Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» յայտարարեց, որ հինգշաբթի, 17 դեկտեմբերին, Քասլիքի իր կեդրոնատեղիին մէջ պիտի կատարէ 2020 տարեշրջանի մրցանակաբաշխութիւնը:
Նկատի ունենալով, որ «Քորոնա» ժահրին պատճառով բոլորն ալ մեծ զգուշութիւն ձեռք առած են, իր կարգին վերոնշեալ ակումբը, ամէն տեսակի զգուշութեան դիմած է եւ մրցանակաբաշխութիւնը պիտի կատարէ հանգրուանային ձեւով, սկսելով երեկոյեան ժամը 18:00-ին եւ աւարտելով երեկոյեան ժամը 20:30-ի շուրջ: