Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առանց Նիկոլի Ընտրութիւններ

March 23, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ

Անհայրենիք Նիկոլ Փաշինեան՝ Ազգային ժողովի ուսապարկերու խմբակցութեան եւ ընդդիմութեան միւս ուժերուն հետ յետ ձեւական խորհրդակցութեանց, իր անհատական, ընտանեկան եւ քաղաքական աթոռակռիւի հաշիւներէն մեկնած, ըստ երեւոյթի յարմար կը նկատէ 20 յունիսին կազմակերպել համապետական արտահերթ ընտրութիւններ, եւ ոչ թէ, ինչպէս որ կը ձեւացնէ, երկիրը ներկայ անելանելի իրավիճակէն դուրս բերելու համար։ Յանկարծ չապրինք այդ խաբկանքը, որովհետեւ այսօր փաստօրէն Հայաստանի թիւ մէկ խնդիրը ներազգային թէ միջազգային առումով նոյնինքն Փաշինեանի բռնատիրական, ապազգային, ամբոխավարական եւ դաւաճանական քաղաքական վարքագիծն է, անոր յարափոփոխ, այլամերժ եւ վրէժխնդիր նկարագրային գիծերն են, որոնք աւեր գործեցին վերջին 2,5 տարուան ընթացքին Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Այնպէս որ Նիկոլին հետ արտահերթ ընտրութիւններ կը նշանակէ ազգային յաւելեալ վարկաբեկում, յաւելեալ ողբերգութիւններ, տարածքային կորուստներ, քաղաքական անկայունութիւն եւ պատերազմական սպառնալիքներ: Իշխանատենչ Նիկոլ Փաշինեանի արտահերթ ընտրութիւններ կազմակերպելու միակ դրդապատճառը իր անձնական PR-ն է, թէկուզ խաբուսիկ եւ բխրուն սակայն վերստին քաղաքական որոշ օրինականութիւն մը վաստակել է, այդ ալ, կը կարծենք, թէ Հայաստանի արժանապատիւ քաղաքացիները միանշանակ կը մերժեն:

Եթէ համապետական արտահերթ ընտրութիւններու կայացումով Նիկոլ Փաշինեան կ’ենթադրէ ժողովուրդին մօտ վերականգնել որոշ օրինականութիւն, կարենալ շարունակելու համար իր քաղաքական անհեթեթ եւ ազգակործան դերակատարութիւնը հայկական քաղաքական իրականութեան մէջ, ան չարաչար կը սխալի, եւ կը նշանակէ, թէ ինք ժողովուրդին լաւ չի ճանչնար: Նախ որովհետեւ մէկ կողմէ ան ամբաստանուած է պաշտօնապէս երկրի կործանման եւ Արցախի յանձնման իբրեւ գերագոյն դաւաճան, եւ միւս կողմէ՝ մերժուած եւ հրաժարականը պահանջուած քաղաքական գործիչ, երկրի նախագահի, բանակի հրամանատարութեան, զոյգ կաթողիկոսներու, քաղաքական բոլոր կուսակցութիւններու, սփիւռքի բոլոր հայրենակցական, քաղաքական եւ բարեսիրական միութիւններու կողմէ, նոյնիսկ իր խմբակիցներու, որոնք, ինչ-ինչ հաշիւներէ մեկնած, առ այժմ լուռ կ’անցնին Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ կատարուած դաւաճանութեան եւ երկրին մէջ շարունակուող ելեւմտական-ռազմաքաղաքական յանցագործութեանց կապակցաբար, սակայն անոնք անպայման կը գիտակցին կացութեան ահաւորութեան, ուստի, վստահաբար, իրենց խօսքը պիտի ունենան արտահերթ ընտրութիւններու ընթացքին վերջ մը պիտի դնեն իրենց արժանապատիւ եւ խիզախ կեցուածքով վերջ մը պիտի դնեն երկրի արիւնահեղութեան, կործանման եւ Արցախի անվերադարձ կորուստին:

Այդ իսկ պատճառով, անկախ այն արդար հարցադրումներէն եւ վճռորոշ հանգամանքներէն՝ արտահերթ ընտրութիւններու կապուած, թէ Նիկոլի Ազգային ժողովին մէջ սահմանադրութեամբ նախատեսուած հրաժարականէն ետք ան վարչապետի պաշտօնակատարի կարգավիճակին վերապահուած սահմաններուն առընթեր, թէ իրողապէս ի՞նք պիտի հսկէ ընտրական գործընթացին, թէ՞ իր կողմէ վերանշանակուած ընտրական Կեդրոնական մարմինը, երկրորդ՝ ո՞վ պիտի հակակշռէ Նիկոլին եւ իր կողմէ կատարուելիք ընտրակեղծիքները, պետական բոլոր լծակներու չարաչար օգտագործումը, քաղաքական բռնի միջոցները եւ ճնշումները, սորոսականներու եւ արեւմտեան որոշ հիմնադրամներու կողմէ տրամադրուելիք խոշոր գումարները՝ ի նպաստ Նիկոլի քարոզարշաւին եւ ընտրութեան, որպէսզի նիկոլիզմը գոյատեւէ Հայաստանի մէջ, քանզի կը թուի, թէ տակաւին Նիկոլը յանձնարարութիւններ ունի կատարելիք, կ՛երեւի կան տարածքներ, որոնք պէտք է յանձնուին թուրք ազերիներուն: Ահա թէ ինչո՛ւ այնչափ վիրաւորական եւ նուաստացուցիչ է համակերպիլ այն փաստին եւ միտքին հետ, որ տակաւին հողատու եւ դաւաճան Նիկոլ Փաշինեանը պատկերացնել դերակատարներէն մէկը քաղաքական իրականութեան մէջ, ինքնին քաղաքական տհասութիւն է, ռազմաքաղաքական վտանգաւոր փորձութիւն է, միջազգային հանրութեան առջեւ ազգային խայտառակութիւն է, որովհետեւ ազգովին գործ ունինք մէկու մը հետ, դարձեալ պիտի կրկնենք, որ առ այսօր ոչ միայն ամբաստանուած է ազգային պետական դաւաճանութեամբ, այլեւ կը շարունակէ դաւադրաբար տակաւին խաթարել Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը, ազգային արժանապատուութիւնը եւ անվտանգութեան երաշխիքները: Այս մարդը, ըստ էութեան, չ՛ուզեր հասկնալ, որ այլեւս իրեն համար հայկական իրականութեան մէջ քաղաքական եւ բարոյական փրկութիւն չկայ, սուտասաններու եւ դաւաճաններու երկիր չէ Հայաստանը, նոյնիսկ եթէ առ այսօր որոշ զանգուածներու մօտ տակաւին առկայ են որոշ կարծրատիպեր, հիներու եւ նորերու, սեւերու եւ սպիտակներու լոզունքներու կապակցաբար:

Այս մարդը, ըստ էութեան, չհասկցաւ, որ այլեւս Հայաստանի մէջ իր ապազգային, թրքաբարոյ ու աժան ամբոխավարութիւնը պիտի չաշխատի եւ անկախ իւրաքանչիւր երկրի քաղաքացիներու քաղաքական նախասիրութիւններէն, անձնական խնդիրներէն, կարծրատիպերէն, շինծու լոզունքներէն, անհատական կիրքերէն եւ շահերէն, իրապէս Հայաստանի մէջ այդքան ալ պարզ եւ հանդուրժելի պիտի չըլլայ ազգային պետականութեան դաւաճանութեամբ պաշտօնապէս ամբաստանուածի մը եւ իրողապէս հողեր յանձնած քաղաքական գործիչի մը, այս պարագային Նիկոլի կողքին քաղաքականօրէն կողմնորոշուիլը 20 յունիսին:

Թրքաբարոյ քաղաքական այս գործիչը այդպէս ալ չհասկցաւ անկախ ներկայ հակասական ժամանակներէն, տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական զարգացումներէն, նոր պատերազմներու սպառնալիքներու առկայութենէն, ի տես թուրք ազերիական բազմաթիւ զինավարժութիւններէն եւ երկրին մէջ տիրող տնտեսական ողբալի իրավիճակէն եւ տարատեսակ քաղաքական իրադարձութիւններուն առընթեր, որ իրեն նկատմամբ տակաւին սերունդներ ամբողջ ապագային զինք պիտի յիշեն իբրեւ այն օտարամոլ գործիչը, որ պատճառ դարձաւ երկրի փլուզման, բանակի կազմաքանդման, Արցախի յանձման եւ հայ ժողովուրդի արժանապատուութեան խորտակման:

Սերունդներ ամբողջ պիտի չներեն զինք, պիտի չմոռնան 10,000 քառ քմ.-ի յանձնումը, աւելի քան 6000 զոհերը, անյայտ կորսուածները, վիրաւորներն ու ռազմագերիները, սերունդներ ամբողջ, որոնք պիտի զարգացնէին, ծաղկեցնէին եւ պաշտպանէին հայ ժողովուրդի երազը, հայրենիքը, իրենց ընտանիքները եւ վերջապէս արժանապատիւ մեր հաւաքական կեանքը ու միացեալ, ազատ, անկախ եւ ամբողջական Հայաստանի մը կորիզը հանդիսացող Զանգեզուրն ու Շուշին:

