Իրանի մէջ Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Յակոբեան դեսպանատան մէջ ընդունեց Իրանի խորհրդարանի Իրան-Հայաստան բարեկամութեան պատգամաւորական խումբի ղեկավար Արա Շահվերդեանը եւ անդամներ Գեղարդ Մանսուրեանը, սէյիտ Մոհամետ Սաատաթ Էպրահիմին եւ սէյիտ Մոհամետ Ճամալիանը: Այս մասին կը տեղեկացնեն Իրանի մէջ Հայաստանի դեսպանութենէն:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի եւ Իրանի օրէնսդիր մարմիններու փոխադարձ գործակցութեան, գործող բարեկամութեան խումբերու միջեւ շփումները առաւել աշխուժացնելու քայլերուն:
Դեսպան Գրիգոր Յակոբեան խօսեցաւ նաեւ Իրանի հետ երկկողմանի յարաբերութիւններու վերջին զարգացումներուն մասին, ընդգծեց փոխադարձ յարգանքի եւ վստահութեան մթնոլորտին մէջ յարաբերութիւնները առաւել խորացնելու պատրաստակամութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ շրջանի հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման, որուն ծիրին մէջ Հայաստանի դեսպանը զրուցակիցներուն ներկայացուց «Թրամփի ուղի»-ին շուրջ ձեռք բերուած վերջին պայմանաւորուածութիւններն ու հիմնական սկզբունքները:
Յիշեցնենք, որ 30 հոկտեմբերին Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Խալիլ Շիրղոլամի լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Թեհրան «Թրամփի ուղի» ծրագիրին վերաբերող լուրջ մտահոգութիւններ ունի եւ Հայաստանէն կ՛ակնկալէ հաւաստիացումներ, որ հայ-իրանեան սահմանին եւ անոր յարակից տարածքներուն մէջ որեւէ երրորդ երկրի ուժերու ներկայութիւն պիտի չըլլայ: Ան նաեւ ընդգծեց Իրանի դիրքորոշումը` Թեհրանի համար կարեւոր է, որ պահպանուին եւ յարգուին Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը:
Իրանի դեսպանը կարեւոր նկատեց երաշխիքներու տրամադրումը, որ «օտար ուժերու ռազմական ներուժը տուեալ ծրագիրի շրջանակին մէջ ներկայ պիտի չգտնուի»:


