Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 13-րդ հանգրուանին գծով այսօր տեղի ունենալիք գագաթի ճակատումը, որ իրարու դէմ պիտի հանէ Լիվըրփուլն ու Թոթենհամը, կը նկատուի բաւական կարեւոր` նկատի ունենալով, որ անոր արդիւնքին լոյսին տակ, դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ կրնայ փոփոխութիւն տեղի ունենալ:
Երկու կազմերն ալ այժմ ունին 25-ական կէտ, սակայն լոնտոնեան կազմը` Թոթենհամ, իր ունեցած կոլ-էվըրէյճին շնորհիւ կը գտնուի առաջին դիրքին վրայ:
Նշենք, որ մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: