Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Բագին 2020/3

Փետրուար 18, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պէյրութ։

Անուն մը, շարք մը այլ քաղաքներու անուններու կողքին, որուն կապուեցաւ աւազներէն չես գիտեր ինչ հրաշքով փրկուած ճակատագիրը մեր ժողովուրդին, ուր մոխիրներէն ծնանք կրկին իբրեւ հայութիւն, իբրեւ հայախօս հաւաքականութիւն, հայրենիքի երազը մեր աչքերուն։ Ակնարկ մը միայն Վահէ Թաշճեանի այս թիւին մէջ լոյս տեսնող յօդուածին եւ անոր ընկերացկող նկարներուն բաւարար է համոզուելու որ հարիւր տարի առաջուան քէմփերէն վերստին ոտքի կանգնած հայութիւնը հրաշքի համազօր փորձառութենէ մը անցած է։ Դժուար է այսօր պատկերացնել նաւերէն կամ աւազներէն հասած ու մահէն հազիւ թէ ճողոպրած, ամէն բան կորսնցուցած մարդոց յուսալքութեան ծայրագոյն վիճակը։ Թէ ինչպէս տասնեակ հազարներով այդ ամբոխը ձեւ առաւ, լեզու գտաւ ու հաւաքականութիւն դարձաւ կրկին, ահաւասիկ հրաշքը։ Պէտք էր փրկել երկրին երազը։

Մրջիւններու պէս կարծես ուժերը հաւաքուեցան, քսակները բացուեցան ու կամաց-կամաց, հաւաքաբար, հայութիւնը կրկին ծնաւ հիւրընկալող երկիրներու քաղաքներուն ու աւաններուն մէջ։ Գաղութները իրար կապուեցան հայակերտումի ընդհանուր ու հասարակաց տեսլականով մը։ Կարծես ամէն մարդ ինքնաբերաբար գիտէր թէ ինչ պէտք էր ընէր ու ինչ գործ կար ըլլալիք։ Եւ իսկապէս մէկ-երկու սերունդէն ոչ միայն գաղթականութեան թշուառ օրերը ամբողջովին անհետացած էին արդէն, այլ հայութեան նոր որակ մը ստեղծուած էր, կատարելապէս հայախօս ու բազմալեզու, պատրաստ ստեղծելու նոր գրականութիւն ու մշակոյթ։ Պատրաստ նաեւ դառնալու պահանջատէր։ Նոր որակի հայութեան մը երազը շօշափելի կը դառնար այստեղ հաւաքուած մարդուժով ու քաղաքին ընձեռած կարելիութիւններով։ Ահաւասիկ այս էր Պէյրութը որպէս տեսլական, որ կ՚երկարէր մինչեւ Հալէպ, Պաղտատ ու Թեհրան, ու իր յիշողութեան մէջ կը կրէր նաեւ Եգիպտոսն ու Պոլիսը, եւ որ իր ազդեցութիւնը կը շարունակէ զգացնել մինչեւ այսօր աշխարհի զանազան կողմերը հասած հայութեան բեկորներով՝ մինչեւ Հայաստան։

Պէյրութը նաեւ փողոցներն են՝ քաղաքէն մինչեւ Պուրճ համուտ ու լեռնալիբանանի լանջին փռուած արուարձանները, մինչեւ Այնճար, իր խանութներով, վաճառականներով, արհեստանոցներով, ակումբներով, դպրոցներով, եկեղեցիներով…։ Պէյրութը կեանքն է, որ հարիւր տարի է կը ճառագայթէ վիրաւոր հայութեան արցունքով ու լոյսով։ Բայց մանաւանդ յոյսով։ Կը ճառագայթէ մինչեւ հայրենիք։

Օգոստոսի Պէյրութի չարաղէտ պայթումին հետքերով, որոշեցինք Բագինի այս թիւին կարեւոր բաժին մը նուիրել Պէյրութին։

Նախորդը

«ՕԹԱՆ-ն Ու Թուրքիան «Էս-400»-ներու Շուրջ Ստեղծուած Տագնապի Լուծման Հարցին Մէջ Յառաջ Չեն Շարժիր» Կ՛ըսէ Սթոլթենպերկ

Յաջորդը

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2021-ի Երկրորդ Թիւը

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?