Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արժեւորուած Կեանքը (Վաղամեռիկ Կարօ Սվաքճեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Փետրուար 20, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԳԱԿԻՐ ՄԸ` Կ. Ա.

«…Մահը մերն է, մենք մահինը,
Մարդու գործն է միշտ անմահ:

Գործն է անմահ, լա՛ւ իմացէք,
Որ խօսւում է դարեդար:
Երնէ՜կ նըրան, որ իր գործով
Կ՛ապրի անվերջ, անդադար»:

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ

Հայ ժողովրդային բանահիւսութեան մէջ Յովհաննէս Թումանեանի «Թմկաբերդի առումը` երկրորդ գլուխ գործոցը կը նկատուի «Անուշ»-էն ետք: Այս դիւցազներգութեան հիմնական գաղափարը մարդու գործի անմահութեան խորհուրդն է: Յովհաննէս Թումանեան այս վիպերգութիւնը գրած է 1902 թուականին` այցելելէ ետք Թմկաբերդ (Թմուկ բերդ, միջնադարեան ամրոց Ջաւախքի մէջ) եւ վէպին մէջ պատմական բնոյթ տալէ բացի` արծարծած է լաւ ու բարի գործի անմահութեան գաղափարին մասին: Թումանեանի մտահոգութեան առանցքը կազմած է մարդ արարածին լաւ գործը, որ անմահութեան հասնելու միակ երաշխիքն ու ճանապարհն է: Ան հերոսներու մարմնաւորած դերերուն ճամբով յստակ պատգամ մը կը յղէ, որ` այս կեանքը ժամանակաւոր է, ինչո՞ւ վատ գործեր կատարել, պէտք է միայն յիշուիլ լաւ գործով, որ մարդկային է եւ դէպի անմահութիւն կ՛առաջնորդէ:

Հայ մշակոյթի ջահակիր, տաղանդաւոր սրնգահար վաղամեռիկ Կարօ Սվաքճեանի կարճատեւ կեանքի օրինակը որքա՜ն կը համընկնի Յ. Թումանեանի «Թմկաբերդի առումը» վէպին մէջ արծարծուած հիմնական գաղափարին` մարդու լաւ գործի անմահութեան: Ցաւ ի սիրտ, լիբանանահայ գաղութի տխուր տերեւաթափին մաս կազմեց նաեւ նուիրեալ հայորդի Կարօ Սվաքճեանը:

Ան ծնած է 1980-ին եւ կրտսեր զաւակն է Եղիա եւ Ժանեթ Սվաքճեաններու: Ան հասակ նետած է հայաշունչ եւ քրիստոնէական յարկի տակ, ուր գերակշռող եղած են հաւատքն ու աղօթքը: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Վահան Թէքէեան վարժարանին մէջ, ապա իր ուսումը շարունակած է Պէյրութի Հայ աւետարանական քոլեճին մէջ: Կանուխ տարիքէն յաճախած է Սրբոց Վարդանանց կիրակնօրեայ դպրոց եւ Հայ առաքելական հոգեւոր եղբայրակցութիւն:

Ան ամուսնացած է բանասէր եւ ջութակահար Մարինա Առնէլեանին հետ եւ բախտաւորուած է մէկ աղջիկ եւ մէկ մանչ զաւակներով:

Հայ երաժշտութեան հանդէպ իր ունեցած սէրը առաջնորդած են իր քայլերը Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճ` ուսուցիչ ունենալով վաստակաւոր սրնգահար Զաքար Քէշիշեանը: Այնուհետեւ իր երաժշտական ուսումը կատարելագործած է Լիբանանի պետական երաժշտանոցին մէջ եւ աւարտած` բոլոր տեսակի սրինգներու բաժանմունքը:

Այնուհետեւ ան, իբրեւ սրինգի ուսուցիչ, սկսած է պաշտօնավարել Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցին մէջ` մեծ սիրով եւ նուիրուածութեամբ: Իր ուսուցիչին` Զաքար Քէշիշեանին իսկ վկայութեամբ, ան նուիրումով փարած էր իր աշխատանքին եւ հպարտութիւն էր տեսնել զինք բեմերէն եւ հեռատեսիլի կայաններէն:

Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» քոլեճի եւ լիբանանահայ գաղութի մշակութային ձեռնարկներուն մնայուն մասնակցութիւն կը բերէր եւ սատար կը հանդիսանար բոլոր ձեռնարկներու յաջողութեան:

10-20  ապրիլ 2019-ին, Երեւանի «Սայաթ Նովա» երաժշտական դպրոցին մէջ տեղի ունեցան արուեստի «Վերածնունդ» միջազգային մրցում-փառատօնի լսումները, որոնց լարային գործիքներու կիթառի համոյթային խումբերու դասակարգին մէջ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի դասակարգին մէջ համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի կիթառահարներու համոյթը` ղեկավարութեամբ Մկրտիչ Միքայէլեանի գրաւեց պատուաբեր առաջին դիրքը: Այս համոյթին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ սրնգահար Կարօ Սվաքճեան:

Ի՜նչ հոգեգրաւ եւ հպարտալի երեւոյթ էր, երբ անցեալ տարի, համագործակցութեամբ տուտուկահար Րաֆֆի Չիլինկիրեանի եւ կիթառահար Յակոբ Փամպուքեանի, հիմնեց «Արմինիըն սոլ պենտ» երաժիշտներու նուագախումբը, եւ անոնք երեքով առաջին ելոյթով հանդէս եկան Լիբանանի «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի վաստակաւոր երաժիշտ Ղասսան Եամմինի «Միուզիքըլ» յայտագիրէն եւ Հայոց ցեղասպանութեան 105-ամեակին առիթով ներկայացուցին հայ մշակոյթի գոհարներ:

Ան նաեւ աջակցած է հոգելոյս Մեղրիկ սրբազանի աշխատակցած «Հայ մարդուն հոգեւոր երգարանը» հատորին կարգ մը հոգեւոր երգերուն նոթագրման աշխատանքին:

Իր կեանքի բնորոշ յատկանիշներն էին` համեստութիւնը, բարութիւնը, հայրենասիրութիւնը, լաւատեսութիւնը, յարգալիր վերաբերմունքը, որոնք զինք սիրելի դարձուցած էին իր շրջապատին, երաժշտանոցի պաշտօնակիցներուն, աշակերտներուն: Ան նաեւ հոգատար հայր էր իր զաւակներուն եւ ընտանիքի նուիրեալ հայորդի մը:

Իր վաղաժամ մեկնումը խոր սուգի մատնեց իր ընտանիքը, հարազատները, Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» քոլեճն ու լիբանանահայ երաժշտասէր հասարակութիւնը:

Կեանքի ի՛նչ զուգադիպութեամբ ան կեանքին հրաժեշտ տուաւ Ս. Յովհաննու Կարապետի տօնին օրը:

Կարօ Սվաքճեանի կարճատեւ, սակայն արժեւորուած կեանքը պիտի ապրի իր ընտանիքին, շրջապատին, աշակերտներուն եւ սերունդներու յիշողութեան եւ կեանքին մէջ:

Յարգա՛նք` քու վաստակիդ:

Հողը թեթեւ գայ վրադ:

 

 

Նախորդը

Նոր Տարի Է Չինաստանի Եւ Ասիոյ Մէջ

Յաջորդը

Տիգրան Գալայճեան (1973-2021) Մահուան Քառասունքին Առիթով

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ
Անդրադարձ

Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով
Անդրադարձ

Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?