Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ նախագահեց Հզօր Լիբանան համախմբումի առցանց նիստին, որմէ բխած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ կառավարութեան կազմութիւնը առաջնահերթութիւն է:
«Կառավարութիւնը պէտք է կազմուի նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ: Հարիրի պէտք է խորհրդակցի երեսփոխանական պլոքներուն հետ, ապա համաձայնութիւն գոյացնէ հանրապետութեան նախագահին հետ` սահմանադրութեան ոգիին համաձայն: Իսկ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մէջ պէտք է յարգուին սահմանադրական չափանիշներն ու ֆրանսական նախաձեռնութիւնը` առանց նոր ուխտեր, օրէնքներ եւ կանոններ ստեղծագործելու: Կառավարութեան կազմութեան իմաստով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախաձեռնութեան նկատմամբ մեր կեցուածքը դրական է, եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնենք Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութեան համար», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Համախմբումը զարմանք յայտնեց, որ իր նախագահը միշտ ցեխարձակումի կ՛ենթարկուի` հակառակ անոր կողմէ ցուցաբերուած գործակցութեան` բոլոր նախաձեռնողներուն հետ:
Համախմբումը կոչ ուղղեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչին` հակակշիռի տակ առնելու ամերիկեան տոլարի սակը ճշդող ելեկտրոնային հարթակին գործունէութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ սեւ շուկայի գործունէութիւնը կասեցնել:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ ամերիկեան տոլարի սակը ճշդող ելեկտրոնային հարթակի գործունէութիւնը պէտք է ըլլայ թափանցիկ եւ հակակշիռի տակ պահէ լումայափոխական գործառնութիւնները: