Հարաւային Կովկասի նշանակութիւնը անառարկելի է Եւրոպական Միութեան համար, իսկ շրջանին շուրջ աշխարհաքաղաքական մարտահրաւէրները աւելի եւս կ՛ընդգծեն անոր կարեւորութիւնը: Այս յայտարարութիւնը կատարեց Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Մակտալենա Կրոնօ:
Երեւանի մէջ կայացող Հարաւային Կովկասի շրջանային երկխօսութեան երրորդ համաժողովին եւրոպացի դիւանագէտը ընդգծեց, որ Պրիւքսէլ մտադիր է խորացնել համագործակցութիւնը շրջանի երկիրներուն հետ, ինչպէս երկկողմանի, այնպէս ալ շրջանային մակարդակներու վրայ:
Անդրադառնալով Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններուն` Կրոնօ նշեց, որ խաղաղութեան համաձայնագիրի նախաստորագրութենէն ետք երկու երկիրներուն համար բացառիկ կարելիութիւն ստեղծուած է յաղթահարելու հակամարտութեան ծանր ժառանգութիւնը եւ զարգացնելու շրջանային համագործակցութիւնը:
Ըստ անոր, թէեւ խաղաղութեան գործընթաց կայ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ, սակայն Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է աջակցելու գործնական նախաձեռնութիւններուն` սահմանազատումէն մինչեւ առեւտուրի եւ երթեւեկային հաղորդակցութեան կապերու զարգացում:
«Երթեւեկային հաղորդակցութեան կապերը Եւրոպական Միութեան համար ռազմավարական կարեւոր առաջնահերթութիւն են: Սակայն նուազ կարեւոր չէ նաեւ հասարակութիւններու հետ աշխատանքը, որպէսզի մարդիկ իրենք զիրենք զգան ամուր, արդար եւ յարատեւ խաղաղութեան մասնակից», դիտել տուաւ Կրոնօ:
Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչը շեշտեց, որ խաղաղութեան գործընթացները պէտք չէ սահմանափակուին քաղաքական վերնախաւերով, այլ անոնց մէջ պէտք է ներգրաւուած ըլլան նաեւ հասարակութիւնները:


