Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Դէպի Հայրենիք Եւ Դէպի Սփիւռք Մտահոգութիւնները Հաւասարակշռելը Հրամայական Է. Նոր Յարացոյցի Որդեգրումը Անհրաժեշտ Է» Կ՛ըսէ Փրոֆ. Հայկ Օշական

April 10, 2021
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` ուրբաթ, 9 ապրիլի երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի 27-րդ առցանց լսարանը: Դասախօսն էր փրոֆ. Հայկ Օշական: Նիւթ` «Սփիւռք. ինքնութիւն եւ վերադարձ»: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:

Փրոֆ. Օշական նախ յստակացուց, որ դասախօսութիւնը ակադեմականէն աւելի մտահոգութիւններու տեսական-դիտական  ներկայացում մըն է այսօրուան սփիւռքեան իրավիճակին:

Ան հաստատեց, որ սփիւռքի դէպի հայրենիք վերադարձ չկայ` նկատի ունենալով թուային պատկերը եւ սփիւռքեան ժամանակի վրայ տարածուող իրականութիւնը: Սփիւռքի ժամանցելիութեան տեսութիւնը կազմուած է սփիւռքի հիմնադիրներու մտածողութեան հիման վրայ, ինչպէս նաեւ` կուսակցութիւններու ազգայնական գաղափարախօսութեան:

Հայկ Օշական ցոյց տալով «Ազդակ»-ի առցանց լսարանը ընդգծեց, որ այժմ, երբ աշխարհի տարբեր երկիրներէ աւելի քան 40 մտաւորականներ նոյն հարթակին վրայ կը քննարկեն բոլորը յուզող խնդիրները, այդ կը նշանակէ, որ աշխարհագրական միջավայրը այս պարագային երկրորդական է:

Սփիւռքի մնայուն ըլլալու հանգամանքը շեշտելէ ետք, դասախօսը հաստատեց, որ սփիւռքի քարտէսին վրայ յարափոփոխ տեղաշարժեր կ’արձանագրուին: Եթէ գաղութ մը կը տկարանայ, այլ գաղութ մը կ’ուժեղանայ մարդոց հոսքին իբրեւ հետեւանք:

Մեր հաւաքական մօտեցումը չէ նպաստած սփիւռքի զարգացման: Կը նշմարուի լճացում: Եւ անհրաժեշտութիւնը կայ նորացուած ազգայնականութիւն մը ձեւաւորելու: Ազգայնականութիւն մը, հայեցակարգ մը, որ Հայաստանի Հանրապետութեան խնդիրները կարեւոր նկատելու առընթեր կարեւոր նկատէ նաեւ սփիւռքի խնդիրները: Իսկ այս առումով ազգի գաղափարը կամրջող հանգամանք կրնայ ունենալ` նկատի ունենալով մանաւանդ այն, որ ազգի համրանքին երեք չորրորդը Հայաստանի Հանրապետութենէն դուրս կ’ապրի:

«Դէպի հայրենիք եւ դէպի սփիւռք մտահոգութիւնները հաւասարակշռելը հրամայական է: Նոր յարացոյցի որդեգրումը անհրաժեշտ է», եզրակացուց փրոֆ. Հայկ Օշական:

Դասախօսութեան հետեւեցաւ բանավէճ-քննարկում` մասնակցութեամբ սփիւռքագէտներու, հասարակական գործիչներու եւ վերլուծական կեդրոններու ղեկավարներու:

 

Նախորդը

Արմ-Մոնօ Եւ Մենաթատրոնի Ընկալման Թուաբանական Ձեւաւորումի Փորձ

Յաջորդը

Կամք-Երեսփոխանական Գրասենեակ. Դեղերու Յանձնում` Դարմանատուներու

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն  Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական  Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.