Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Շնորհաւորեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Պատմական Նուաճումը

February 11, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի փոխներկայացուցիչ Նաժաթ Ռուշտին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի կազմակերպութիւններուն աշխատանքները:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Թարեք Մաժզուպ, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց երկրի ամբողջական փակումին շրջագիծին մէջ նախարարութեան որդեգրելիք միջոցները` կազմակերպելու համար կրթական տարեշրջանը:

Հանդիպումէն ետք Մաժզուպ յայտնեց, որ նախարարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ 2020-2021 կրթական տարեշրջանը զուգընթաց` առցանց եւ ներկայութեամբ շարունակելու:

Նշենք, որ նախագահ Աուն շնորհաւորեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները` իրենց «Յոյսի անջրպետանաւ»-ով Հրատ հասնելու առիթով:

Ան հաստատեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն կատարածը պատմական նուաճում է:

Միւս կողմէ, նախագահական պալատը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ կարգ մը քաղաքական անձնաւորութիւններ եւ լրագրողներ կը շարունակեն օգտագործել այնպիսի բառամթերք, թէ հանրապետութեան նախագահը զիջումներ պէտք է կատարէ` կազմելու համար նոր կառավարութիւնը:

«Իրականութիւնը այն է, որ զիջումներու մասին խօսքը սահմանադրական իրաւունքներէ զիջելու մասին է, եւ հանրապետութեան նախագահը այդ իրաւունքներուն պաշտպանութեան յանձնառու է` նկատի ունենալով իր ազգային, սահմանադրական եւ Ազգային ուխտի պահպանումին պատասխանատուութիւնները: Այդ պատասխանատուութիւնները օր մը օրանց կարելի չէ նկատի ունենալ զիջումներու բառարանին մէջ, որովհետեւ անոնք ազգային սկզբունքներ են, որոնցմէ կարելի չէ հրաժարիլ` ինչ ալ ըլլան պայմանները: Եւ հակառակ մնայուն հերքումներուն, նախագահ Աունէն մէկ երրորդի իրաւունքէն հրաժարելու առումով ներկայացուած շարունակուող պահանջները ցոյց կու տան առարկայական պատճառաբանութիւններու սովը, ինչպէս նաեւ անբնական եւ տարօրինակ պատճառաբանութիւններու դուռ կը բանան, «Նոյնիսկ եթէ թռչի` այծ է» տարազին հիման վրայ», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

 

Նախորդը

Ռայի Պատրիարք. «Ներքին Լուծումները Ջրելու Քայլերը Մեզի Կը Մղեն Լիբանանը Փրկելու Համար ՄԱԿ-էն Օժանդակութիւն Խնդրելու»

Յաջորդը

Փարիզի Մէջ. Հարիրի Մաքրոնի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Արգելակող Ներքին Դժուարութիւնները

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.