ՇԱՂԻԿ ԿԱՐՕ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
21 ապրիլ 2021-ն էր, «Քորոնա»-ն հանգիստ չէր ձգած Նարէն: Արթնցած էր ուժեղ հազի պատճառով, մտքերը «Քորոնա»-էն ու թոքաբորբէն շեղելու նպատակով բռնեց հեռախօսը ու սկսաւ լուրերը աչքէ անցընել:
Պատմական օր էր Ամերկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ, ուր սպանութիւն կատարելու համար մեղադրուած էր այն ոստիկանը, որ ծունկը Ճորճ Ֆլոյտի կոկորդին վրայ ճնշելով` խեղդած էր զայն: Նարէի ականջին մէջ անընդհատ կը հնչէր Ֆլոյտին ձայնը` «Չեմ կրնար շնչել»…
Պատմական օր էր համայն քաղաքակիրթ աշխարհին համար, որ անընդունելի համարեց խտրականութիւնը եւ պահանջեց արդարութիւն:
Ուրախ` զանգեց Արտակին.
– Տեսա՞ր, տեսա՞ր, ես գիտէի, ես վստահ էի…
– Նար ճան, առտուայ 6:00 նա, քնի, թոքաբորբով մեռնում ես, իրաւաբանի կոճակը անջատի վատառողջի կոճակը միացրու ու քնի էլի:

Արտակը Շուշիի մարտերուն մասնակցած էր: Ծանօթացած էր Արտակին` կամաւորական աշխատանք կատարելու ընթացքին:18-ամեայ Արտակը Շուշիի մարտերուն մասնակցելէ ետք, Շուշիի յանձնումէն ետք դարձած էր 48-58, թերեւս 68 տարեկան: Կորսնցուցած էր ժպտելու կարողութիւնը, Նարէն պահի տակ կը բարկանար ու կը նեղանար Արտակի տխուր տրամադրութենէն, սակայն կը յիշէր, թէ ինչպէ՛ս Քեսապի գրաւումէն ետք դարձած էր «կէս մարդ»` թէ՛ ֆիզիքապէս, թէ` հոգեպէս: Ցաւն ու պատերազմները միացուցած էին զանոնք, եւ Արտակը դարձած էր հարազատ ու եղբայր:
– Արտա՛կ, ի՜նչ լաւ եղաւ Սուրիոյ պատերազմէն ետք փոխադրուեցայ Հայաստան, քեզի պէս լաւ ընկեր ու եղբայր ձեռք բերի:
Իսկ Արտակը քմծիծաղով կ՛ըսէր.
– Հա՛, շա՛տ լաւ ես առել, եկել «Քովիտ» ու թոքաբորբ ընկել:
Ֆլոյտի արդարութեան հաստատման լուրը Նարէին պարգեւեց ժպիտ եւ կարճ ժամանակով շեղեց ուշադրութիւնը «Քորոնա»-էն ու թոքաբորբէն:
Կը հաշուէր «Քորոնա»-էն ձերբազատելու մնացած օրերը. անոր միակ զբաղումը հեռախօսն էր: Չէր կրնար աշխատիլ կամ համալսարանի թեզին պատրաստութեան աշխատանքը շարունակել:
22 ապրիլ 2021: Անոր հեռախօսը անընդհատ կը զնգար` տեղեկացնելու, որ մայր հայրենիքի մէջ եւս խառն ու տխուր իրավիճակ կը տիրէ:
Համացանցի էջերուն վրայ տեղադրուած նիւթերը աչքէ կ՛անցընէր, եւ ուշադրութիւնը գրաւեց Շուռնուխի բնակիչ, ազատամարտիկ Արարատ Աղաբէկեանի ձերբակալութեան տեսանիւթը, որ ցնցած էր համացանցը եւ մեծ թիւով քաղաքացիներ: Արարատը երեք պատերազմ տեսած ու ապրած ազատամարտիկ էր, չարաբաստիկ նոյեմբերի յայտարարութեան ստորագրութենէն ետք, մինչ օրս ոչ յստակ հանգամանքներով, արեան գնով պահուած հողեր զիջուած էին թշնամիին` Ազրպէճանին: Արարատի տունը կը գտնուէր Շուռնուխ գիւղին մէջ` թշնամիին զիջուած տարածքներուն վրայ:
Արարատ, չհանդուրժելով ու չհաշտուելով այդ մտքին հետ, որ թուրքը պիտի պղծէ իր տունը, իր ձեռքերով վառած էր զայն:

Նարէն թաց աչքերով կը դիտէր Արարատի ձերբակալութեան տեսանիւթը ու յիշողութեամբ գնաց 2 մարտ 2014, երբ Թուրքիոյ տարածքներէն ռմբակոծում սկսած էր ծննդավայրին` Քեսապի վրայ: Վերջինը ինք լքած էր իրենց տունը, մայրը ուղղուած էր մեծ հօր ու մեծ մօր տունը, իսկ հայրը` Քեսապի Սեւ Աղբիւր գիւղ, ծանօթի մը ու անոր զաւակին օգնութեան հասնելու փութացած էր… Բոլորով պիտի բռնէին գաղթի ճանապարհը` դէպի Լաթաքիա: Ան տան դրան առաջ կանգնած` չէր կրնար շարժիլ, երբ լսեց հօր ձայնը.
– Նա՛րէ, վերջ տուր, մինչեւ իջնես, մեր տուն պիտի հասնին, եւ գերի պիտի մնանք, վե՛րջ տուր:
Նարէն, դրան առջեւ կանգնած, կը մտածէր, թէ քանի մը ժամէն, գուցէ քանի մը վայրկանէն ո՛վ պիտի պղծէր իրենց տունը…Վերջին նայուածք սեւեռեց տան, ու թաց աչքերով ձգեց ու հեռացաւ:
Ազատամարտիկին տունը լքելու ցաւը ծանօթ էր Նարէին, Արարատը, երբ տունը հրկիզած էր, ցաւի պոռթկումը արտայայտած էր` հայհոյանքներ հնչեցնելով: Ամիսներ ետք, տունը կորսնցնելէ ետք, կարգ մը «իրաւապահ մարմիններ» ազատամարտիկը ձերբակալած էին որպէս կասկածեալ` «խուլիկանութիւն» գործելու յանցանքով:
Գործին մանրամասնութիւնները տակաւին յստակ չէին հանրութեան: Սակայն իրաւական երկրին մէջ երկու դիմակաւոր «վախկոտ տղամարդեր» ազատամարտիկը նուաստացնելով ու քաշքշելով` կ՛ուղղէին քննիչին սենեակը:
Ազատամարտիկը ծնրադիր, խեղդուած ձայնով կը կանչէր. «Թոքաբորբ եմ, ես ի՞նչ կապ ունեմ էս ամէն ինչի հետ». բայց ի զուր, շղթայուած ձեռքերով քաշքշելով` հասցուցած էին զայն քննիչին սենեակը, ուր հեւալով ու դողացող ձայնով ըսաւ. «Թոքաբորբ եմ, մեռնում եմ, ցա՛ւդ տանեմ»:
Գլխուն մէջ ձայները խառնուած էին, կը լսէր Ֆլոյտին ձայնը` «Չեմ կրնար շնչել» ու Արարատին ձայնը` «Թոքաբորբ եմ, մեռնում եմ ցաւդ տանեմ»:
Անոր արիւնը կ՛եռար. ի՞նչ խիղճով մեր արժանապատուութեան գոյատեւման մարտերու մասնակցած ազատամարտիկին հետ այս տեսակի վերաբերմունք ունեցան: Կը մտածէր` երկու «դիմակաւոր տղամարդոց» դիմակի տակ երկու հայե՞ր պահուըտած էին, թէ՞… Իսկ եթէ հայ էին, ի՞նչ խիղճով, թէկուզ` «կասկած» ունենալու պարագային, ինչպէ՞ս կարելի էր նուաստացնել ազատամարտիկն ու առհասարակ քաղաքացին` արհամարելով մարդկային ու իրաւական ամէն տեսակի արժէք եւ իրաւունք:
Կը մտածէր` ի՞նչ երեսով պիտի կարենար ու կարենայինք նայիլ ազատամարտիկին աչքերուն մէջ: Որոշեց «ջայլամի խաղը» խաղալ, չլսել լուրեր ու չհետեւիլ տեսանիւթերուն: Զայրոյթով մէկդի նետեց հեռախօսը ու փորձեց դասերով շեղել միտքը: «Սահմանադրական իրաւունք»-ի յաջորդ դասանիւթերը սկսաւ կարդալ, երբ ուշադրութիւնը գրաւեց Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան երրորդ յօդուածը` «Հայաստանի Հանրապետութիւնում մարդը բարձրագոյն արժէք է»: Կը մտածէր` այդ ե՞րբ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ մարդը դադրած էր «բարձրագոյն արժէք» ըլլալէ, եւ թոյլատրելի դարձած էր զայն նուաստացնել, քաշքշել ու հաշուեյարդարի առարկայ դարձնել…
Չէր ուզեր ատելու պատիւը տալ դիմակաւոր «վախկոտ տղամարդոց», կը մտածէր ազատամարտիկին մասին, որ երեք պատերազմ տեսնելէ ետք, տունը կորսնցնելէ ետք կառչած մնացած էր հայրենի հողին, Սիւնիքի հողին` ապրելով սահմանամերձ դարձած Շուռնուխ գիւղին մէջ:
Նարէն կը մտածէր հօր խօսքերուն մասին. «Կը խոստովանիմ, որ վեց տարիներ առաջ, որպէս տեղահանութիւն ապրած քեսապցի, շատ լաւ կը զգամ տուն կորսնցուցած մեր հայրենակիցներուն ցաւն ու տառապանքը. անզօր ըլլալով զանոնք ամոքել` կը տառապինք ես ու համագիւղացիներս` երեւակայելով, նախատեսելով ու սակայն մերժելով աւելի վատը»:
Է՜հ, Նարէն որքա՜ն կարօտցած էր իր հայրը, ինք տեղափոխուած էր Հայաստան, իսկ հայրն ու մայրը մնացած էին Քեսապ, մտքով կը խօսէր հօր հետ.
– Պապա՛, ես ալ` որպէս տեղահանութիւն ապրած քեսապցի, շատ լաւ կը զգամ մեր հայրենակիցներուն ցաւը. պա՛պ, հայրենիքի հանդէպ իրենց ուժն ու սէրը տեսնելով` չեմ կրնար չհարբիլ իմ հայրենիքովս, վիրաւոր հայրենիքովս. տուեալ պահուն շատ կը տխրիմ, սակայն չեմ կրնար չմտածել ու չերազել այն ուժեղ Հայաստանին մասին, ուր «մարդը բարձրագոյն արժէք է», հաշուեհարդարի գործիք չէ, ուր քաղաքացիին անվտանգութիւնը սրբութիւն է.. ու միայն այդ օրը ես համարձակ կրնամ նայիլ ազատամարտիկի աչքերուն մէջ…
Երեւան, 22 ապրիլ 2021