Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2021-ի Երկրորդ Թիւը

February 18, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համացանցին վրայ կարելի է ընթերցել «Դրօշակ» ամսագիրի 2021 թուականի երկրորդ թիւը: Առաջին հայեացքէն իսկ հետաքրքրուողներուն համար պարզ կը դառնայ, որ ՀՅ Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթի ներկայ հրատարակութիւնը կը կրէ մեր անհանգիստ օրերու շունչը:

Հայ ժողովուրդի եւ Հայաստան երկրի համար տագնապալի ու հակասական քաղաքական համայնապատկերուն նուիրուած է պարբերականի յօդուածներուն զգալի բաժինը: Առկայ իրողութիւններու լուսաբանման նուիրուած է եւ «Դրօշակ»-ի առաջնորդողը:

Պատասխանելով պաշտօնաթերթի հարցումներուն՝ Հայաստանի ներազգային եւ ներքաղաքական իրողութիւններուն իր գնահատականը կու տայ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Արսէն Համբարձումեան: Խօսելով գործող իշխանութիւններու ապիկար ու անպատասխանատու կառավարման իբրեւ հետեւանք երկրին կրած մեծ կորուստներուն, ինչպէս նաեւ այսօր ալ ազգային հեռանկարին սպառնացող առկայ մարտահրաւէրներուն մասին Ա. Համբարձումեան կ՛անդրադառնայ ընդդիմութեան գործունէութեան, մասնաւորապէս վերջին շրջանին Դաշնակցութեան կողմէ իրականացուած ու իրականացուող գործերուն:

Հայաստանի ու Արցախի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն տարբեր տեսանկիւններէ, հետաքրքրական վերլուծութիւններով կ՛անդրադառնան քաղաքագէտներ Վահէ Սարգսեանը, Հրանտ Մելիք Շահնազարեանը եւ Վահրամ Էմմիեանը: Այս շարքը կը լրացնէ յայտնի ազգային-կուսակցական գործիչ հանգուցեալ Էդուարդ Յովհաննիսեանի 1981 թուականին «Դրօշակ»-ի մէջ հրապարակած «Զանգուածների ապստամբութիւն»-ը յօդուածով, որ զարմանալի, միաժամանակ տրամաբանական օրինաչափութեամբ այժմէական է նաեւ ներկայ քաղաքական որոշակի գործընթացներու մեկնաբանութեան առումով:

«Հորիզոն» թերթի անգլերեն, ֆրանսերեն յաւելուածներու եւ «Հորիզոն գրական» յաւելուածի խմբագիր Վիգէն Աբրահամեան կը քննէ Հայաստանի ներկայ ճգնաժամի հիմքերը՝ զանոնք յայտնաբերելով երկրի կառավարման համակարգի մէջ:

Փետրուարեան այս թիով «Դրօշակ»-ի խմբագրական կազմը բնականաբար չէր կրնար չանդրադառնալ Փետրուարեան ապստամբութեան յիշարժան եղելութեան, որուն հարիւրամեակը կ՛ամբողջանայ այս թիւի լոյս ընծայման օրը` փետրուար 18-ին: Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ արձանագրուած այս ճակատագրական իրադարձութեան նուիրուած են Վարդան Պետրոսեանի եւ Անի Մելքոնեանի յօդուածները: Յօդուածագիրները նաեւ զուգահեռներ կը գծեն մէկդարեայ անցեալի եւ ներկայ գործընթացներուն մէջ` լուսարձակի տակ բերելով անոնց նմանութիւնները եւ անհրաժեշտ դասերը:

«Պատմութեան լուսարձակ» խորագիրով Աւօ Գաթրճեան կ՛անդրադառնայ թերեւս շատ քիչերուն յայտնի եւ ցայսօր չլուսաբանուած հերոսական էջ մը՝ անցեալ դարու սկիզբին տեղի ունեցած հայ-թաթարական ընդհարումներու պատմութենէն:

Եզրափակելով այս թիւը՝ ընթերցողը ընկերական զրոյցի կը հրաւիրէ քանատահայ գրող եւ հրապարակախօս Վրէժ Արմէն Արթինեանը: Հետաքրքրական այս զրոյցի թեման ֆիզիքականէն վեր հոգեւոր ու ոգեղէն արժէքներն են, եւ այն, թէ գլխաւորը ինչի՞ համար կ՛ապրի մարդ, ինչ կ՛երազէ եւ յանուն ինչի կ՛ապրի հայը:

«Դրօշակ»-ի 2021-ի երկրորդ թիւը կրնաք կարդալ՝ այցելելով droshak.am հասցէ։

 

Նախորդը

Խմբագրական. Բագին 2020/3

Յաջորդը

Պայտըն Մտադիր Է Դադրեցնել Միացեալ Նահանգներու Երկարատեւ Զինուորական Գործողութիւնները

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.