Անհայրենիք Նիկոլ Փաշինեանը այդպէս ալ չհասկցաւ, որ ինք անխուսափելի եւ անվիճելիօրէն հայոց պատմութեան մէջ մտաւ իբրեւ գերագոյն հողատու եւ դաւաճան: Հետեւաբար, ոչ մէկ համապետական արտահերթ կամ այլ տեսակի ընտրութիւններ պիտի կարենան զինք փրկել, պիտի կարենան ապահովել եւ պարգեւել քաղաքական եւ բարոյական օրինականութիւն, որպէսզի ինք կարենայ իրաւունք ունենալ քաղաքականօրէն գոյութիւն ունենալու հայկական քաղաքական դաշտին մէջ իբրեւ դերակատար, այլ ինք պարզապէս պէտք է դուրս գայ հայկական քաղաքական դաշտէն եւ ինքզինք յանձնէ առաջին հերթին Հայաստանի հանրապետութեան արդարադատութեան, ապա՝ հայ ժողովուրդի գերագոյն դատաստանին:

Բա՛ւ է ալ սուտերով եւ կեղծիքներով անմեղ, անտէր եւ նիւթապէս անմխիթար ամբողջ զանգուածներ չարաչար խաբես, օգտագործես, մեղսակից դարձնես դաւաճանական վարքագիծդ եւ բռնի ուժով եւ պետական լծակներով պատանդ բռնես:

Բա՛ւ է ալ մշտապէս դուն քեզ փորձես արդարացնել եւ պաշտպանուիլ իբր թէ որոշ զանգուածներու համակրանքը եւ վստահութիւնը տակաւին կը վայելես եւ առանց ամչնալու կը յայտարարես որ ժողովուրդը զիս ընտրեց եւ եթէ ժողովուրդը որոշէ եւ պահանջէ, որ ես հեռանամ, ապա կը հեռանամ…

Բա՛ւ է ալ, 2018-ին հայ ժողովուրդը Նիկոլ Փաշինեան չընտրեց որպէսզի Արցախը եւ Հայաստանը թուրքերուն յանձնէ, 2018-ին հայ ժողովուրդը Նիկոլ Փաշինեան չընտրեց, որպէսզի ազգային բոլոր հաստատութիւնները կազմաքանդուին՝ դպրոց, եկեղեցի, բանակ, պետական համակարգը, իսկ ազգային արժանապատուութիւնը խորտակուի:

Այնպէս որ անհայրենիք Նիկոլ Փաշինեանը ի՛նչ ալ ընէ, կամ ինչ ալ ուրիշներ փորձեն ընել իրեն համար, ո՛չ սորոսականները, ո՛չ միջազգային մութ ուժերը, ո՛չ արեւմուտքը, ո՛չ արեւելքը, ո՛չ ալ Նիկոլ Փաշինեանի ամբողջ Հայաստանի տարածքով տուն-տուն այցելութիւնները, թաղ-թաղ տեսակցութիւնները, գիւղ-գիւղ հանդիպումները բռնի ուժով եւ պետական լծակներով խեղկատակ մարզային հաւաքները զինք պիտի փրկեն պատմութեան աղբանոցէն, որովհետեւ խորքին մէջ Նիկոլ Փաշինեան քաղաքականօրէն հայ ժողովուրդի յիշողութեան եւ պատմութեան մէջ ոչ եւս է:

Ուրիշ խօսքով, հայ ժողովուրդը պարտաւոր է Հայաստանով, Արցախով եւ սփիւռքով իր ճակտին վրայ Նիկոլ Փաշինեանի պատճառած մուրը մաքրելու, Արցախի պարտութեան պատճառ հանդիսացող եւ 9 նոյեմբերի յանձնուողական տխրահռչակ յայտարարութիւնը ստորագրող Նիկոլ Փաշինեանը ազգովին մերժելու եւ արտահերթ ընտրութեանց երթալու առանց Նիկոլի՝ նախ որովհետեւ ռազմաքաղաքական եւ երկրի անվտանգութեան նոր փորձութիւն է ինքնին Նիկոլի ներկայութիւնը քաղաքական դաշտին մէջ, ապա ազգային միասնականութեան ու դիմադրողականութեան ապառնալիք եւ ազգային արժանապատուութեան մեծ ամօթ եւ խայտառակութիւն է բոլորիս համար անխտիր:

Ուստի, այո՛, առանց Նիկոլի Հայաստան:

23 Մարտ 2021

Նախորդը

Արցախին Համար, Եւ Ի Խնդիր Սփիւռքի Մէջ Մեծ Համարկման

Յաջորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.