Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ի խորոց սրտի խօսք Հոգելոյս Մեղրիկ Սրբազանէն՝ «Պզտիկուց պարտք մը ունիմ քեզի սիրելի՜ տոքթոր»

Փետրուար 23, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Հոգելոյս Մեղրիկ եպիսկոպոս Բարիքեանը 2014-ին տասը տարի բծախնդ-րօրէն կատարելէ ետք Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովուական ծառայութիւնը՝ Քանատայի հայոց թեմին առաջնորդ ընտրուեցաւ  թեմին երես-փոխանական ժողովին կողմէ: Ան իր շատ սիրած Ս. Աստուածածին եկեղեցին ու անոր հաւատացեալ ժողովուրդը  ձգելով՝  հաստատուեցաւ թեմին Մոնթրէալի առաջնորդարանին մէջ: Մոնթրէալ հաստատուելէն երկու ամիս ետք, ժամադրութեամբ, տիկնոջս՝ էլիզապէթին հետ շնորհաւորական այցելութեամբ հանդիպեցանք իրեն: Սրբազանը  մեզ ընդունեց առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, ուր յայտնեցինք մեր շնորհաւորութիւնները իր ընտրութեան առթիւ: Ունեցանք սերտ խօսակցութիւն եւ կարծիքներու փոխանակում: Այդ օրերուն «Բժիշկին Գ. խօսքը» եւ «Բժիշկին Դ. խօսքը» գիրքերս պատրաստ էին տպարան յանձնուելու, սակայն չէին գրուած անոնց յառաջաբանները: Մեր խօսակցութեան ընթացքին տեղեակ պահեցի զինք այս երկու գիրքերուն մասին: Ան փափաքեցաւ տեսնել գիրքերը:

Յաջորդ օր այցելեցի անոր եւ մեքենագրուած երկու գիրքերս յանձնեցի:  Քանի մը վայրկեան թղթատելէ ետք ըսաւ.

«Սիրելի՛ տոքթոր, ես պիտի գրեմ այս գիրքերուն յառաջաբանը»:

Ես անակնկալի եկայ իր սրտաբուխ առաջարկէն եւ շուտով պատասխանեցի.

«Շնորհակա՛լ եմ սրբազան ձեր այս մտածումին համար: Ինծի համար մեծ պատիւ է հարստացնել գիրքերս ձեր յառաջաբանով»:

«Սիրելի՛ տոքթոր Հարպոյեան, ես պզտիկուց պարտք մը ունիմ քեզի հանդէպ, տարիներէ ի վեր այդ պարտքս չեմ կատարած, հոգիս զիս կը տանջէ, գիրքերուդ յառաջաբանը գրելով հոգիս պիտի հանդարտի եւ պարտքս վճարած պիտի ըլլամ»:

Շաբաթ մը ետք ան հեռաձայնեց եւ իմացուց, որ երկու գիրքերուն նոյն յառաջաբանը գրած է եւ խնդրեց, որ առաջնորդարան հանդիպիմ եւ կարդամ իր գրած յառաջաբանը: Յաջորդ օր այցելեցի իրեն եւ կարդացի գրութիւնը: Շշմեցայ, երբ կարդացի, որովհետեւ յառաջաբանին մէջ ընդգծելէ ետք հատորներուն կարեւորութիւնը եւ իմ գովքս հիւսելէ ետք մէջբերած էր ինծի վերաբերող  յուշ-պատմութիւն մը, զոր ես բոլորովին մոռցած էի: Ահաւասիկ այդ յուշ-պատմութիւնը.

«Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան։ Կամ՝ «Տոքթ. Հարպոյեան»։ Այսպէս ճանչցած եմ զինք, տակաւին 1977-ին, 9 տարեկանէս սկսեալ։

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տաք օրերուն, կազմած էր «ԾՆԾՂԱՅ» մանկապատանեկան երգչախումբը, որուն մաս կը կազմէին նաեւ «Տիկին Հարպոյեան»-ը (այսպէս գիտէինք) եւ իրենց աղջնակը՝ Դալարը։ «Տոքթորն» ալ յաճախ Էշրէֆիէի «Ազատամարտ» ակումբին մէջ ներկայ կը գտնուէր փորձերուն եւ տարօրինակօրէն կը ճանչնար իւրաքանչիւր երգող աղջիկ ու տղայ։ Փորձերու աւարտին յաճախ օրիորդ Ալիս Գազանճեանին հետ «շաքար-շոքոլա» կը հրամցնէր եւ տիկին Հարպոյեանին հետ անօրինակ գուրգուրանք կը տածէին իւրաքանչիւր մանուկի նկատմամբ, մանաւանդ համեստ ընտանիքներու զաւակներուն։

Բայց հետեւեալ դէպքը զինք առաւել եւս «մեծցուցած էր աչքիս»՝ որպէս «շա՜տ բարի մարդ»։ Լսած էի, որ օր մը «ԾՆԾՂԱՅ»–ի մանուկներէն մէկը, մօրը հետ բժիշկի կ՚երթայ, մօրը չափազանց անհանգստութեան պատճառով, որովհետեւ կորսնցուցած էր իր 21-ամեայ զաւակը։ Երբ բժիշկին քով կը մտնեն, տոքթ. Հարպոյեանը կը ճանչնայ մանուկը, կը գնահատէ անոր անխափան մասնակցութիւնը փորձերուն եւ քննելէ ետք հիւանդը, ախտանշումը կատարելով՝ բոլոր դեղերը կը տրամադրէ. իսկ պատուոյ գինը կը մերժէ առնել, մանուկին մօրը ըսելով.

– Ես պատիւ կը զգամ, որ ձեր զաւակը հայ երաժշտութեան կը ծառայէ։ Ռումբերուն տակ անոր փորձերուն մասնակցութիւնը աւելի կ՚արժէ, քան իմ կատարածս։ Աստուած հետերնիդ ըլլայ։ Ոեւէ ատեն երբ պէտք ունիք ինծի, ես պատրաստ եմ։

Այս պատմութիւնը լսած էի այդ պատանիէն։ Լսած էի նաեւ, որ անոնք երբ բժիշկի գացած էին, վստահ չէին, որ իրենց ունեցած գումարը պիտի բաւէ դեղերուն գնման համար»:

Տեղեկանալէ ետք այս յուշ-պատմութեան մասին՝ հետաքրքրութիւնս արթնցաւ, եւ ուզեցի գիտնալ այդ հիւանդ մանչուկին ո՞վ ըլլալը: Ուստի խօսքս երբազանին ուղղելով՝ հարցուցի.

«Սիրելի՛ Մեղրիկ սրբազան, կը յիշե՞ս այդ մանչուկին ով ըլլալը, այսինքն՝ անոր անունը եւ մականունը»:

Այդ վայրկեանին անոր աչքերը արցունքով յորդեցան, քար լռութեան մատնուեցաւ, ոտքի ելաւ, մօտեցաւ ինծի եւ ճակատէս համբուրելով ըսաւ.

«Սիրելի՛ տոքթորս, այդ մանչուկը ես էի: Այդ օրուընէ ի վեր ես առիթը չէի ունեցած իմ շնորհակալութիւնս յայտնել քու այդ ազնիւ վերաբերմունքիդ համար, մեծ պարտք մը ունէի քեզի հանդէպ: Ահա այսօր այդ պարտքս մատուցանեցի: Հոգիս եւ խիղճս այլեւս հանդարտ են»:

Իմ ալ աչքերս թրջեցան, կոկորդս չորցաւ եւ չկարողացայ խօսիլ:   Ես նեղ կացութեան մատնուած՝ յուզումով պատասխանեցի.

«Սիրելի՛ սրբազան, ես այս պատմութիւնը բոլորովին մոռցած էի: Ինչ որ ըրած եմ այդ օր  նուազագոյն պարտականութիւն մըն էր քեզի եւ ծնողքիդ հանդէպ: Շնորհակալ եմ, որ ճիտիդ պարտքը գիրքերուս հրատարակութեան առթիւ կատարած պիտի ըլլաս»:

Գիրքերս լոյս տեսան 2015-ին՝ Մեղրիկ սրբազանին յառաջաբանով: Անոնց շնորհահանդէսը կատարուեցաւ Մոնթրէալի, Լաւալի, Լոս Անճելըսի եւ Պէյրութի մէջ:

Կարօ Բարիքեան՝ վերէն առաջին շարքի ձախէն երկրորդը, 1977

Հոս տեղին է յիշել, որ ես Մեղրիկ սրբազանը ճանչցած եմ իր մանկութեան:  1977-ին Պէյրութի մէջ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան երաժշտական թեքնիք յանձնախումբը կազմակերպեց «Ծնծղայ» մանկապատանեկան երգչա-խումբը՝ ղեկավարութեամբ Վաչէ Պարսումեանի: Մեղրիկ սրբազանը, աւա-զանի անունով Կարօ Բարիքեան, երգչախումբի  անդամ էր: Ես՝ որպէս Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անդամ կը հետեւէի  երաժշտական յանձնախումբին աշխատանքներուն եւ ներկայ կ’ըլլայի երգչախումբին փորձերուն: Կարօ Բարիքեանին ծանօթացած էի երգչախումբի փորձերուն առիթով: Ան լուրջ, բարի եւ խելացի մանչուկ մըն էր: Ան ունէր ճշգրիտ ականջ եւ գեղեցիկ ձայն:  «Ծնծղայ»-ն վեց ամիսներու փորձերէ ետք հանրութեան ներկայացուց ճոխ յայտագիրով երգահանդէսներու շարք մը: Այդ երգահանդէսներուն Կարօն իր անուշիկ ձայնով մեներգեց՝ Ռ. Մելիքեանի «Մանուկն ու ջուրը» երգը, որ արժանացաւ ունկնդիրներուն բուռն ծափահարութեան:

Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ   հոգաբարձութիւնը   1 յունիս 2014-ին կազմակերպած էր երգահանդէս մը՝ կատարողութեամբ՝ «Նոր Ծաղիկ» երգչախումբին ի պատիւ Մեղրիկ եպիսկոպոս Բարիքեանի առաջնորդ ընտրուելուն:

«Նոր Ծաղիկ» երգչախումբը այդ օր պատուեց նորընտիր առաջնորդը յատուկ եւ կոկիկ յայտագիրով մը: Յայտագիրի կիսուն սրբազանին անակնկալ եղաւ իր մանկութեան 1977-ին Պէյրութի Համազգայինի «Ծնծղայ» երգչախումբին մէջ երգած «Մանուկն ու ջուրը» երգին ունկնդրութիւնը: Մեղրիկ սրբազան յուզուած շնորհաւորեց «Նոր Ծաղիկ»-ի խմբավար՝ տիկին Էլօ Հարպոյեանը այս անակնկալին համար եւ ըսաւ՝

«Տիկին Էլօ՛, այս պահուս զիս տարիք  մանկութեանս եւ «Ծնծղայ» երգչախումբի անուշ տարիներուն: Հետաքրքիր եմ գիտնալ՝ ո՞վ արձանագրած էր երգս  եւ մինչեւ օրս պահած էր այդ արձանագրութիւնը որպէս գանձ: Կ՛ենթադրեմ  արձանագրողը եւ պահողը ձեր ամուսինը՝ յարգելի տոքթ. Հարպոյեանն է»:

«Այո՛ սրբազան, ամուսինս՝ Կարպիսը արձանագրած է 1977-ին եւ մինչեւ օրս խնամքով պահած է այդ արձանագրութիւնը»:

Մեղրիկ սրբազան՝ ինծի ուղղելով խօսքը, ըսաւ. «Շնորհակալ եմ տոքթո՛ր այս անակնկալին համար: Ենթադրութիւնս ճիշդ ելաւ»:

Մեղրիկ եպիսկոպոս Բարիքեան վախճանեցաւ 16 յունուար 2021-ին, Պէյրութ, Լիբանան:

Շա՛տ սիրելի Մեղրիկ սրբազան, երթդ բարի: Հանգչէ խաղաղ, որովհետեւ մեկնեցար պարտքդ կատարելէ ետք: Երանի անոնց, որոնք կը մեկնին անպարտ:

Յարգա՛նք քու մեծ, բարի եւ խոնարհ հոգիիդ:

Մոնթրէալ, 20 փետրուար 2021

 

Կարօ Բարիքեան՝ վերէն առաջին շարքի ձախէն երկրորդը, 1977

 

Նախորդը

Մարդը Եւ Քարիզմաթիկ-Հրաշաձօն Ղեկավարը (Հոգելոյս Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանի վախճանման քառասունքին տխուր առթիով)

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Նեթց Յաղթական` Լոս Անճելըսի Մէջ. Հարտեն Նշանակեց 37 Կէտ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?