Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախին Համար, Եւ Ի Խնդիր Սփիւռքի Մէջ Մեծ Համարկման

March 23, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Պարտութեան յաղթահարման, այլեւ պահանջատիրական պայքարի վերադարձին ազդանշանը տրուեցաւ Պուէնոս Այրէսի մէջ, ուր, առաւել, ազգային/համայնքային վերանորոգման այլ էական գործընթացի մը սկիզբ տրուած է:

Ինչպէս ամենուրեք Սփիւռքի համայնքներուն մէջ, Արցախեան քառասունչորսօրեայ պատերազմին պարտութիւնը, Նոյեմբեր 9-ի նուաստաստացուցիչ եռակողմանի յայտարարութիւնը եւ հայկական հողատարածքներու ամօթալի յանձնումը իշխանութեան վրայ մնալու յամառող ապիկար իշխանութեան կողմէ շոքային ազդեցութիւն ունեցաւ Հարաւային Ամերիկայի հայութեան վրայ՝ Արժանթինի, Ուրուկուայի, Պրազիլի եւ Չիլէի մէջ: Քառասունչորսօրեայ համայքային զօրաշարժը հաւատալով որ «ՅաղթելուԵնք» պատգամը առնուազն կը վստահեցնէր արժանապատիւ դիմադրութիւն մը եւ թշնամիի նպատակներու ձախողումը, յանկարծ տեղի տուաւ խորը հիասթափութեան, հայրենի իշխանութիւններու կողմէ խաբուած ըլլալու լուռ ընվզումին եւ ապագայի անորոշութեան: Հարաւային կիսագունգդի ամառը անցաւ առանց եւ ոչ մէկ նախաձեռնութեան, բայց համայնքային կազմակերպութիւններու միջեւ մշտական կապով, խոհրդակցական հանդիպումներով եւ այն հաստատ համոզումով որ պարտութեան հետեւանքներուն հետ հաշտուիլը բացառուած է եւ պահանջատիրութիւնը՝ ի խնդիր Արցախի ճանաչման եւ ընդդէմ Ցեղասպանի փանթուրականութեան հաստատագրման:

Առաջին նշանը տուին Հայ Օգնութեան Միութեան «Յասմիկ» մասնաճիւղն ու Արժանթին հաստատուած հայաստանցի հայրենակիցներու ԱՐԱՄԱ համախմբումը: Աշնան առաջին օրը, Մարտ 21-ին, երկու կազմակերպութիւնները Արմենիա փողոցի հայկական հաստատութիւնները համախմբող հատուածին մէջ կազմակերպեցին տօնավաճառ, որ, սպասելիօրէն, անուանեցին Վերնիսաժ: Իր տեսակին մէջ աննախընթաց այս ձեռնարկը ոչ միայն մեծ արձագանգ գտաւ համայնքէն ներս այլ նաեւ անոր անդրադարձաւ արժանթինեան մամուլը որպէս «հայերու նախաձեռնած զօրակցական տօնավաճառ»: Ցուցադրուած ապրանքներու վաճառքէն թէ անհատ նուիրատւութիւններէ գոյացած գումարը պիտի տրամադրուի եւ ուղղակի փոխանցուի Արցախի պատերազմէն տուժած ընտանիքներուն: Ուղղակի ժողովուրդին, կը շեշտէ կազմակերպողներէն մէկը, առանց միջնորդներու եւ ամէն ինչ արձանագրուած եւ թափանցիկ, գիտակից որ տեղի պիտի չտալ վստահութիւնը խախտող եւ ոչ մէկ երեւոյթի:

Համայնքէն ժողովուրդին, Սփիւռքէն ժողովուրդին, առանց քաղաքական միջամտութեան, առանց քաղաքականացման փորձի:

Պատերազմէն տուժած ժողովուրդին մարդասիրական օժանդակութիւնը կոնկրետ ծրագիրն է: Բայց պատգամը մէկ է, ինչպէս պաստառին վրայ կը կարդացուի՝ «Կը ճանչնամ Արցախի անկախութիւնը»: Մատնահետքերը ստորագրութիւնն են անոնց որոնք մօտեցան սեղանին ուր ՀՕՄ-ը տեղադրած էր այդ պաստառը եւ հաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը: Տօնավաճառին ամենէն աւելի ժողովրդականութեան արժանացած սեղաններէն մէկը…

Այդ պատգամը՝ Արցախի ճանաչումը բոլորիս յանձնառութիւնն է: ՀՕՄ-ի մասնաճիւղին եւ ԱՐԱՄԱյի այս նախաձեռնութիւնը առաջինն է միայն համայնքային զօրաշարժի վերադարձին: Առանձին կազմակերպութիւններ, թէ համայնքի բոլոր հաստատութիւնները համախմբած IARA-ի ծրագիր որ համայնքին անունով կը գործադրուի, վճռակամութիւնը կայ ետին ձգելու պարտուողականութիւնը: Շուշին Շուշի է, երբեք Շուշա պիտի չըլլայ: Եւ Շուշին «տժգոյն ու տխուր քաղաք» չէ եղած, ոչ ալ պիտի ընդունինք որ ըլլայ:

