Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընտրանիին Պահանջը

December 21, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Պատերազմի դադարի քառասունքին առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի մէջ յայտարարուեցաւ եռօրեայ սուգ: 19 դեկտեմբերի առաւօտուն, սուգի մեկնարկը տուաւ Նիկոլ Փաշինեանը, ուղերձով մը: Կէսօրէ ետք տեղի ունեցաւ սգոյ երթ, Հանրապետութեան հրապարակէն Եռաբլուր: Սգոյ երթը բազմամարդ դարձնելու համար, իշխանութիւնը օգտագործեց այն բոլոր միջոցները, որոնք ժամանակին խստօրէն կը քննադատուէին ու կը դատապարտուէին Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ: Սգոյ երթը վերածուեցաւ Նիկոլ Փաշինեանին զօրակցական ցոյցի, ծափերով ու «Նիկոլ վարչապետ» վանկարկումներով:

Երթին մասնակցողները ստուգապէս Փաշինեանի կողմնակիցնե՞րն էին, թէ՞ անոնցմէ ոմանք, շատերը, եկած էին Երեւանի հեռու ու մօտիկ շրջաններէն պատերազմի զոհերուն, հայրենիքի նահատակներուն յարգանքի տուրք մատուցելու: Սգոյ երթը զօրակցական հաւաքի վերածումը փաստե՞ց, որ Նիկոլ Փաշինեանը տակաւին մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ, ժողովուրդը կը վստահի իրեն, ուրեմն կարիք չկայ իշխանափոխութեան: Փաշինեան յայտարարած էր արդէն, որ իր հրաժարականը պահանջողներ կան, սակայն կան նաեւ իշխանութիւնը պահպանել պահանջողներ: Փաստ կ՛ուզէ՞ք, ահա փաստը:

Նահատակներու յիշատակը յարգելու նպատակով սգոյ երթ կազմակերպելով ու սուգը քաղաքականացնելով, Փաշինեան անգամ մը եւս ցոյց տուաւ իր վարքագիծին ապաբարոյական բնոյթը: Գաղափարապէս սնանկ այս գործելաձեւը դժբախտաբար դարձած է մնայուն կանոն, գործելաձեւ, որ քաղաքացիներու ուշադրութիւնը շեղելով դէպի ոչ էական ու ժամանակավրէպ ոլորտներ, կ՛արգելակէ քաղաքացիական հասարակութեան կազմաւորումը: Փաշինեան երբ ժողովուրդ կը վկայակոչէ, ամբոխի կ՛ակնարկէ. ամբոխի, որ կասկածելի լոզունգներէ առաջնորդուելով, իր արդար պահանջին ու ճշմարիտ ակնկալածին հակառակ արդիւնքը կ՛ապահովէ:

Քաղաքացիական հասարակութիւն կը ստեղծուի, երբ քաղաքացիները կը լսեն ազգին ընտրանիին խօսքը: Այդ ընտրանին, որ Փաշինեան արհամարհանքով «Էլիտա» կը կոչէ ու կը հակադրէ իբրեւ թէ իրեն զօրակցող ժողովուրդին: Բոլոր ժամանակներուն եւ բոլոր ազգերու պարագային, ընտրանին կազմուած է մտաւորականներէ, գրողներէ, պատմաբաններէ, գրականագէտներէ, գիտնականներէ, մասնագէտներէ, համալսարանական դասախօսներէ, բարձրաստիճան զինուորականներէ, հոգեւորականներէ, արուեստագէտներէ, կարճ` մտածումի, հոգեւոր ապրումի ու ստեղծագործ արարումի գործիչներէ: Այս փաղանգին մտածողութեան եւ ստեղծագործութեան միջոցով է, որ աշխարհագրական տուեալ տարածքի մը վրայ ապրող մարդոց սովորական հաւաքականութիւնը կը վերածուի ինքնուրոյն դիմագծութեամբ ազգի, տարածքը` հայրենիքի: Ազգը, իր քաղաքակրթական ինքնուորոյնութիւնը պահպանելու ու հայրենիքը պաշտպանելու համար կը ստեղծէ պետութիւն:

Պետութիւնը վերոնշեալ արժէքները պահպանելու ու զարգացնելու համար կ՛օժտուի իշխանութեամբ մը, որ ժամանակաւոր է ու գնայուն: Ազգին ընտրանին, մտածումի ու ստեղծումի փաղանգը կը նախզգայ վտանգ հայրենի պետութեան կորուստի ու ազգային ինքնուրոյնութեան խաթարումի: Քանի որ վերահաս վտանգին պատասխանատուն կառավարող իշխանութիւնն է, ընտրանին ու անոր ձայնին ունկնդիր բազմահազար քաղաքացիներ կը պահանջեն իշխանութեան հրաժարականը: Իր սխալները արդարացնելով առաջնորդուող իշխանութիւնը չի կրնար աւերը վերացնելու, վերականգնելու, վերստեղծելու նպատակով մտորումներն ու աշխատանքները առաջնորդել: Նոր յոյս ու նոր կորով անհրաժեշտ են անկումային վիճակէն ձերբազատուելու ու ստեղծագործ աշխատանքի լծուելու համար:

Այո՛. փոփոխութիւնը հրամայական անհրաժեշտութիւն է:

 

 

 

Նախորդը

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի Հանրահաւաք Եւ Երթ

Յաջորդը

«Մեզի Պատժամիջոցներով Սպառնացողները Ի Վերջոյ Պիտի Հիասթափուին» Կ՛ըսէ Էրտողան

RelatedPosts

Յիշելով Արշակ Ֆեթվաճեանը
Անդրադարձ

Յիշելով Արշակ Ֆեթվաճեանը

October 3, 2026
Քաղաքացիութեան Դպրոց (School Of Citizenship)
Անդրադարձ

Քաղաքացիութեան Դպրոց (School Of Citizenship)

October 3, 2026
Ուսանողութիւնը Եւ Մենք
Անդրադարձ

Սլաք. Ըսեմ-Չըսեմ

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.