Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պսակաձեւ Ժահրախտի Համաճարակը Մէկ Տարեկան

Փետրուար 8, 2021
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Տարի մը առաջ, 26 յունուար 2020-ին, գրած էի թագաժահրի եւ կամ պսակաձեւ ժահրի` Չինաստանի մէջ յայտնաբերումին եւ անոր  վտանգաւոր զարգացումներուն մասին: Այդ գրութեամբ անդրադարձած էի պսակաձեւ ժահրի հիւանդութեան պատմականին եւ անակնկալ, արագընթաց ու վտանգաւոր համաճարակի վերածուելու հաւանականութեան: Նոյնիսկ հաստատած էի, որ մարդկութիւնը կը գտնուի առողջապահական աննախընթաց պատերազմի մը` «Երրորդ համաշխարհային պատերազմի» առջեւ: Այդպէս եղաւ եւ ամբողջ աշխարհ տարիէ մը ի վեր դէմ յանդիման կը գտնուի պատմական աննախընթաց իրողութեան մը` համատարած պսակաձեւ ժահրի եւ անոր հիւանդութեան  համաճարակին դիմաց:

Թագաժահրի հիւանդութիւնը այդ թուականէն սկսեալ մինչեւ այսօր դարձաւ ամբողջ աշխարհի պատուհասը: Պսակաձեւ ժահրը կայծակի արագութեամբ հասաւ աշխարհի բոլոր ծայրամասերը: Եղան հարիւր միլիոնէ աւելի վարակեալներ, երկու միլիոնէ աւելի մահեր: Ան անդամալուծեց համայն մարդկութիւնը: Երկիրներ, քաղաքներ, գիւղեր եւ նոյնիսկ բնակարաններ արգելափակուեցան: Ստեղծուեցան` կեանքի նոր ապրելակեպ, նոր կենցաղ եւ նոր մտածելակերպ: Փոխուեցան ընկերութեան փոխյարաբերութիւնները, ժողովուրդներու ընկերային շարժումները, կրթական,  դրամատնային, առեւտրական  հաստատութիւններուն, գործարաններուն, օդանաւային ընկերութիւններուն, մշակութային եւ արուեստի կեդրոններուն գործելաձեւը: Տեղի ունեցան` համաշխարհային տնտեսական ծանր իրավիճակ, շրջափակում-արգելափակում, ճամբորդութիւններու առկախում, կրթական հաստատութիւններու փակում, գեղարուեստական-մշակութային ձեռնարկներու եւ կրթական համակարգի նորաձեւութիւն` առցանց ուսումնառութիւն, նոյնպէս` երգահանդէսներու, նուագահանդէսներու, ցուցահանդէսներու առցանց կատարում եւ ներկայացում: Ապրելակերպի նորաձեւութիւն մը պարտադրուեցաւ համայն մարդկութեան: Կեանքի նոր համակարգ մը ստեղծուեցաւ, որ պարտադրուեցաւ բոլորիս: Համակարգ մը, որ չխնայեց ոեւէ մէկը: Հարուստը աղքատին հետ, մեծը պզտիկին հետ, խելացին անմիտին հետ, ուսեալը տգէտին հետ, ճերմակամորթը սեւամորթին հետ կամայ-ակամայ ընդունեցին ապրիլ այս նոր համակարգին մէջ, որովհետեւ այլընտրանք չունէին: Այս ժահրը սահմաններ չէր գիտեր,  ան մտաւ ամէն տեղ` առանց արտօնագիրի: Ան աներեւոյթ թշնամի մըն էր, որ կը հարուածէր բոլորը: Ան շատ աւելի վտանգաւոր էր երեւելի թշնամիներէն:

Տարի մը առաջ, համաճարակի սկզբնաւորութեան, ամբողջ աշխարհի մէջ վարակուածներու թիւը 1500 էր, իսկ այսօր`  հարիւր միլիոնէ աւելի: Այդ օրերուն մահ չէր արձանագրուած, իսկ այսօր մահացածներուն թիւը անցած է 2 միլիոնը: Այս թիւերուն դիմաց մարդկութիւնը շուարած է, անճրկած եւ յուսահատ: Ամէն տեղ խուճապ եւ անորոշութիւն կը տիրէ ապագայի հաշուոյն: Գոյատեւելու պայքար մը կը մղուի ամբողջ մարդկութեան կողմէ պատերազմի մը դէմ, որ ռազմական չէ, այլ` ժահրային: Անկաշկանդ կը հնձէ միլիոնաւոր մարդոց կեանքը: Այսօր բոլորս կ՛ապրինք թագաժահրախտի արհաւիրքով: Ան մեր առօրեային մաս կը կազմէ: Շարունակ կը հետեւինք պետական եւ առողջապահական պատասխանատու անձնաւորութիւններու յայտարարութիւններուն: Մեծ յոյսով կը սպասենք լաւատեսութեան նշոյլներ:

Այս քստմնելի իրավիճակը նկատի ունենալով եւ հիմնուելով նոր տուեալներու վրայ` կ՛ուզեմ կրկին եւ մանրամասնօրէն անդրադառնալ առեղծուածային թագաժահրի եւ թագաժահրախտի մասին:

Թագաժահրախտը ժահրային հիւանդութիւն մըն է: Անոր յարուցիչը coronaviridae ժահրն է: Այս ժահրը առաջին անգամ տեսնուած է 1960-ին: Ան ունի թագի կամ պսակի (crown) կերպարանք եւ անոր corona անուանումը եղած է այդ իմաստով:

Թագաժահրը կը հարուածէ կովերը, խոզերը, հաւերը, ինչպէս նաեւ` չղջիկները, օձերը եւ շատ մը ընտանի անասուններ: Վարակումը այս անասուններէն մարդուն շատ դիւրին է անասուններով, հաւերով եւ օձերով խճողուած շուկաներու մէջ, ինչպէս նաեւ` մորթուած անասուններու վաճառման շուկաներու եւ սպանդանոցներու մէջ:

Թագաժահրը կ՛ապրի վարակեալին քիթին, կոկորդին, բերնին, խռչափողին, շնչափողին եւ թոքին մէջ, այլ խօսքով` քթախլնահեղուկին, լորձունքին, եւ շնչառական վարի խողովակներու խլնահեղուկին մէջ:

Թագաժահրը կը յառաջացնէ փորհարութիւն եւ շնչառական վերին ու վարի խողովակներու հիւանդութիւններ: Մարդիկ հազուադէպօրէն կը վարակուին թագաժահրով: Մարդոց սկզբնական վարակումը տեղի կ՛ունենայ վարակուած անասուններուն դպնալով եւ կամ անոնց կղկղանքին, մէզին եւ լորձունքին ենթակայ ըլլալով:

Թագաժահրերը, հակառակ մանրէներուն, մարմնէն դուրս  չեն բազմանար, սակայն երկար կ՛ապրին: Անոնք մարմնէն դուրս աւելի կ՛ապրին,  երբ շրջապատուած ըլլան լորձունքով եւ քթախլնային հեղուկով:

Թագաժահրը անձէ անձ կը փոխանցուի վարակակիրին օդին մէջ տարածած կաթիլիկներու (droplets) ներշնչումով: Վարակակիրը կաթիլիկները իր շուրջը կը տարածէ հազալով եւ փռնգտալով: Առողջ անձ մը նաեւ կը վարակուի,  երբ ան դպչի վարակեալին ձեռքերուն, երեսին եւ անոր գործածած իրեղէններուն, ուր տեղ գտած կ՛ըլլայ թագաժահրով հարուստ քթախլնային հեղուկը կամ լորձունքը: Վարակումը աւելի դիւրին կ՛ըլլայ նեղ, գոց եւ վատ օդափոխուող վայրերու մէջ, ինչպէս նաեւ` խճողուած, բազմամարդ հաւաքավայրերու մէջ, օրինակ` մարզասրահ, ժողովասրահ, համերգասրահ, երաժշտանոց, ճաշարան, մարզադաշտ, մեծ վաճառատուն, եկեղեցի եւ կամ  համագումարներու, նուագահանդէսներու, երգահանդէսներու եւ խրախճանքներու ընթացքին:

Թագաժահրի օդին մէջ տարածուիլը եւ կամ հեռաւոր տեղեր փոխադրուիլը տակաւին յստակ չէ, օրինակ` անոր տարածումը տան մէջ մէկ սենեակէ միւսը եւ կամ տան օդափոխման (ventilation) խողովակներու միջոցով:

Ժահրին փոխանցումը սննդեղէններու, կղկղանքի եւ մէզի  միջոցով չէ փաստուած մինչեւ օրս: Հակառակ այդ իրողութեան` շուկայէն գնուած բոլոր պտուղները եւ բանջարեղէնները լուալու ենք մաքուր ջուրով:

Թագաժահրախտը կը պատահի որեւէ մէկ տարիքի եւ որեւէ մէկ եղանակին, սակայն առաւելաբար` ամառ եղանակին: Թագաժահրը առաւելաբար կը հարուածէ տարեցները եւ մասնաւորապէս 70 տարեկանէն վեր, երկարատեւ եւ մնայուն հիւանդութիւն ունեցող,  ինչպէս նաեւ տկար ախտամերժութիւն (immunity) ունեցող անձերը: Երեխաները հազուադէպօրէն կը վարակուին թագաժահրէ:

Թագաժահրախտը ընդհանրապէս պարզ հարբուխի նշաններով կը յայտնուի: Սկզբնական ախտանշաններն են` քթահոսք, կոկորդացաւ, մեղմ ջերմ, դող, յոգնածութիւն, գլխացաւ, առաւել` փորի ցաւ, փսխունք եւ փորհարութիւն: Այս ախտանշանները կը տեւեն ընդհանրապէս քանի մը օր, եւ վարակեալը շուտով կ՛ապաքինի: Վարակեալներուն տասը տոկոսը ապաքինման ընթացքէն կը շեղի եւ կ՛անցնի հիւանդութեան յաջորդ փուլ, ուր կ՛ունենան բարձր ջերմ, համի եւ հոտի կորուստ, մկանային սաստիկ ցաւ, հազ եւ շնչառական վարին ու վերին խողովակներու լուրջ բորբոքումներ` քթախոռոչաբորբ (sinusitis), քթաբորբ (rhinitis), ըմբանաբորբ (pharyngitis), խռչափողաբորբ (laryngitis), շնչափողաբորբ (trachiitis), ցնցղատապ (bronchitis), ցնցղիկատապ (broncheolitis) եւ թոքատապ (pneumonia): Ծայրայեղ պարագաներու կրնան պատահիլ լեարդի եւ երիկամի մտահոգիչ բորբոքումներ: Երեխաներ կ՛ունենան նաեւ միջին ականջի բորբոքում եւ լսողութեան տկարութիւն: Տարեցներ, տկար ախտամերժութիւն, մարդկային ախտամերժողականութեան ժահր (HIV) ունեցողները եւ ձեռքբերովի ախտամերժութեան անբաւարարութեան համախտանիշ (AIDS) հիւանդութենէ տառապողները աւելի հակամէտ կ՛ըլլան ունենալու վերոյիշեալ ծանր հիւանդութիւնները:

Վարակեալը կրնայ ախտանշաններ ունենալ եւ կամ ոչ: Ախտանշանները կը սկսին վարակումէն անմիջապէս ետք կամ յաջորդող 14 օրերու ընթացքին: Վարակեալը, որ ախտանշաններ չունի, կրնայ վարակել առողջ անձ մը:

Վարակուած ըլլալը փաստելու միակ միջոցը թագաժահրի քիթին եւ կամ կոկորդին մէջ ըլլալու քննութիւնն է, այլ խօսքով, քիթի եւ կոկորդի խլնահեղուկի մշակումն է (culture): Դրական արդիւնքի պարագային, վարակեալը պէտք է մեկուսանայ տան մէջ, ախտանշան ունենայ կամ ոչ: Մեկուսացումի ընթացքին ախտանշան չունեցողը, եթէ ախտանշաններ ունենայ, պէտք է մեկուսանայ 14 օր` ախտանշանները սկսելէ ետք:

Թագաժահրախտի ախտաճանաչումը կը կատարուի քիթի եւ կոկորդի խլնահեղուկի մշակումով, արեան քննութիւններով եւ թոքի Ք-ճառագայթային նկարումով: Ախտաճանաչումը կատարուելէ ետք վարակեալը պէտք է ինքնամեկուսացումի դիմէ տան մէջ:

Թագաժահրախտի դարմանումը, պարզ պարագաներուն, կ՛ըլլայ տան մէջ հանգիստ ընելով, սննդարար կերակուրներ ուտելով եւ առատ հեղուկ խմելով: Յառաջացած պարագաները եւ բարդութիւններ ունեցողները պէտք է խնամուին հիւանդանոցի մէջ եւ ենթարկուին լուրջ դարմանական միջոցառումներու` Dexamethasone եւ հակաջերմ դեղեր, թթուածին, օժանդակ շնչառութիւն եւ ներերակային հեղուկներ:

