Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ երեկոյեան Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը, որ հանդիպումէն ետք մեկնեցաւ առանց մեկնաբանութիւն կատարելու:
Միւս կողմէ, երէկ կէսօրին խորհրդարանի նախագահութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ վարչապետ նշանակելու որոշումը հանրապետութեան նախագահին կամքէն դուրս է, եւ ուղղակի արդիւնքն է երեսփոխաններուն հետ խորհրդակցութիւններուն, այլ խօսքով` օրէնսդրական իշխանութեան:
Հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ, որ կառավարութեան կազմութեան նպատակով երեսփոխաններուն հետ խորհրդակցութիւններ կատարողը նշանակեալ վարչապետն է` սահմանադրութեան թիւ 64-րդ յօդուածին համաձայն:
«Պահանջուածը լուծում է, եւ իբրեւ այդպիսին` նախաձեռնութիւնը առկայ է», կը նշէ հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ կ՛աւելնայ այն բաժինը, թէ խորհրդարանի նախագահին իրաւունքն է օժանդակել նշանակեալ վարչապետին, եթէ ան այդ խնդրանքով ներկայացած է, «յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ հանրապետութեան նախագահը, որուն իրաւասութիւնն է վարչապետին հետ համաձայնաբար վաւերացնել կառավարութեան կազմը, բազմիցս նամակներ յղած է այս իմաստով եւ փափաք յայտնած Պըրրիի նախաձեռնութեան յաջողութեան»:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ նախարարներուն թիւը 24-ի բարձրացնելը գոհացուց բոլորը` ընդգծելով, որ ներքին գործոց նախարարի հարցին լուծուելէն ետք հանրապետութեան նախագահը պնդած է 8 նախարարներու կողքին 2 նախարարներ անուանելու վրայ: «Հանրապետութեան նախագահը սահմանադրական կարգով մէկ նախարար ունենալու իրաւասութիւն չունի: Ան չի կրնար քուէարկել, հետեւաբար անուղղակի կերպով քուէ չի կրնար ունենալ», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Հաղորդագրութեան մէջ յստակ դարձաւ, որ Պըրրի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին յայտնած է, թէ իր նախաձեռնութեան համաձայնութիւն յայտնած են Արեւմուտքն ու Արեւելքը, բացի նախագահէն, իսկ ներկայիս կը մերժէք Հարիրին իբրեւ վարչապետ: «Այդ մէկը ձեր իրաւունքը չէ, որովհետեւ Հարիրի ձեր որոշումով վարչապետ չէ նշանակուած», եզրափակուեցաւ հաղորդագրութիւնը:
Նախագահական պալատի տեղեկատուական գրասենեակը երէկ երեկոյեան ժամը 6:30-ին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ պատասխանեց Այն Թինէի հաղորդագրութեան` նշելով, որ Պըրրիի հրապարակած հաղորդագրութիւնը զայն զերծ կը կացուցէ միջնորդի իր դերակատարութենէն եւ զայն կը վերածէ կողմի մը, որ ինքնիրեն չի կրնար լիբանանցի ժողովուրդին անունով շարժելու իրաւունքը տալ:
«Պըրրի եւ ուրիշներ պէտք է լաւ իմանան, որ հանրապետութեան նախագահը կը ձգտի ամէն գնով լուծել կառավարութեան տագնապը: Հանրապետութեան նախագահը, որ կը տառապի ժողովուրդին ցաւով, յանձնառու է հիմնելու գործադիր իշխանութիւն մը` փրկութեան կառավարութիւն մը կազմելու ճամբով, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին ապրուստի եւ կենցաղային տագնապներուն լուծումներ բերել», կը շեշտէ նախագահական պալատի հաղորդագրութիւնը:
Նախագահական պալատի այս հաղորդագրութեան հրապարակումէն կէս ժամ ետք Այն Թինէէն հրապարակուեցաւ հետեւեալ պատասխան հաղորդագրութիւնը. «Մենք կը փափաքինք հաւատալ նախագահ Աունին, եթէ ան համոզուած է իր տեսակէտով: Պարզապէս կ՛ուզենք յիշեցնել, թէ նախագահ Աունն էր, որ հաստատած էր, որ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման նախարարական պաշտօն կամ նախարար ունենալու իրաւասութիւն չունի: Հետեւաբար, օ՛ն դէպի լուծում»:
Այս հաղորդագրութենէն վայրկեաններ ետք նախագահական պալատը պատասխանեց հետեւեալ ձեւով. «Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, երբ նախագահ ընտրուեցաւ` երեսփոխանական ներկայացուցչութիւն չունէր, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի մեծագոյն պլոքին զօրակցութիւնը չէր վայելեր, ինչպէս է պարագան նախագահ Աունին: Այդ բոլորով հանդերձ, նախագահ Սլէյման` նախագահական իր նստաշրջանին ընթացքին երեք նախարարի իրաւունք ունեցաւ` կազմուած իւրաքանչիւր կառավարութեան պարագային»:
Խորհրդարանի նախագահին գրասենեակը անմիջապէս պատասխանեց նախագահական պալատի վերջին հաղորդագրութեան` հաստատելով, որ իրենք դարձեալ կը փափաքին հաւատալ եւ հարց տալ, որ եթէ այդպէս է իրողութիւնը, ապա ինչո՞ւ «Համախմբումը» յայտարարած է, թէ մաս պիտի չկազմէ կառավարութեան եւ վստահութեան քուէ պիտի չշնորհէ անոր: