Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Յունիս 16, 2021
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ 

Քննարկուեցաւ Անհետ Կորսուածներուն Եւ Գերիներուն Ճակատագիրը Յստակացնելու Կարեւորութիւնը

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Վաղարշակ Յարութիւնեան 11 յունիսին ընդունեց Հայաստանի մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ղեկավար Թիերի Ռիպոյի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին կողմերը անդրադարձան սեպտեմբեր 2020-ին Արցախի վրայ շփման գիծի ամբողջ երկայնքով սանձազերծած թուրք-ազրպէյճանական յարձակման իբրեւ հետեւանք` անհետ կորսուած եւ գերութեան մէջ յայտնուած անձերուն ճակատագիրները պարզելու վերաբերող հարցերուն:

Վաղարշակ Յարութիւնեան Թ. Ռիպոյին փոխանցեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մտահոգութիւնը` ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ մինչեւ օրս ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձերու իսկական թիւի քողարկման եւ այս` բացառապէս մարդասիրական բնոյթ կրող հարցը, քաղաքական շահարկումներու առարկայ դարձնելու փորձերուն վերաբերեալ: Նշուեցաւ, որ նման գործելաոճ կը հանդիսանայ միջազգայնօրէն ամրագրուած իրաւունքներու, մասնաւորաբար` միջազգային մարդասիրական իրաւունքի, ինչպէս նաեւ նոյեմբեր 2020-ի եռակողմանի միացեալ յայտարարութեան դրոյթներու ծիրին մէջ Ազրպէյճանի ստանձնած յանձնառութիւններու կոպտագոյն խախտում:

Վաղարշակ Յարութիւնեան երախտագիտութիւն յայտնեց Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի երեւանեան գրասենեակի ղեկավարին` Ազրպէյճանի իրաւազօրութեան տակ յայտնուած հայ անձերու իրաւունքներու պաշտպանութեան առումով ի գործ դրած ջանքերուն համար` նշելով, թէ Ժընեւեան ուխտերը կ՛երաշխաւորեն ռազմագերիներու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, անոնց պատիւին եւ արժանապատուութեան նկատմամբ յարգանքի իրաւունքը, որ պէտք է բացառէ ամէն տեսակի նուաստացնող վերաբերմունք:

Թիերի Ռիպոն հաստատեց, որ ԿԽՄԿ-ի պատուիրակութիւնը կը դիմէ անհրաժեշտ բոլոր քայլերուն` անհետ կորսուած անձերուն ճակատագիրին, ինչպէս նաեւ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձերուն վերաբերեալ տեղեկատուութեան պարզաբանման ուղղութեամբ:

Եղիշէ Չարենցի Տուն–Թանգարանին Մէջ Ցուցահանդէսով Նշուեցաւ Երկիր Նայիրի» Վէպին 100-Ամեակը

Եղիշէ Չարենցի «Երկիր Նայիրի» վէպին ստեղծման 100-ամեակին ծիրին մէջ յունիս 10-ին հեղինակին տուն-թանգարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ ցուցահանդէսի մը, որուն ճամբով ներկայացուեցան վէպին նկարազարդումները, որոնք կը պահուին թանգարանի հիմնական ֆոնտին մէջ: Աշխատանքներու հեղինակը Եուրի Պաղտասարովն է: Ցուցահանդէսին զուգահեռ ընթացաւ գիտական քննարկում, որուն ընթացքին զեկուցումներով հանդէս եկան գրողներ, գրականագէտներ:

Տուն-թանգարանի տնօրէն Ժաննա Մանուկեան նշեց, որ նկարազարդումները խորագիր չունին: «Չարենց կ՛ըսէր` հասկցողը կը հասկնայ: Այդ սկզբունքով ներկայացուցած ենք ցուցահանդէսը: Կը կարծեմ` հասկցողը կը հասկնայ, թէ վէպի ո՛ր հատուածներէն են նկարազարդումները», ընդգծեց ան:

Մանուկեան տեղեկացուց, որ թանգարանի պահեստանոցին մէջ կը պահեն նաեւ Մարտիրոս Սարեանի եւ այլ նկարիչներու նկարազարդումները, որոնք ժամանակ առ ժամանակ պիտի ցուցադրուին: Կը նախատեսուի նաեւ ցուցադրութիւն մը, որուն մէջ պիտի ներառուին բոլոր հեղինակներուն գործերը:

Անդրադառնալով վէպին` Ժաննա Մանուկեան շեշտեց, որ Չարենց զայն գրած է մաս-մաս` ընդհատումներով:  «Չարենցի բոլոր ստեղծագործութիւնները շատ արդիական են եւ շատ համահունչ այսօրուան իրադարձութիւններուն: Ի զուր չեն ըսեր, որ Չարենց ապագայի գրող է, որուն իւրաքանչիւր բառը եւ խօսքը կ՛իրականանայ», եզրափակեց տնօրէնը:

Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան յիշեցուց, որ քանի մը տարի առաջ թերթերէն մէկը կատարած էր հարցախոյզ հայ գրականութեան լաւագոյն վէպերուն մասին: Չարենցի «Երկիր Նայիրի» վէպը առաջատարներէն է: «Ցանկին մէջ ներառուած են նաեւ Կոստան Զարեանի «Նաւը լերան վրայ»-ն, Գուրգէն Մահարիի «Այրուող այգեստաններ»-ը, Խաչիկ Դաշտենցի «Ռանչպարների կանչը» եւ այլ վէպեր:  Չարենց «Երկիր Նայիրի»-ն կը համարէր բանաստեղծական վէպ: 1980-1990-ականներուն կը թերագնահատուէր արձակի բանաստեղծականութիւնը, առանց որուն Չարենց այս վէպը չէր պատկերացներ: Վէպին մէջ Եղիշէ Չարենց կ՛ընդգծէ ժողովուրդին հոգիին թախիծը: Չարենց կ՛ըսէ, որ ամէն մարդ իր մէջ պէտք է փնտռէ Նայիրին եւ հասնի անոր», շեշտեց Միլիտոնեան:

Արձակագիր, հրապարակախօս  Ալիս Յովհաննիսեանի համոզումով` «Երկիր Նայիրի»-ն գրական մեծ երեւոյթ է, հայ գրականութեան պատմութեան հիմնաքարային ստեղծագործութիւն, զոր Չարենց գրած է 24 տարեկանին, եւ որ կը խօսի անոր հանճարին  մասին: Ան գեղեցիկ կը համարէ նաեւ այլ հեղինակներու` տարբեր քաղաքներու նուիրուած ստեղծագործութիւնները, որոնցմէ են Ակսել Բակունցի «Կյորես»-ը, Գուրգէն Մահարիի «Այրուող այգեստաններ»-ը, Աղասի Այվազեանի «Թիֆլիսի ցուցանակները» եւ այլն:

Խօսելով «Երկիր Նայիրի» վէպին արդիականութեան մասին` Ալիս Յովհաննիսեան ըսաւ, որ Կարսի անկումը կրնանք համեմատել Շուշիի անկման հետ: «Դրուագներով անգամ  կարելի է եզրեր գտնել: Կերպարներու մէջ եւս առնչութիւններ կան: Չարենց կրնայ այդ ամէնը արտայայտել իր հրաշալի վէպին մէջ, որուն մասին  գիտական գրականութիւն կայ: Չարենցը յաւերժական հանճար համարած են, որովհետեւ բոլոր ժամանակներուն ալ կարելի է զայն նորովի բացայայտել, եւ այդ դասական է», եզրափակեց հրապարակախօսը:

Հաղորդենք, որ այս նախաձեռնութիւնը իրականացուցին Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանը եւ Հայաստանի գրողներու միութիւնը: «Երկիր Նայիրի»-ի 100-ամեակի ծիրին մէջ յառաջիկային այլ ծրագիրներ եւս պիտի իրականացուին:

«Կեանքը Եւ Վէպի Ընդգրկումները» Խորագիրով Միջազգային Գիտաժողով

Խաչատուր Աբովեանի անուան Հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի (ՀՊՄՀ) բանասիրական բաժանմունքի, Վաչէ Պարտիզունիի  անուան հայ նոր եւ նորագոյն գրականութեան ամպիոնի եւ «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի կազմակերպութեամբ, մայիս 27-ին կայացաւ «Կեանքը եւ վէպի ընդգրկումները. ազդեցութիւններ եւ զարգացման ուղենիշներ» խորագիրով միջազգային գիտաժողով: Գիտաժողովի կազմակերպիչ փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեան նշեց, որ անիկա բացառիկ է թէ՛ նիւթի բազմաբովանդակութեան առումով, թէ՛ իր աշխարհագրական ընդգրկումներով` Հայաստան, Արցախ, Միացեալ Նահանգներ, Թուրքիա, Լիբանան, Ուքրանիա, Փորթուգալ: Ան հպարտութեամբ ընդգծեց, որ Մանկավարժական համալսարանին եւ անոր ղեկավարութեան` նախագահ, փրոֆ. Ռուբէն Միրզախանեանի շնորհիւ կարելի եղած է այս դժուար ժամանակաշրջանին մէկտեղել յառաջատար գրականագէտներն ու գրականութեան տեսաբանները, որոնց զեկուցումները պիտի տպագրուին առանձին ժողովածուով:

Մասնակիցները, նախ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգանքի տուրք մատուցեցին արցախեան երկրորդ պատերազմին զոհուած երիտասարդ տղոց:

Ապա Ս. Էջմիածինէն Նաթան արք. Յովհաննիսեան փոխանցեց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ողջոյնները: Սրբազանը կարճ ակնարկ կատարեց վէպի զարգացումներուն, ապա նշեց, որ վէպը մեր կեանքի արտացոլանքը պէտք է ըլլայ:

Գիտաժողովի բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՊՄՀ ուսումնագիտական գծով տնօրէնի տեղակալ, փրոֆ. Սրբուհի Գէորգեան: Ան նկատեց, որ այսօր կ՛ապրինք շատ իւրայատուկ եւ բարդ ժամանակահատուածի մը մէջ. տարբեր մշակոյթներու, հասկացութիւններու խաչմերուկին վրայ յայտնուելով` կը փորձենք գտնել «մեր ժամանակի հերոսը»` աւելցնելով, թէ իւրաքանչիւրիս համար այսօր հերոսներ են արցախեան պատերազմին մասնակցած տղաքը:

Ներկաները ողջունեց Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի (ԳԱԱ) հայագիտութեան բաժանմունքի ակադեմիկոս քարտուղար Եուրի Սուվարեան, որ առանձնացուց վէպին վերաբերող կարեւոր յատկանիշները: Ան նկատեց, որ վէպը կ՛արտացոլէ ժողովուրդներու գեղարուեստական մտածողութեան մակարդակը, եւ այս առումով պատահական չէ հայ իրականութեան մէջ պատմավէպերու նկատմամբ առանձնայատուկ վերաբերմունքը:

«Կարդալ ինչ որ երբեք չէ գրուած (Վալթեր Բենիամին եւ Յակոբ Օշական)» զեկուցումով լիագումար նիստին խօսեցաւ յայտնի փիլիսոփայ, գրականագէտ, թարգմանիչ Մարք Նշանեան (Լիզպոն), որ իր կեանքի քառասուն տարիները նուիրաբերած է գրող Յակոբ Օշականի ստեղծագործական բարդ համակարգը վերծանելուն: Ան ուշագրաւ զուգահեռներ անցուց գերմանացի հրեայ փիլիսոփայ Բենիամինի եւ Օշականի ստեղծագործական վաւերական գործօններուն միջեւ:

«Վէպի ժանրի թարմացման ուղիով» զեկուցումով Երեւանի պետական համալսարանի գրականութեան տեսութեան լաւագոյն գիտակներէն փրոֆ. Ժենիա Քալանթարեան ծանրացաւ ժամանակակից հայ վիպասանութեան նորագոյն դէմքերու յատկանշական կողմերուն վրայ:

Իր թարգմանչական գործունէութեան, հայ գրականութեան ընկալումներուն մասին արտայայտուեցաւ հայ ժողովուրդի բարեկամ, Հայաստանի մէջ Ուքրանիոյ երկարամեայ դեսպան Օլեքսանտր Պոժքոն («Հայ արձակը ձեւերու եւ գաղափարներու խաչմերուկին վրայ. թարգմանիչի տեսանկիւն»):

Երկու հանճարեղ գրողներու` Ֆ. Տոստոյեւսկիի եւ Յ. Օշականի ստեղծագործական ընդհանրութիւններու, գրական ազդեցութիւններու շուրջ» նիւթով նիստը եզրափակեց Սուրէն Դանիէլեան («Տոստոյեւսկի եւ Օշական. աղերսներ»):

Ապա, լսարանային եւ առցանց, գիտաժողովը շարունակեց իր աշխատանքը երկու խումբերով` «Հայ վիպագրութեան սահմաններուն մէջ» եւ «Գրապատմական եւ տեսաբանական զուգահեռներու մէջ», որոնց մէջ քննուեցան վէպի ծագման եւ զարգացման, կեանքի եւ վէպի յարաբերակցութեան շուրջ հարցեր:

Զեկուցումներ կարդացին Հայաստանի ԳԱԱ թղթակից անդամ, փրոֆ. Ալիտա Դոլուխանեանը («Վէրք Հայաստանի»-ն իբրեւ առաջին վէպ հայ իրականութեան մէջ»), փրոֆեսէօրներ Ալպերթ Մակարեանը («Արտադիպաշարային տարրերը Յ. Պարոնեանի «Մեծապատիւ Մուրացկանները» վիպակին մէջ»), Ռուզան Թադէոսեանը («Դէպի հայ ընթերցող. Լեւ Թոլսթոյի «Աննա Կարենինա» վէպի ճանապարհը»), Մարթին Գիլաւեանը («Պատմութեան հայեցակարգը քրոնոտոպի ընկալման կարեւոր միջոց»), Ազատ Եղիազարեանը («Հայ նորագոյն գրականութեան երկու մեծ վէպերը. Ե. Չարենցի «Երկիր Նայիրի»-ն եւ Գ. Մահարիի «Այրուող այգեստաններ»-ը»), դոցենտներ Աշխէն Ջրբաշեանը («Կեանքի արտացոլման ձեւերի եղափոխութիւնը վիպական կառոյցներում»), Աշոտ Գալստեանը («Հայրապատումի մոտելը խորհրդահայ ինքնակենսագրական վէպում»), Նայիրա Խաչատրեանը («Դիանա Համբարձումեանի «Կանաչ մարգագետնի հմայքը» վէպի պարունակներում»), Արմենուհի Մուրադեանը («Ստ. Ալաջաջեանի վէպերն իբրեւ փաստագրական վկայութիւն»), Դաւիթ Մոսինեանը («Վէպի աւարտ. պատումի եւ կեանքի սահմանին»), Քնարիկ Աբրահամեանը («Նամակն իբրեւ հայ վէպի ժանրակազմիչ տարր (ազդեցութիւններ)»), Սեւան Տէյիրմենճեանը («Զոհն ու վկան` Զաւէն Պիպէռեանի «Լկրտածը» վէպում), Նոնա Դաւթեանը («Վերյուշը սփիւռքահայ վէպում»), Վարդան Մատթէոսեանը («Կոստան Զարեան, Լորընս Դարրէլ եւ տարագրութեան դրախտավայրը»), Աննա Սարգսեանը («Զապէլ Եսայեան. վիպական մտածողութեան հարցեր»), Նելլի Թադէոսեանը («Ինքնակենսագրական ժանրի դրսեւորումը Վ. Շուշանեանի արձակում»):

Արցախի Մէջ Պիտի Իրականացուի Ճարտարագիտական Շաբաթ. Tech Week Artsakh – 2021

Յուլիս 3-5 Ստեփանակերտի մէջ պիտի իրականացուի Tech Week Artsakh 2021 կամ «Ճարտարագիտութիւններու շաբաթ Արցախի մէջ – 2021» ձեռնարկներու շարքը, որ մէկ վայրի մէջ պիտի կեդրոնացնէ ճարտարագիտական ընկերութիւններու ջանքերը` համայնքային զարգացման խթանման ուղղութեամբ: Tech Week Artsakh – 2021-ը կը կազմակերպուի «ՃիՃի», «Ինսթիկէյթ Մոպայլ» եւ «Քրաուտֆանտինկ ֆորմուլա» ընկերութիւններուն կողմէ: Այս մասին յայտնած են Յառաջադէմ ճարտարագիտական ձեռնարկութիւններու միութենէն:

Ըստ կազմակերպիչներուն, որոշում կայացուած է այս ձեւաչափով առաջին ձեռնարկը իրականացնել Ստեփանակերտի մէջ` համախմբելով ուժերը երկրի հզօրացման գաղափարին շուրջ, որ առաւելապէս կ՛արտայայտուի Հայաստանի համայնքներու ամբողջ ներուժին բացայայտման եւ կիրարկման ուղղուած քայլերուն մէջ: Նշենք, որ պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ յուլիս 3-ին:

Ճարտարագիտական շաբթուան ծիրին մէջ իրար պիտի յաջորդեն շարք մը ծաւալուն ձեռնարկներ` մասնագիտական խորհրդաժողովներ, ggRace (հասոյթը պիտի ուղղուի բարի եւ շէնցնող նախագիծի), «Արմաթ» ճարտարագիտական աշխատանոցի հիմնում, հաքաթոն (նպատակը Արցախի մէջ յստակ հարցերու լուծումն է), գաղափաներու մրցոյթ (յաղթողները պիտի ստանան դրամաշնորհներ), կրթական ծրագիրներ: Ձեռնարկին գլխաւոր նպատակներէն է համայնքային համաչափ շարունակական զարգացումը, Արցախի մէջ նոր խումբերու ստեղծումը եւ մեր հայրենակիցներուն զինումը` գիտելիքով, հմտութիւններով, ինչպէս նաեւ նոր կարելիութիւններու եւ կարողութիւններու բացայայտումը:

Արա Շիրազի 80-Ամեակին Առիթով Կապուտիկեանի Տուն-Թանգարանին Մէջ  Ցուցահանդէս Բացուած Է

Հայաստանի ժողովրդական նկարիչ, քանդակագործ Արա Շիրազի 80-ամեակին առիթով, անոր մայրական տան` բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեանի տուն-թանգարանին մէջ, բացուած է անոր աշխատանքներուն ցուցահանդէսը: Արուեստագէտին աշխատանքները պիտի ցուցադրուին մինչեւ Յուլիսի վերջ: Արա Շիրազի ստեղծագործութիւններէն թանգարանին մէջ ներկայացուած է քանի մը գործ` Վահան Տէրեան, Մհեր Մկրտչեան, Զօրավար Անդրանիկի յուշարձանի մանրակերտ, ցուցադրուած են նաեւ արխիւային նիւթեր ու լուսանկարներ:

Արա Շիրազի եղբայրը` Վանանդ Շիրազ յայտնած է, թէ արուեստագէտի 80-ամեակին առիթով, տարուան ընթացքին, պիտի կազմակերպուին քանի մը նախաձեռնութիւններ:

 

 

 

 

Նախորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Հաճի Չելեպի Խան Եւ Շաքիի Հայութեան Բարգաւաճումը

Յաջորդը

Վերնագիրը Վերջում

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?