Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Տարի Է Չինաստանի Եւ Ասիոյ Մէջ

Փետրուար 20, 2021
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Մէկուկէս ամիս առաջ մենք արդէն տօնեցինք մեր Նոր տարին: Սակայն չինացիները եւ Մերձաւոր Արեւելքի բազմաթիւ երկիրներ, ինչպէս` Քորէա եւ Վիեթնամ, իրենց Նոր տարին սկսան տօնել 12 փետրուարին, սակայն այդ Նոր տարուան տօնակատարութիւնները տակաւին տեղի կ՛ունենան եւ վերջ պիտի գտնեն մէկ շաբաթ ետք` 26 փետրուարին, լապտերներու փառատօնով:

Չինական Նոր տարին միշտ տեղի կ՛ունենայ յունուար 21-ի եւ փետրուար 20-ի միջեւ: Ան կը  նշէ ձմրան պաղ օրերու վերջաւորութիւնը եւ գարնան վերադարձը: Այս առիթով տուները կը զարդարուին կարմիր լապտերներով եւ զարդարանքներով: Չինացիները այս գոյնը բախտաբեր կը համարեն:

* * *

Նոր Տարին Չինաստանի Մէջ

Նոր տարուան օրը կը կոչուի նաեւ «Աքլորին օրը» կամ «Առաջին առտուան սկիզբը»: Այդ օրն է, որ կը սկսին Նոր տարուան տօնի օրերը, որոնք պիտի տեւեն տասնհինգ օր:

Նախօրեակին, մեծ ընթրիքի մը շուրջ հաւաքուած կ՛ըլլայ ընտանիքը: Հրամցուած իւրաքանչիւր ճաշ ունի իր կարեւոր խորհրդանշական արժէքը: Կէս գիշերին ընտանիքը պայթուց կը պայթեցնէ` գէշ ոգիները հեռացնելու համար: Այդ գիշեր պզտիկները կը ստանան իրենց կարմիր պահարանները, որոնք կը պարունակեն փոքրիկ գումար մը:

Չինական Նոր Տարուան
Տօնական Առաջին 8 Օրերը

Չինական Նոր տարուան տօնակատարութիւնները  կը տեւեն 15 օր, սակայն առաջին ութը օրերը ամէնէն կարեւորն են, անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր խորհրդանշական անունն ու սովորութիւնը:

– Առաջին օրը` աքլորի օր: Այս առաջին օրը ճանչցուած է նաեւ իբրեւ «Առաջին առտուան սկիզբը»: Քաղաքին փողոցներուն մէջ տեղի կ՛ունենան վիշապի մեծ կերպարներու պարեր` յառաջացնելով մեծ աղմուկ:

– Երկրորդ օրը` շունի օր: Այս օրը ճանչցուած է նաեւ «Փեսային ընդունելութիւն» անունով: Սովորութիւն է այցելել տանտիկինին ծնողքին: Այդ օրը, բոլոր հրամցուած ճաշերը բուսական են:

– Երրորդ օրը` խոզի օր: Այս օրը ճանչցուած է նաեւ «Մուկին ամուսնութեան» անունով: Ըստ սովորութեան, պէտք է ուտելիքներ նուիրել տան մուկերուն, հանդարտեցնելու համար «մուկի ոտքերով աղջկան» ոգին, որուն ըստ աւանդութեան, նեղացուցած էր ածխավաճառ մը:

– Չորրորդ օրը` ոչխարի օր: Այս օրը շատ կարեւոր է, որովհետեւ ան կը նշէ չինական աստուածներուն տուն վերադարձը: Տան անդամները բազմաթիւ նուէրներ կը պատրաստեն զանոնք ընդունելու համար:

– Հինգերորդ օրը` եզի օր: Այս օրն է, որ մարդիկ կը հաւաքեն Նոր տարուան զարդարանքները:

– Վեցերորդ օրը` ձիու օր:

– Եօթներորդ օրը` խնդացող մարդու օր:  Այս օրը յատկացուած է երկարակեցութեան: Ամբողջ ընտանիքը կը հաւաքուի ճաշի սեղանին շուրջ` բոլոր անդամներուն երկարակեցութեան համար աղօթելով:

– Ութերորդ օրը` վիշապի օր: Այս օրն է, որ տեղի կ՛ունենայ վիշապներու պարը: Իւրաքանչիւր խումբ կը շինէ թուղթէ հսկայական վիշապ մը, որուն մարմինը կը բաժնուի պամպուի եղէգներով: Ան կրնայ 8-10 մեթր երկայնք ունենալ: Անոր գլուխը յաճախ շատ աւելի մեծ կ՛ըլլայ մարմինէն եւ մինչեւ 10 քիլօ կրնայ կշռել: Վիշապներու այս դիտարժան պարը շատ մեծ ժողովրդականութիւն ունի:

Լապտերներու Օրը

Լապտերներու օրը կը տօնուի տասնհինգերորդ օրը. ան կը նշէ չինական Նոր տարուան տօնակատարութիւններու աւարտը: Ան լոյսի տօնն է:

Իրիկուան մարդիկ կը տողանցեն փողոցներուն մէջ` ձեռքերնին բռնած չինական օրացոյցի 12 անասուններու պատկերներով զարդարուած կարմիր կլոր լապտեր մը: Տօնակատարութիւնները վերջ կը գտնեն մեծ հրախաղով մը:

Գիտէի՞ր Թէ

 Եզի Տարին

Գիտէի՞ր, թէ չինական օրացոյցը ունի իրեն յատուկ 12 խորհրդանշական անասուններ: Իւրաքանչիւր տարի ունի իրեն յատուկ խորհրդանշական անասունը: Սակայն ուրկէ՞ եկած են անոնք:

Ըստ աւանդութեան, Ճէյտ կայսրը պալատ կը հրաւիրէ անասունները եւ կը յայտարարէ, թէ անոնցմէ իւրաքանչիւրին պիտի ճշդէ տարի մը` ըստ իրենց ժամանումի կարգին:

Եզը առաջինը կը հասնէր պալատ, մինչ առնէտը` դիմելով հնարքի մը, անկէ կը խնդրէ զինք կռնակին վրայ առնել: Սակայն, երբ անոնք կը հասնին պալատին առջեւ, առնէտը կը ցատկէ եզին կռնակէն եւ պալատ կը հասնի անկէ առաջ: Այս ձեւով է, որ եզը կը դառնայ պալատ հասնող երկրորդ անասունը: Անոր կը հետեւին վագրը, նապաստակը, վիշապը, օձը, ձին, այծը, կապիկը, աքլորը, շունը, խոզը:

Հետաքրքրական

Չինական Օրացոյցը

Չինական օրացոյցը գոյութիւն ունի աւելի քան 5000 տարիներէ ի վեր: Տարիներու ընթացքին միայն շատ փոքր փոփոխութիւններ կատարուած են անոր մէջ: Ան գլխաւորաբար լուսնային օրացոյց մըն է, որ պատշաճեցուած է եղանակներուն:

Սովորական չինական տարի մը ունի 12 ամիսներ, որոնցմէ վեցը, երբեմն եօթը, երկար կ՛ըլլան: Տարին կը տեւէ 354, երբեմն ալ 355 օր: Անոր ամիսները հիմնուած են լուսնի շրջանին վրայ:

* * *

Ինչպէ՞ս կը գործէ չինական տարին

Չինական օրացոյցը միշտ եղանակներուն հիմամբ կը գործէ: Չինական Նոր տարին կը սկսի գարնան եւ կը բաղկանայ 12 ամիսէ: Ամէն երեք տարին անգամ մը կ՛աւելցուի ամիս մը, սակայն այս ամիսը յստակ տեղ մը չունի: Ան կը հաշւըուի եւ կ՛աւելցուի ամէն տարի` ըստ եղանակներուն: Այդ հաշիւները շատ խրթին են, սակայն անոնք միշտ կարելիութիւնը կու տան հետեւելու եղանակներու հոլովոյթին եւ Նոր տարին զուգադիպեցնելու գարնան ժամանումին հետ:

Այս ձեւով`

– Գարնանային գիշերահաւասարը միշտ տարուան երկրորդ ամսուն մէջ կու գայ.

– ամառնային արեւադարձի օրը միշտ տարուան հինգերորդ ամսուն մէջ կու գայ.

– աշնանային գիշերահաւասարը միշտ ութերորդ ամսուն մէջ կու գայ.

– իսկ ձմեռնային արեւադարձը միշտ տարուան տասնմէկերորդ ամսուն մէջ կու գայ.

Իսկ 13-րդ ամիսը անուն չունի: Ան կ՛առնէ իրեն նախորդող ամսուան անունը:

Կերպընկալէ Անիւներէ Շինուած
Արձաններ

Չինական Միչուան նահանգէն երեք չինացիներ, տեսնելով մեծ քանակով գործածուած կերպընկալէ անիւներ` լքուած տարբեր քաղաքներու մէջ, մտածած են զանոնք գործածել եւ երկրորդ կեանք մը տալ անոնց:

 

Չինացիները այս անիւները գործածած են շինելու անասուններու հսկայական արձաններ: Այս արձաններէն ամէնէն տպաւորիչը 8 մեթր երկայնք ունեցող վիշապի արձանն է, որ շինուած է 1000 անիւներով: Անոր կողքին կանգնած է 3.5 մեծ հասակ ունեցող Քինկ Քոնկի մը կերպարը: Այս երեք չինացի բարեկամները մտադրած են այս ձեւով ստեղծել չինական օրացոյցի 12 անասուններէն իւրաքանչիւրը ներկայացնող արձան մը:

Ժամանց
Կէտերը իրարու միացուր 1-70 յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող եօթը տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել հովահարին հասցնող ճամբան:
Ներկէ` հետեւելով թիւերուն:
– Կապոյտ` 3-ի բոլոր բազմապատիկ թիւերը
– Կանաչ` 4-ի բոլոր բազմապատիկ թիւերը
– Կարմիր` 5-ի բոլոր բազմապատիկ թիւերը
– Դեղին` 6-ի բոլոր բազմապատիկ թիւերը
Նախորդը

Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէի Ընտրութիւններ. Վաւերացուեցան 21 Թեկնածուներ` 25 Փետրուարին Տեղի Ունենալիք Ընտրութիւններուն Համար

Յաջորդը

Արժեւորուած Կեանքը (Վաղամեռիկ Կարօ Սվաքճեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

RelatedPosts

Ի՞նչ Են Շաքարին Ազդեցութիւնները Մեր Մարմնին Վրայ
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Են Շաքարին Ազդեցութիւնները Մեր Մարմնին Վրայ

Յուլիս 12, 2025
Ամառ Է.  Տաքէն Պաշտպանուինք
Մանկապատանեկան

Ամառ Է. Տաքէն Պաշտպանուինք

Յուլիս 5, 2025
Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ
Մանկապատանեկան

Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ

Յունիս 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?