Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա Լիկա»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր պիտի կատարուի Պարսելոնա – Ռէալ Սոսիետատ մրցումը: Անոր ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Քաթալոնական կազմին համար այս ճակատումը կը նկատուի քիչ մը դժուար, բայց միեւնոյն ժամանակ ալ շատ կարեւոր` նկատի ունենալով, որ հիւր կազմը կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը, մինչ Պարսա կը գտնուի 8-րդ դիրքին վրայ:
Սոսիետատ ունի 26 կէտ, մինչ Պարսելոնա` 17 կէտ:



