Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայաստան» Դաշինքի Առաջնորդները Հանդիպում Ունեցած Են Գեղարքունիքի Մարզի Քաղաքացիներուն Հետ

Յունիս 5, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի երկրորդ նախագահ, «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Ռոպերթ Քոչարեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան եւ «Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Վահէ Յակոբեան հանդիպում ունեցած են Սեւանի խմբակիցներուն հետ:

Ըստ Ռոպերթ Քոչարեանի, վերջին քանի մը ամսուան ընթացքին կտրուկ աւելցած է երկրէն մեկնող եւ չվերադարձողներուն թիւը. 4 ամսուան ընթացքին բացասական համեմատութիւնը կազմած է 80 հազար հոգի: Նման ցուցանիշներ Հայաստանի մէջ եղած են 90-ականներու սկիզբը: Ասիկա արդէն կը կոչուի ապաբնակեցում` փախուստ: «Եթէ երկրին մէջ ամէն ինչ լաւ է, ինչո՞ւ կը փախչին: Ուրեմն չեն վստահիր այս իշխանութեան: Այս վիճակը փոխելու միակ առիթը իշխանափոխութիւնն է», յայտարարած է «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդը:

Իշխան Սաղաթէլեան նշած է, որ Գեղարքունիքը Հայաստանի այն մարզերէն է, որ պատերազմէն ետք դարձած է սահմանամերձ, եւ մարզը կը զգայ վտանգը, որովհետեւ թշնամին հասած է Վարդենիսի մատոյցները: Ինչ կը վերաբերի վարչապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատարի` բանավէճի հրաւէրը չընդունելուն, ըսաւ. «Դաւաճանի ու յանձնուողի հետ բանավիճելու որեւէ նիւթ չունինք»:

Վահէ Յակոբեանը, իր կարգին, ընդգծած է, որ Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մարզերու բնակիչները աւելի ուժգին կը զգան անվտանգութեան հարցի լրջութիւնը: Անոնք պէտք է ըլլան աւելի գիտակից եւ հասկնան, թէ ո՛ր խումբը ի վիճակի է լուծելու անոնց անվտանգութեան հարցերը:

Նախորդը

Քոփիրքին. «Ռուսիա Դաշնակցային Պարտաւորութիւններու Ծիրին Մէջ Էական Ներդրում Ունի Հայաստանի Անվտանգութեան Ապահովման Իմաստով»

Յաջորդը

Ռուսիան Կը Մասնակցի Սէուտական Արաբիոյ Առաջին Հիւլէական Ելեկտրակայանի Շինարարական Աշխատանքներու Մրցումին

RelatedPosts

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Հայկական

Կալուզին. «Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Վերջնական Հաշտութիւնը Պէտք Է Ստորագրուի Մոսկուայի Մէջ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ
Գլխաւոր լուրեր

Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?