Ամբոխավար ճառերը միշտ կը յիշեն Չարենցն ու իր պատգամը հայ ժողովուրդի հաւաքական ուժին մասին որպէս միակ փրկութիւն: Գործնականին մէջ այնքան ալ ականատես չենք եղած անոր: Արցախեան շարժման «Միացո՛ւմը» այդ հազուագիւտ պահերէն էր: Անով առաջին պատերազմի յաղթանակը կերտուեցաւ, հայրենի հողերը ազատագրուեցան: Հայրենի քաղաքական խայտաբղէտ իրավիճակը հակապատկերն է անոր: Թերեւս Սփիւռքի մէջ փորձենք այդ գործնական քայլը տալ: ԱՐԱՄԱյի ծնունդը հետեւանք է քառասունչորսօրեայ պատերազմին Արժանթինի հայ համայնքին, այն որ պատմական Սփիւռք է, եւ անկախութենէն յետոյ Հայաստանէն հիմնականօրէն սոցիալ-տնտեսական պատճառներով Սփիւռքի հարաւային ծայրամաս հասած եւ հաստատուած գաղթականութեան մը աննախընթաց մերձեցման: Աննախընթաց՝ որովհետեւ այդ գաղթականութիւնը ինչ-ինչ պատճառներով չէր մօտենար համայնքային հաստատութիւններուն, մաս չէր կազմեր հաւաքական նախաձեռնութիւններուն, բացի անշուշտ բացառութիւններէ: Ահա այդ բացառութիւնները, աւելի ճիշդը՝ բացառիկ պայծառատես անձերը, բանալի դեր խաղացին ստեղծելու համախմբումը եւ այդ ձեւով մասնակցելու IARA-ի համայնքային հանդիպումներուն:

Ինչ որ տեղի ունեցաւ/կ’ունենայ հայութեան զարգացման նոր եւ ամենաանհրաժեշտ գործընթացն է՝ հայրենիք-Սփիւռք համարկում: Այդ մէկը Սփիւռքը տասնամեակներ ամբողջ երեւակայած էր որպէս հայրենադարձութիւն, որուն յաջողութիւնն ու ձախողութիւնը էր, է եւ պիտի մնայ քննարկումներու նիւթ: Եւ թերեւս այդ հայրենադարձութեան զօրաւոր իղձը Սփիւռքին մանաւանդ թոյլ չէր տուած հասկնալու որ «մէկ ազգ, մէկ հայրենիք, եւ մէկ, մէկ, մէկ…»երու լոզունգները կը թաքցնէին «մրրկաւ զատուած» ազգի մեր երկու հատուաղներու միջեւ փոխ-հասկացողութեան եւ մշակութային փոխաբերութեան անհրաժեշտութիւնը: Ինչ որ սոցիալական գիտութիւններու մէջ ծանօթ է որպէս համարկում: Ի դէպ, այդ յղացքը սփիւռքեան գոյավիճակին մէջ, եւ կը գրեմ հիմնուած Արժանթինի հայ համայնքէն ներս ծաւալած բանավէճերու միտք ի բանին նկատի ունենալով, հակադրուած է «ուծացում», «ձուլում», «ճերմակ ջարդ» եւ նման ուրուականներու, որոնք յաճախ կը յատնուին հրապարակախօսութիւններու մէջ: Համարկումը կը վերաբերէր ապրած երկիրներու հասարակութեան հետ հաղորդակցութիւն որպէս հակաթէզ ինքնափակ համայնքներու կեթթոյացման: Այդ համարկումը, կամ անոր իրողութիւն ըլլալու գիտակցութիւնը ի զօրու է տակաւին: Բայց, ահաւասիկ սեղանի վրայ կը դրուի հայրենիք-Սփիւռք համարկումի մարտահրաւէրը, որ կը թուի թէ իր առաջին յաջողութեան քայլերը տալու սկսած է Պուէնոս Այրէսի մէջ: Եւ կը խօսինք յարաբերաբար փոքրաթիւ համայնքի մը մասին: Այդ համարկման մեծ փորձադաշտերը անկասկած Հիւսիսն են՝ Գալիֆորնիա, Ֆրանսա… Եւ վստահ որ գործընթացը տեղի կ’ունենայ: Կարեւորը՝ անոր գիտակցիլն ու այն Սփիւռքի մէջ քաղաքական մտածողութեան վերածելն է:

Այս խորհրդածութիւնը պաստառին յանձնելով չեմ կրնար չնշել ընկերուհի Claudia Chatsadourian / Թորգոմեանին՝ շնորհակալութիւն յայտնելու համար մտածումի թռիչքը խթանած ըլլալու համար: Գլաուտիային մտայղացումն էր Արցախի ճանաչման այս իւրայատուկ նախաձեռնութիւնը:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ-ի Տղոց Խումբին Առաջին Մրցակիցը` Մութթահետ

Յաջորդը

Առանց Նիկոլի Ընտրութիւններ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.