Սիւնիքի մարզ կատարած աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին հանդիպում ունեցաւ Սիւնիքի մարզպետ Մելիքսէթ Պօղոսեանի հետ:
Կողմերը քննարկեցին Հայաստանի հարաւային շրջանին մէջ տիրող իրավիճակը, ներառեալ` իրավիճակը սահմանամերձ հատուածներուն մէջ: Դեսպանը ընդգծեց, որ Ռուսիա, իր պարտաւորութիւններու կատարման ծիրին մէջ, ներդրում ունի եղբայրական Հայաստանի անվտանգութեան ապահովման մէջ: Ըստ Քոփիրքինի, պիտի աւելցուին ռուս սահմանապահ զօրքերու անձնակազմի թիւն ու տրամադրուած նիւթական եւ թեքնիք միջոցները` անոնց գործունէութիւնը ապահովելու համար:
Զրոյցին ընթացքին քննարկուեցան Սիւնիքի մարզի եւ Ռուսիոյ կառոյցներուն միջեւ համագործակցութեան ներկայ մակարդակը եւ զանոնք ընդլայնելու հեռանկարները: Քննարկուեցան Սիւնիքի մարզի ընկերային-տնտեսական զարգացման արդիական հարցերը: Դեսպանը հաստատեց, որ Ռուսիա պիտի շարունակէ աջակցիլ մարզի տնտեսական ներուժի օգտագործման, ներառեալ զբօսաշրջութեան մարզի ներուժը: