Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի Հանրահաւաք Եւ Երթ

December 21, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 19 դեկտեմբերին Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Հայրենիքի փրկութեան շարժման հանրահաւաքը:

Հանրահաւաքին բացումը կատարելով` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Լիլիթ Գալստեան նշեց. «Ըստ էութեան, մեր ողբերգութիւնը սկսաւ 2,5 տարի առաջ, ճիշդ այն ժամանակ, երբ կարելիութիւն ստեղծուեցաւ, որ իշխանութիւն ստանձնէ մէկը, որ իր ամբողջ արժեհամակարգով, իր էութեամբ եկած էր քայքայելու մեր պետականութիւնը»:

Ըստ անոր, հայ ժողովուրդի սուգը սկսած է պատերազմի երրորդ կամ չորրորդ օրը, երբ բոլորը հասկցան, որ ծուխի ու մառախուղի ներքեւ  ուղղակի դաւադրութիւն եւ դաւաճանութիւն կը կատարուի, երբ հասկցան, որ սեփական աթոռը պահելու համար երկրի թիւ մէկ պետական «դաւաճանը» զոհաբերութեան կը տանի հայ զաւակները:

Ըստ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամին, «ստահակ» եւ «դաւաճան» Նիկոլ Փաշինեանը տեղ չունի Հայաստանի մէջ:

Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արք. Աջապահեանը իր խօսքը սկսաւ Տէրունական աղօքթով, ապա դիմեց ժողովուրդին. «Ցանկութիւնս այն է, որ մեր հայրենիքի ամբողջականութեան խաթարման պատասխանատուն հեռանայ եւ մեզի ձգէ, կարելիութիւն ստեղծէ մեր մէջքը շտկելու: Մենք միայն այսօր չէ, որ սուգի մէջ պէտք է ըլլանք, մենք 84 օր է սուգի մէջ ենք: Այսօր թշնամին հասած է Սիւնեաց սահմաններ, ոտքով կը մտնէ, թիզ առ թիզ կը հաշուէ: Մեզի կ՛ըսեն, թէ ոչ մէկ միլլիմեթր պիտի զիջինք: Զիջելու տեղ մնա՞ց»:

Շիրակի թեմի առաջնորդը նշեց, որ քաղաքականութեամբ զբաղելու ցանկութիւն չունի, բայց հայրենիքի կորուստին հետ հաշտուելու կարելիութիւն չունի:

Ելոյթով հանդէս եկաւ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի վարչապետի միասնական թեկնածու Վազգէն Մանուկեան: Ըստ անոր, այսօր տխուր օր է, քանի որ չկան երիտասարդներու վառվռուն աչքերը:

«Առաջին պատերազմի մասնակիցներուն եւ զոհուածներէն շատերուն հետ ես ծանօթ էի, ընկեր, եւ մենք կը կիսուէինք միտքերով: Եւ իրենք պատգամ ձգած են, իրենք երազանք ունէին, որ կառուցուի ազատ, անկախ, հզօր եւ ազդեցիկ երկիր, ուր կեանքը պիտի ըլլար արդար, բարեկեցիկ: Նոյն միտքերով տոգորուած էին նաեւ այն տղաքը, որոնք մասնակցեցան այս պատերազմին: Անոնք զոհուեցան այս տարօրինակ պատերազմին, որ, շատերը արդարացիօրէն կ՛որակեն ծախուած պատերազմ», նշեց վարչապետի միասնական թեկնածուն:

Ըստ Վազգէն Մանուկեանի, այս պատերազմը կրնար չըլլալ: Ան նկատել տուաւ, թէ կա՛մ մեծ տգիտութիւն, կա՛մ մեծ դաւաճանութիւն էր, որ բոլոր բանակցութիւնները տապալեցան, բոլոր դաշնակիցները կորսուեցան:

Իր խօսքին մէջ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայրենիքի փրկութեան շարժումի  համակարգող Իշխան Սաղաթէլեան նշեց. «Մեր սուգը պիտի տեւէ երկար եւ յաւերժ, եթէ չպայքարինք: Մենք յանձնուելու իրաւունք չունինք, ծունկի գալու իրաւունք չունինք, յանձնելու հայրենիք չունինք: Պէտք է ոտքի կանգնիլ ու վերականգնել արժանապատուութիւնը, պէտք է հաւատալ երկրին ու ապագային»:

Իշխան Սաղաթէլեան անգամ մը եւս յիշեցուց շարժումին հետագայ քայլերուն յաջորդականութիւնը:

Իր կարգին ելոյթ ունենալով` Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեան ըսաւ, որ այսօր ամբողջ հայութիւնը կ՛ողբայ ու կը ցաւի կատարուածին համար:

Ըստ Գագիկ Ծառուկեանի, իշխանութիւնները այսօր կը խաբեն անհետ կորսուածներու, գերիներու ընտանիքները, կը փորձեն ժամանակը երկարաձգել, որ կարենան սառեցնել իրավիճակը, բայց չեն հասկնար, որ արիւնը չի սառիր, չի մոռցուիր, ջուր չի դառնար:

«Այսօր աշխարհով մէկ ոչ մէկը կը ցանկայ աշխատիլ այս վարչապետին  հետ: Վայրկեան առաջ իր հրաժարականը օգուտ է երկրին, ժողովուրդին, պետութեան, տնտեսութեան: Մեծ խնդիրներ կան, եւ Փաշինեանը եւ իր խումբը որքան շուտ երթան, այդքան շուտ պիտի լուծենք այդ խնդիրները», եզրափակեց Գագիկ Ծառուկեան:

Ելոյթ ունեցան նաեւ արցախեան վերջին պատերազմի մասնակիցներ եւ նահատակուած հայորդիներու հարազատներ:

Այնուհետեւ հանրահաւաքի մասնակիցները երթով շարժեցան դէպի Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, ուր Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի ձեռամբ պատարագ մատուցուեցաւ` ի յիշատակ Արցախի պատերազմին զոհուած նահատակներուն:

Տէրունական աղօթքէն ետք, Պարգեւ սրբազանը դիմելով ներկաներուն ըսաւ. «Այսօր մենք ձեզի հետ միասին սգոյ արարողութիւն կը կատարենք ի յիշատակ մեր սուրբ նահատակներուն: Աւետարանական ճշմարտութիւն կայ` երանի անոր, որ կեանքը կու տայ ընկերոջ համար, աւելի երանի անոր, որ կեանքը կու տայ ազգին, հայրենիքին: Այսօր մեր երկնային սուրբերու բանակը աւելցաւ 5 հազարով, որոնք իրենց կեանքը տուին հայրենիքին: Նահատակները ամէնէն թանկագինն ու ամէնէն պայծառն են երկինքին մէջ, որովհետեւ անոնք գիտակցաբար գացին դէպի մահ` մահով ապահովելով յաւերժութիւնը: Այսօր մենք ոգեկոչելով մեր երեխաներուն յիշատակը` պէտք է անոնց երազանքը կեանքի կոչենք: Այո՛, ծանր, վտանգաւոր վիճակի մէջ կը գտնուինք, կը յաղթէ ան, որ չ՛ընկճուիր»:

Ան ընդգծեց, որ որեէ ազգ պէտք է կարենայ փորձութիւնները յաղթահարելու կամք ցուցաբերել:

Նախորդը

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Եռաբլուր Զինուորական Պանթէոնին Մէջ Յարգանքի Տուրք Մատուցեց Արցախի Պատերազմի Նահատակներուն Յիշատակին

Յաջորդը

Ընտրանիին Պահանջը

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը»  Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը
Հայկական

ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը» Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.