ պէտք է բարձրաձայնել լիբանանցիները միացնող պահանջները եւ պոռթկալ իր անձնական շահերուն համար կառավարութեան կազմութիւնը խոչընդոտող տարրերուն դէմ:

Ասմար Կոչ Ուղղեց Մասնակցելու Այսօրուան Շարժումներուն`
Պահանջելու Համար Կառավարութեան Կազմութիւնը 

Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար հարցազրոյցի մը ընթացքին  ընդգծեց, որ երկրին իշխանութեան պատասխանատուութեան բացակայութեան Լիբանան կը տառապի զանազան տագնապներէ, «հետեւաբար կոչ կ՛ուղղենք բոլորին մասնակցելու այսօրուան ցոյցերուն եւ շարժումներուն, որոնց ընթացքին պիտի պահանջուի կազմել փրկութեան կառավարութիւնը, որովհետեւ մերժելի է տեսնել ժողովուրդին տառապանքն ու անոր դիմագրաւած հսկայական հարցերը», շեշտեց ան:

Ասմար հաստատեց, որ շարժումները պիտի կատարուին լիբանանեան զանազան շրջաններուն մէջ` յստակացնելով, որ իրենց հիմնական պահանջը պիտի ըլլայ կառավարութեան կազմութիւնը, որպէսզի երկիրը կարելի ըլլայ փրկել իր դիմագրաւած վատ իրավիճակէն ու տագնապներէն:

Ան նշեց, որ ցարդ յստակ որոշում չէ տրուած` նպաստ տրամադրելու իմաստով, «սակայն գետնի վրայ մեր վկայած աղէտը նպաստը կասեցնելու դիմակով պարտադրուող իրականութիւն մըն է` բոլոր մարզերուն մէջ եւ ամէն իմաստով», ըսաւ ան:

Ասմար նկատել տուաւ, որ ինք ամէնօրեայ դրութեամբ կը հետեւի տարբեր տեսակի արտադրութիւններու սակին, ինչպէս նաեւ ծառայութիւններու արժէքի բարձրացումին եւ տիրող ընդհանուր սղաճին:

Ան զգուշացուց իշխանութեան ցուցաբերած անտարբերութենէն եւ շուկային մէջ տիրող քաոսային ահաւոր վիճակէն, յատկապէս դեղորայքի տագնապէն եւ հիմնական սննդամթերքի սղաճէն, որ հետեւանք է շահագործումը զսպելու քայլերու չգոյութեան:

 

Նախորդը

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Կառավարութեան Կազմութեան Պըրրիի Նախաձեռնութեան Նկատմամբ Դրական Է Մեր Կեցուածքը»

Յաջորդը

Նախագահական Պալատէն Եւ Այն Թինէէն Փոխադարձ Հաղորդագրութիւններ` Բանավէճի Շեշտով

RelatedPosts

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ  Լայնածաւալ Ռազմափորձեր
Լիբանանեան

Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ Լայնածաւալ Ռազմափորձեր

Հոկտեմբեր 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?