Թագաժահրի այլափոխուած տեսակներ երեւան եկած են կարգ մը երկիրներու մէջ, ինչպէս`  Հարաւային Ափրիկէ, Անգլիա եւ Պրազիլ: Կը կարծուի, որ այս նոր տեսակի թագաժահրերը աւելի վտանգաւոր են: Անոնք արդէն յայտնուած են Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի մէջ:

Հակառակ թագաժահրին յարձակողական եւ անկաշկանդ շարժման ու տարածման` բժիշկներ եւ գիտնականներ տարիէ մը ի վեր, համաճարակի ամբողջ ընթացքին զգուշաւորութեան եւ կանխարգիլման քարոզչութիւն կատարեցին` հիմնուելով թագաժահրին փոխանցման եւ տարածման յատկութիւններուն վրայ:

Թագաժահրախտի կանխազգուշական եւ կանխարգիլման հիմնական միջոցները հետեւեալներն են.

Ա.- Դիմակի գործածութիւն: Այսօր դիմակի գործածութիւնը պարտաւորիչ է վարակակիրին եւ ոչ վարակակիրին համար: Դիմակի գործածութիւնը  արգելք կը հանդիսանայ վարակեալին քիթի եւ բերնի թագաժահրով հարուստ խլնահեղուկին օդին մէջ տարածման: Իսկ անոր գործածութիւնը առողջ անձի մը կողմէ կը պաշտպանէ զայն եւ արգելք կը հանդիսանայ օդին մէջ գտնուող թագաժահրի մուտքին անոր քիթէն եւ բերնէն ներս, այսինքն ան դժուար թէ վարակուի:

Գոյութիւն ունին տեսակաւոր դիմակներ:

1.- Պարզ բժշկական դիմակներ: Անիկա կը գործածուի բժիշկներու, հիւանդանոցի անձնակազմին եւ ամբողջ ժողովուրդին կողմէ: Անիկա կը գործածուի միայն մէկ անգամ:

2.- N95 դիմակ: Ասիկա աւելի պաշտպանողական է: Բժշկական անձնակազմը առաւելաբար կը գործածէ այս տարբերակը: Հակառակ անոր որ ան ալ մէկ անգամ գործածուելու համար պատրաստուած է, սակայն ներկայիս փորձեր կը կատարուին հականեխելէ ետք կրկին գործածելու համար:

3.- Կտաւէ եւ կամ տարբեր տեսակ լաթերէ պատրաստուած դիմակ: Ասիկա կազմուած պէտք է ըլլայ երկու կամ երեք խաւերէ: Ան կը ծծէ անհատին արտահանած լորձունքը եւ քթախլնահեղուկը. այսպիսով, անոնք առիթ չեն ունենար օդին մէջ տարածուելու: Այս տեսակի դիմակը կը լուացուի եւ կրկին կը գործածուի:

Շնչահեղձութիւն ունեցող անձեր, անգիտակից հիւանդներ եւ մինչեւ երկու տարեկան մանուկներ պէտք չէ գործածեն դիմակ:

Դիմավահանը(*)-face shield-ը քիթը եւ բերանը չի ծածկեր, հետեւաբար քիթը եւ բերանը անմիջական կապ կ՛ունենան շրջապատին հետ: Անիկա առանձնաբար պէտք չէ գործածուի: Ան կը գործածուի դիմակին հետ միատեղ:

Ակնապահպանակը(*)-googgle-ը կը պաշտպանէ միայն աչքերը, հետեւաբար անոր գործածութիւնը արգելք չի հանդիսանար լորձունքի եւ քթախլնահեղուկի տարածման:

Բ.- Երկու մեթր հեռաւորութիւն` երկու անձերու միջեւ: Նոյնիսկ արտօնուած վայրերու մէջ մարդոցմէ երկու մեթր հեռաւորութիւն պահելու է, որպէսզի վարակումի կարելիութիւնը նուազի:

Գ.- Ձեռքերը յաճախ օճառ-ջուրով լուալ 20 երկվայրկեան:

Մոնրէալ, 2 փետրուար 2021

(*) Դիմավահան եւ ակնապահպանակ բառերը յօդուածագրին կողմէ առաջարկուած է:

(Շար. 1

Նախորդը

Գարեգին Նժդեհի Աճիւններու Փոխադրութիւնն Ու Թաղումը Հայրենի Հողին Մէջ` Ըստ Իր Բաղձանքին Եւ Ցեղակրօնութեան Հաւատամքը` Ըստ Նժդեհի

Յաջորդը

Փորձեցէք Գիշերները Քնանալ

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

Մարտ 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

Օգոստոս 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

Յուլիս 11, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?