Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Եռաբլուր Զինուորական Պանթէոնին Մէջ Յարգանքի Տուրք Մատուցեց Արցախի Պատերազմի Նահատակներուն Յիշատակին

Դեկտեմբեր 21, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ` կիրակի, 20 դեկտեմբերին այցելած է Եռաբլուր զինուորական պանթէոն:

Հանրապետութեան նախագահը եւ նախագահի աշխատակազմը յարգանքի տուրք մատուցած են արցախեան ազատամարտին իրենց կեանքը հայրենիքի պաշտպանութեան համար զոհաբերած հերոսներու յիշատակին, ծաղիկներ զետեղած անոնց գերեզմաններուն:

Նախագահ Սարգսեան իր խօսքին մէջ մասնաւորապէս նշած է. «Շատ դժուար օրեր են: Յոյս ունիմ, որ 2020-ի աւարտին հետ մենք պիտի փակենք ողբերգական ու դժբախտ էջը եւ պիտի կարենանք ոտքի կանգնիլ, նոր էջ բանալ: Միակ բանը, որ պիտի յիշենք 2020-էն, սուրբ յիշատակն է այն մարդոց, որոնք իրենց կեանքը տուին հայրենիքը պաշտպանելու համար: Բոլոր դժբախտութիւնները պէտք է դասեր ըլլան, այլ ոչ թէ ցաւոտ յիշողութիւններ:

Պէտք է նորէն սկսինք մեր կեանքը: Անհամբեր կը սպասեմ այս տարուան աւարտին»:

Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Այցելած Է
Եռաբլուր Զինուորական Պանթէոն

Երէկ` կիրակի, 20 դեկտեմբերին Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը այցելած է Եռաբլուր զինուորական պանթեոն:

«Այսօր այցելեցինք Եռաբլուր զինուորական պանթէոն` մեր աղօթքը բարձրացնելու նահատակ քաջորդեաց հոգիներու  հանգստութեան համար:

Խունկ եւ օրհնութիւն մեր հերոս զաւակներուն անմահ յիշատակին», գրած է վեհափառ հայրապետը Դիմատետրի իր էջին վրայ:

Վարչապետը Գլխաւորեց Արցախեան Պատերազմի
Հերոսներու Յիշատակին Նուիրուած Սգոյ Երթը

Շաբաթ, 19 դեկտեմբերին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հրաւէրով տեղի ունեցաւ սգոյ երթ` Հանրապետութեան հրապարակէն դէպի Եռաբլուր զինուորական պանթէոն: Երթին, պետական ներկայացուցիչներու եւ ժողովուրդի կողքին մասնակցած է նաեւ Հայաստանի վարչապետը:

Միւս կողմէ, Ազատամարտիկները եւ զոհուածներու հարազատները Եռաբլուրին մէջ պատ կազմած էին` թոյլ չտալու համար Փաշինեանի մուտքը սրբավայր:

Նշենք, որ Եռաբլուրի մէջ մեծ թիւով ոստիկանական ուժեր  ներկայ եղած են` ապահովելով Փաշինեանի մուտքը Եռաբլուր:

 

Նախորդը

ՀՅԴ-ի Ջոկատները Պատրաստ Են Պաշտպանելու Սիւնիքի Նոր Սահմանները

Յաջորդը

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի Հանրահաւաք Եւ Երթ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?