Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աքըր. «Լիբանանի Մէջ Պատահածը Մարդկութեան Դէմ Գործուող Ոճիր Է»

June 14, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար եւ արտաքին գործոց նախարարի ու արտերկրի լիբանանցիներու գործակատար Զէյնա Աքըր շաբաթավերջին պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ նախագահեց արտակարգ նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան առողջապահութեան մարզի պատասխանատուները, ինչպէս նաեւ բանակին, ներքին ապահովութեան ուժերուն, ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն եւ պետական անվտանգութեան ուժերուն ներկայացուցիչները:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ երկրին առողջապահական մարզին պարզած տագնապալի կացութիւնը:

Նիստին ընթացքին Աքըր զգուշացուց Լիբանանի մէջ տիրող առկայ առողջապահական կացութենէն` աւելցնելով, որ կը գտնուին առողջապահական մարզի փլուզման սեմին: Ան նշեց, որ բժշկական հոգատարութիւնը վտանգուած է` հաստատելով, որ Արեւելքի հիւանդանոցը նկատուող երբեմնի Լիբանանը առողջապահական իմաստով սնանկութեան ենթակայ է:

Աքըր նկատել տուաւ, որ երկրին անդամալուծուած իրավիճակին համար ո՛վ պատասխանատու պիտի նկատենք, չենք գիտեր: «Հիւանդանոցները կը մերժեն հիւանդները ընդունիլ, յատկապէս բանակայիններն ու ապահովական կառոյցներու զինուորներն ու ոստիկանները եւ անոնց ընտանեկան պարագաները: Վիրահատութիւնները կասեցուած են, երիկամներու լուացումը կասեցուած է, իսկ քաղաքացիներուն կեանքը վտանգի ենթարկուած է: Միւս կողմէ, բժիշկներու եւ հիւանդապահներու բաւարար թիւ չկայ երկրին մէջ` «Քորոնա»-ի համաճարակին եւ անոնց արտագաղթին պատճառով, իսկ կարգ մը բժիշկներ երեւակայական գիներ կը պահանջեն հիւանդներէն` զանոնք վիրահատելու նպատակով», ըսաւ ան:

Աքըր նկատել տուաւ, որ կարգ մը տարրալուծարաններ յայտարարած են, թէ իրենց աշխատանքը պիտի կասեցնեն, իսկ առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան ամէնօրեայ դրութեամբ կը կատարէ անակնկալ այցելութիւններ եւ կը խուզարկէ դեղորայքի պահեստանոցներ, ուր կը գտնուին մեծ քանակութեամբ դեղորայք, ինչպէս նաեւ բժշկական սարքեր եւ երեխաներու յատուկ կաթ: «Անկարելի է այս արարքը միայն պետութեան պատասխանատուութիւնը նկատել. ո՞ւր է գործակցութեան ոգին, ո՞ւր է պատասխանատուութիւնը, ո՞ւր է մարդկային խիղճը, երբ կը դիտէք ժողովուրդին տառապանքը` գիտնալով հանդերձ, որ դեղորայքն ու բուժումը ձեր պահեստանոցներուն մէջ կը գտնուին, երբ այդ դեղորայքը կամ հիւանդանոցային սարքը միայն ամերիկեան տոլարով կը վաճառէք: Ո՞ւր է բոլորին խիղճը, երբ Լիբանան կը դիմագրաւէ տնտեսական եւ ելեւմտական արտակարգ ճգնաժամ, եւ ոչ ոք պատրաստ է զիջումներ կատարելու եւ պատասխանատուութիւնը իրարու վրայ եւ Կեդրոնական դրամատան վրայ բարդելով զբաղած է, մինչ մենք միջազգային ընտանիքէն օժանդակութիւն կը պահանջենք, սակայն մենք զմեզ չենք կրնար օժանդակել», շեշտեց Աքըր:

Ան հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ պատահածը մարդկութեան դէմ գործուող ոճիր է: «Կը զգուշացնենք, որ արգիլուած է տեսնել հիւանդ մը, որուն հիւանդանոց մը մերժած է ընդունիլ, կամ այլ պարագայ մը, որ դեղորայք չի գտներ: Պէտք է բոլորս զիջինք եւ համեստանանք, որպէսզի պաշտպանենք հայրենիքն ու քաղաքացիները` լիբանանեան դրամանիշի արժեզրկման առընթեր», ըսաւ ան:

Վերոնշեալ հարցերը քննարկելէ ետք ներկաները յանձնարարեցին, որ

ա) հիւանդանոցները բոլոր հիւանդները ընդունին` առանց արտօնելու, որ մէկուն հանդէպ բժշկական խնամքի տրամադրումը զլացուի,

բ) Այսօրուընէ սկսեալ մինչեւ չորեքշաբթի, 16 յունիս ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկի կեդրոնատեղիին մէջ գումարուին նիստեր, որոնց ընթացքին կարելի ըլլայ արմատական լուծումներ գտնել` բժիշկի այցեգինը վերջնականացնելու, հիւանդանոցային ծախսերը ճշդելու եւ այլ հարցերու իմաստով լուծումներ ճշդելու, ու զանոնք փոխանցելու Աքըրի:

 

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Հարիրի. «Բոլոր Ընտրանքները Առկայ Են, Եւ Պըրրիի Հետ Համադրելէ Առաջ Առանձին Ոչ Մէկ Որոշում Պիտի Տամ»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.