Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Կաղանդի շրջանին, աշխարհին չորս կողմերը, մեծ ու փոքրիկ քաղաքներն ու գիւղերը իրենց փողոցներն ու տուները կը սիրեն ճոխ կերպով զարդարել, լուսաւորել գոյներ դնել, փորձել` ստեղծել կախարդական, ուրախ մթնոլորտ:
Սակայն Նիւպըրի փոքրիկ գիւղերէն մէկը, ինչպէս ամէն Կաղանդ` 20 տարիներէ ի վեր, դարձեալ զարդարուեցաւ իրեն իւրայատուկ ձեւով: Հոն մենք չենք հանդիպիր Կաղանդի դասական` բոլորին ծանօթ զարդարանքներուն: Այս ձեւով քաղաքապետութիւնը կոչ կ՛ուղղէ գիւղի աշակերտներուն` Կաղանդի գծագրութիւններ ուղարկելու: Ապա գիւղը կ՛ընտրէ այս գծագրութիւններէն անոնք, որոնք պիտի վերածուին գունաւոր լուսաւոր զարդերու:
Այդ փոքրիկներու գծագրութիւններէն ներշնչուած զարդարանքներն են, որոնք պիտի զարդարեն գիւղին փողոցները ամբողջ Կաղանդի շրջանին:
Ձեռային Աշխատանք
Նուէրի Պզտիկ Կողովներ
Կաղանդի գիշերուան համար կրնաս պատրաստել խաւաքարտէ այս փոքրիկ կողովները, անոնց մէջ դնել պզտիկ քաղցրեղէն մը եւ մաղթանքներ: Այս փոքրիկ կողովները հաճելի անակնկալ մը պիտի ըլլան ընտանիքի անդամներուդ եւ բարեկամներուդ համար:
– Այս էջին մէջի կողովի կաղապարը ընդօրինակէ խաւաքարտի մը վրայ եւ զայն կտրէ:
Կողովիդ հիմնական բաժինը ներկէ` ըստ ընտրած օրինակիդ (օրինակ` Կաղանդ պապա, եղնիկ, ձիւնեմարդ, թզուկ…): Ապա զայն ծալէ կէտաւոր գիծերու վրայէն եւ լեզուակներուն վրայ խէժ դնելով` տարբեր բաժինները փակցուր:
– Խաւաքարտի ուրիշ կտորի մը վրայ գծէ, ներկէ եւ կտրէ կերպարիդ մնացած բաժինները` կողովը ամբողջացնելու համար: Ապա զանոնք փակցուր կողովին վրայ:
– Վերջապէս փակցուր կողովին կոթը:
Խաղանք
Կաղանդի Գիշերը
Ահա քանի մը գաղափարներ` Կաղանդի գիշերը հաճելի ժամանակ անցընելու ընտանիքին եւ բարեկամներուն հետ:
1.- Ո՛չ այո, ո՛չ` ոչ: Իւրաքանչիւր խաղացողի հանգուստներուն վրայ անցուր 5-10 լաթակալ (նոյն թիւով` իւրաքանչիւր անձի համար): Այս խաղը կրնայ տեղի ունենալ ամբողջ գիշերուան ընթացքին, կամ ձեր կողմէ որոշուած ժամանակամիջոցի մը ընթացքին: Այդ ճշդուած ժամանակի ընթացքին ո՛չ մէկը իրաւունք ունի «այո» կամ «ոչ» պատասխանելու: Երբ ասիկա պատահի, հարցումը հարցնողը պատասխանողին լաթակալներէն մէկը կ՛առնէ եւ կ՛անցընէ իր հագուստներուն վրայ: Անշուշտ խաղին վերջաւորութեան կը յաղթէ ամէնէն շատ լաթակալ ունեցողը:
2.- Ի՞նչ կը տեսնես: Երկու անձեր կռնակ-կռնակի կը նստին խումբին առջեւ մէկ խաղցողի կը տրուի Կաղանդի վերաբերեալ առարկայ մը, օրինակի համար ` կաղանդի ծառի զարդարանք մը, իսկ միւս անձին կը տրուի թուղթ եւ մատիտ: Առաջին անձը պէտք է նկարագրէ իր ձեռքի առարկան` առանց անունը տալու, իսկ ետեւի անձը պէտք է այդ առարկան գծէ: Արդիւնքը անշուշտ կախեալ է գծագրութեան որակէն:
3.- Կենդանի Կաղանդի ծառը: Խաղցողները երկու խումբի կը բաժնուին: Ձեր շուրջը գտնուող տարբեր տեսակի առարկաներով` թուղթերով, լոյսերով խումբը կը զարդարէ իրենց անդամներէն մէկը, որ այս ձեւով կը դառնայ կենդանի կաղանդի ծառ մը: Ամէնէն «գեղեցիկ» ծառը կը յաղթէ:
4.- Ի՞նչ կայ Կաղանդի գուլպային մէջ: Մեծ Կաղանդի գուլպային մէջ դիր փոքրիկ առարկայ մը, խաղցողը պէտք է գիտնայ, թէ ի՛նչ է այդ պահուած առարկան: Ան կրնայ ցնցել գուլպան, հոտուըտալ, շօշափել, փորձել կռահելու համար:
5.- Ի՞նչ ըսել կ՛ուզէ: Այս խաղին համար պէտք ունինք բառարանի մը եւ իւրաքանչիւր խաղցողի համար թուղթ ու մատիտ: Իւրաքանչիւր խաղցող, իր կարգին, բառարանին մէջէն կ՛ընտրէ անծանօթ կամ դժուար բառ մը: Խաղցողները թուղթին վրայ պէտք է գրեն` ըստ իրենց այդ բառին իմաստը: Այն անձը, որուն բացատրութիւնը ամէնէն մօտը կ՛ըլլայ իսկական իմաստին մէկ կէտ կը շահի:
Խոհագիր
Տուրմով Կաղանդի Ծառ
Պարզ, կլորակ տուրմով կարկանդակ մը կրնայ 8 ուտուելիք Կաղանդի ծառերու վերածուիլ:
Կարկանդակին համար պէտք ունիս` 180 կրամ տուրմի, 180 կրամ կարագի, 150 կրամ շաքարի, 100 կրամ ալիւրի, 1 թէյի դգալ պէյքինկ փաուտըրի, 6 հաւկիթի:
Զարդարանքին համար պէտք ունիս` 150 կրամ ճերմակ տուրմի, գունաւոր M&M-ի կամ սմարթիզի, ըմպեղէգներու:
Պատրաստութիւն
1.- Տուրմը կտորներու վերածէ եւ դիր խորունկ ամանի մը մէջ: Աւելցուր կարագի փոքրիկ կտորները: Չափահասի մը օգնութեամբ այս խորունկ ամանը դիր եռացած ջուրով լեցուն կաթսայի մը վրայ: Ջուրէն յառաջացած շոգին կարելիութիւնը պիտի տայ տուրմին հալելու` առանց այրելու:
2.- Հաւկիթները կոտրէ եւ իրարմէ անջատէ դեղնուցներն ու ճերմկուցները: Խորունկ ամանի մը մէջ ճերմկուցները մեքենայով զարկ, մինչեւ լաւ մը ուռին:
3.- Դեղնուցները զարկ շաքարին հետ, մինչեւ որ խառնուրդը ճերմկի: Ապա աւելցուր ալիւրը:
4.- Այս վերջին խառնուրդին վրայ աւելցուր հալած տուրմը:
5.- Ապա քիչ քիչ աւելցուր ճերմկուցները եւ զգուշութեամբ խառնէ:
6.- Փուռի յատուկ ափսէի մը վրայ կարագ քսէ եւ քիչ մը ալիւր սրսկէ: Խմորը մէջը պարպէ եւ եփէ 180 աստիճանի վրայ մօտաւորապէս 40 վայրկեան:
7.- Երբ կարկանդակը պաղի, իրարու հաւասար 6 կամ 8 կտորի կտրէ:
8.- Ըմպեղէգները երկուքի կտրէ եւ իւրաքանչիւր բաժինը անցուր կարկանդակին կոր բաժինին մէջ ծառին կոճղը կազմելու համար:
9.- Ճերմակ տուրմը մանրալիքին մէջ կամ շոգիով հալեցուր` դարձեալ չափահասի մը ներկայութեան: Դանակի մը ծայրով ճերմակ տուրմը կարկանդակի կտորներուն վրայ դիր` անոնց ճիւղերու կամ երիզներու ձեւ տալով:
10.- Վերջապէս, կարկանդակէ ծառերդ զարդարէ գոյնզգոյն տուրմի հատիկներով:
Ժամանց




