Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի. «Բոլոր Ընտրանքները Առկայ Են, Եւ Պըրրիի Հետ Համադրելէ Առաջ Առանձին Ոչ Մէկ Որոշում Պիտի Տամ»

Յունիս 14, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի շաբաթ, 12 յունիս 2021-ին, կէսօրին այցելեց Տար Ֆաթուա` մասնակցելու համար Իսլամ հոգեւորականներու գերագոյն խորհուրդի նիստին:

Հարիրի դիմաւորուեցաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի կողմէ: Նախքան խորհուրդի նիստին գումարումը, Հարիրի եւ միւֆթի Տըրիան ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, յատկապէս կառավարութեան կազմութեան թղթածրարը:

Ապա Հարիրի մասնակցեցաւ Իսլամ հոգեւորականներու գերագոյն խորհուրդի նիստին, որմէ ետք Տար Ֆաթուայէն յայտարարեց, որ ինք խորհուրդին եւ հանրապետութեան միւֆթիին ներկայացուցած է նախորդ եօթը ամիսներուն ընթացքին իր դիմագրաւած դժուարութիւնները` կառավարութեան կազմութեան ջանքերուն շրջագիծին մէջ:

«Նիստին ընթացքին տեղի ունեցաւ շինիչ եւ կարեւոր քննարկում: Երկիրը կը դիմագրաւէ տնտեսական եւ քաղաքական հետզհետէ վատթարացող վիճակ: Ես յանձնառու կը մնամ հայրենիքին, հանրապետութեան միւֆթիին եւ խորհուրդին նկատմամբ, իսկ ի վերջոյ մեզի համար կարեւորը հայրենիքն է: Քննարկումները այս շրջագիծին մէջ տեղի ունեցան, եւ աւելի ուշ կարելի է խօսիլ այս մասին», ըսաւ Հարիրի մեկնումի պահուն:

Իր կարգին, Իսլամ հոգեւորականներու գերագոյն խորհուրդի նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ խորհուրդը պիտի չարտօնէ, որ նշանակեալ վարչապետին իրաւասութիւններուն դէմ ոտնձգութիւններ կատարուին` աւելցնելով, որ խորհուրդը կը զօրակցի վարչապետին իրաւասութիւններուն` սահմանադրութեան հիման վրայ:

Նշենք, որ Հարիրի շաբաթ երեկոյեան Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ նախկին վարչապետներ Ֆուատ Սինիորայի, Թամմամ Սալամի եւ Նեժիպ Միքաթիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրին մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակը, յատկապէս Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւնները:

Միւս կողմէ, Հարիրի հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ բոլոր ընտրանքները առկայ են, սակայն ինք այդ ընտրանքներէն մէկը առանձինն պիտի չընտրէ, այլ` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, Իսլամ հոգեւորականներու գերագոյն խորհուրդին եւ նախկին վարչապետներուն հետ համադրելով:

Հարիրի ընդգծեց, որ ինք կառչած կը մնայ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախաձեռնութեան` նկատի ունենալով, որ անիկա ուղղակիօրէն ազդուած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի ծրագրած փրկութեան նախաձեռնութենէն, որ երկիրը կրնայ փրկութեան հասցնել:

Պըրրիի հետ իր յարաբերութեան անդրադառնալով` Հարիրի ըսաւ, որ Սաատ Հարիրի կը նշանակէ Նեպիհ Պըրրի եւ Նեպիհ Պըրրի կը նշանակէ Սաատ Հարիրի` աւելցնելով, որ հիմնական հարցը կը կեդրոնանայ անոր վրայ, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը յապաղեցնող արգելքներ կը զետեղէ:

Հարիրի հաստատեց, որ Պըրրի միակ անձնաւորութիւնն է, որ զինք չէ լքած, այլ միշտ զօրակցած է իրեն: Ան շեշտեց, որ ինք մնայուն կապի մէջ է Պըրրիի հետ եւ մօտիկ ապագային պիտի այցելէ խորհրդարանի նախագահին:

Նախորդը

Աքըր. «Լիբանանի Մէջ Պատահածը Մարդկութեան Դէմ Գործուող Ոճիր Է»

Յաջորդը

Եւրոպական Միութեան «Միջերկրականեան Եօթնեակ»-ը Միացեալ Հռչակագիր Ստորագրած Է

RelatedPosts

Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ  Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ  Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»

Օգոստոս 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Սկսաւ Քննարկել  ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերաբերեալ  Ֆրանսական Նախագիծը
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Սկսաւ Քննարկել ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերաբերեալ Ֆրանսական Նախագիծը

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?