Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը Պոլսոյ Տոլմապահչէ պալատին մէջ Յունաստանի նախագահ Քոնսթանթինոս Թասուլասին հետ ունեցած հանդիպումին առիթով յայտարարած է, որ Թուրքիան մտադիր է Եգէական ծովը վերածել խաղաղութեան ծովու, իսկ Եգէական տարածաշրջանն ու Արեւելեան Միջերկրականը` կայունութեան եւ բարգաւաճման գօտիի:
Յունաստանի նախագահը Թուրքիա այցելած է Կոստանդնուպոլսոյ տիեզերական պատրիարք Բարթուղիմէոսի հրաւէրով, եւ ասիկա կարեւոր հանգամանք է: Էրտողան ընդգծած է նաեւ, որ Թուրքիոյ եւ Յունաստանի յարաբերութիւնները զգալի ներուժ ունին բոլոր ոլորտներուն մէջ, եւ Անգարան կը ձգտի զարգացնել դրական օրակարգը: Յիշենք, որ այս հանդիպումը 1974 թուականէն ի վեր Թուրքիոյ եւ Յունաստանի գործող նախագահներուն առաջին պաշտօնական երկկողմ հանդիպումն է Թուրքիոյ տարածքին վրայ: 1974-ը պէտք է նկատի ունենալ իբրեւ Թուրքիոյ ներխուժումը Կիպրոս:
Նախ պէտք է պարզել, որ յոյն տիեզերական պատրիարքը ինքնուրոյն դժուար թէ հրաւէր յղելու արտօնութիւն ունի: Թուրքիան ժողովրդավարական սովորական երկիր չէ, եւ յատկապէս փոքրամասնութիւններու հոգեւոր պետ մը երկրի մը նախագահին` այն ալ այս պարագային Յունաստանի, ուղղուած հրաւէրը անպայման համաձայնեցուցած կ՛ըլլայ համապատասխան մարմիններուն հետ: Նկատի ունենալով նաեւ Թուրքիոյ նախագահին հետ հանդիպումը եւ մանաւանդ Էրտողանի յայտարարութիւնը, չի բացառուիր, որ այս հրաւէրը յուշուած ըլլայ տիեզերական պատրիարքին: Բացի թրքական օրակարգին ծառայեցնելէ այս հրաւէրը, Անգարան այս ձեւով կրօնական հանդուրժողականութեան եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու առումով ուղերձ կը յղէ թէ՛ Պրիւքսէլին եւ թէ՛ Ուաշինկթընին, որոնք այլ առիթներով քննադատական սուր սլաքներ ուղղած էին այս ուղղութիւններով:
Յայտնենք, որ Յունաստանի վարչապետին հանդիպումները երանգային տարբերութիւններով կը յատկանշուէին այս մէկէն. կային դրական նախադրեալներ, սակայն նոյն բովանդակութիւնը չունէին:
Այն արդիւնքը կը ստանանք, որ Յունաստանի նախագահը, որ թէեւ պետութեան գլուխը կը խորհրդանշէ, այնուամենայնիւ գործադիր իշխանութեան ղեկավարը չէ, այս ձեւով կը հրաւիրուի Թուրքիա եւ կը հանդիպի իր թուրք պաշտօնակիցին հետ: Այս առիթով Էրտողանը կը յայտարարէ Եգէական ծովը խաղաղութեան ծովու վերածելու իր որոշումին մասին:
Երբ կ՛ըսուի, որ Թուրքիան մտադիր է Եգէականը խաղաղութեան ծովու վերածելու, այն իմաստը կը փոխանցուի, որ Անգարան առանձին որոշած է, եւ բացառապէս իրմէ կախեալ է ծովային խաղաղութիւն հաստատելը: Շարունակենք տրամաբանութիւնը. այդ կը նշանակէ նաեւ, որ խաղաղութիւնը արգելակողը, լարուածութիւն ստեղծողն ու ջրային տարածքային վէճեր յարուցողը եւս Անգարան էր, որ հիմա առանձին մտադրած է խաղաղութիւն հաստատել ծովային նոյն տարածքներուն վրայ:
Եգէականէն անցում կատարուած է Արեւելեան Միջերկրական, որ նոյնպէս բարգաւաճման գօտիի վերածելու մտադրութիւն ունի Թուրքիան: Եգէականն ու Արեւելեան Միջերկրականը բարգաւաճման նոյն նախագիծին մէջ դիտարկելը որոշ հետեւութիւններու կ՛առաջնորդէ: Եթէ առաջինի պարագային կան ամերիկեան զգուշացումներ եւ արգելակումներ Թուրքիոյ` չդիմելու որեւէ արկածախնդրութեան, ապա երկրորդի պարագային կայ ամերիկեան հովանաւորչութեամբ Իսրայէլ-Կիպրոս-Յունաստան ռազմական դաշինք` ըստ էութեան Անգարան զսպելու: Նոյն հովանաւորի մրցավարութեամբ խաղը կ՛ընթանայ սպառնալիք-սպառազինում շղթայական գործողութիւններով: Թէ՛ Եգէականի եւ թէ՛ Արեւելեան Միջերկրականի պարագային Յունաստանի գործօնը առկայ է, որուն հետ խաղաղութեան եւ բարգաւաճման մասին կը խօսի Թուրքիոյ նախագահը:
Ծովային խաղաղութեան այս յայտարարութիւնները մտաբերել կու տան ծովային այլ միջավայրի մը մասին, ուր ամէն ինչ խաղաղ չէ, եւ ուր տնտեսական տագնապի խորացման շարժառիթներ կը գտնուին: Խօսքը Հորմուզի, Ծոցի եւ Կարմիր ծովու մասին է, ուր երեւոյթները խաղաղ չեն, եւ ուր պատերազմական գործողութիւնները կը շարունակուին:
Բոլոր նշուած ծովային տարածքները սակայն կը յատկանշուին ուժանիւթային ուղիներով:
Անգարան ասոր դիմաց կը փորձէ քայլ առնել եւ իրավիճակ կայունացնել ծովային երկու շրջաններուն մէջ: Շատ հեռու ժամանակներուն չէր, որ Թուրքիան Յունաստանին կը շեշտէր պատմական դէպքերու կրկնութիւնը, որոնք յատկանշուած էին ջարդերով եւ տեղահանութիւններով` ազդարարելով «ջուրը նետել»-ու սպառնալիքը:
«Խաղաղասիրական» այս յայտարարութիւնը կը ներառէ այս հանգամանքները եւ չի բացառեր թրքական նախկին հռետորաբանութեան վերադարձը:
«Ա.»


