Հայաստանը ներկայացնող կրանտմասթըր Կարէն Գրիգորեան յաջող ելոյթ ունեցաւ Պարսելոնայի ճատրակի միջազգային բաց մրցաշարքին:
Հայրենի կրանտմասթըրը առաւելագոյն 9 կէտէն 8 կէտ ապահովելով հանդիսացաւ տիտղոսակիր, ինչպէս նաեւ 15 կէտով բարելաւեց իր անհատական վարկանիշը:
Մրցաշարքին ընթացքին Գրիգորեան արձանագրեց 7 յաղթանակ, որոնցմէ 5-ը` կրանտմասթըրներու դէմ:
Նշենք, որ նախքան այս մրցաշարքին տիրանալը, Գրիգորեան առաւելագոյն 9 կէտէն 5,5 կէտ ապահովելով տիրացած էր «Պարպերա տել Վալ» մրցաշարքի տիտղոսին: