Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արեւմտամէտ Քաղաքականութեան «Ձեռքբերում»-ներէն Մէկը

Դեկտեմբեր 11, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Հայկական երկու հանրապետութիւններուն սահմանին վրայ` Լաչինի անցքին մօտ օրերէ ի վեր հաւաքուած ու պատրաստ վիճակի մէջ «զերօ ժամ»-ին սպասող ռուսական ուժերը 9 նոյեմբերին Հայաստանի, Ազրպէյճանի ու Ռուսիոյ ղեկավարներուն միջեւ փաստաթուղթի կնքման յայտարարութենէն հազիւ 5 վայրկեան ետք սկսան մուտք գործել Լեռնային Ղարաբաղ:

Ռուսական ուժերը պաշտօնապէս կը կոչուին խաղաղապահ, սակայն զանոնք պէտք չէ շփոթել ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի հետ: Խաղաղապահ զօրքերը ընդհանրապէս թեթեւ զէնքերով զինուած կ՛ըլլան եւ կը տեղակայուին երկու զօրքերու միջեւ: Ռուսական զօրակազմը, սակայն, տեղակայուած չէ երկու զօրքերու միջեւ, այլ բռնագրաւուած եւ ազատ, մեծ մասամբ ապազինեալ երկու տարածքներու միջեւ, որովհետեւ հայկական ուժերը եռակողմ յայտարարութեան 4-րդ կէտի հիմամբ ռուսական զօրակազմի տեղակայման զուգահեռ դուրս բերուած են Արցախի տարածքէն:

Ի տարբերութիւն ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի, ռուսական խաղաղապահ զօրամիաւորումը բաղկացած է մասնայատուկ ուժերէ եւ զինուած է հրետանիով, բազմափող հրթիռային համակարգերով եւ ելեկտրոնային պատերազմի սարքերով: Այսինքն անոր առաքելութիւնը յայտարարուած խաղաղապահութենէն աւելին է: Կարգ մը տեղեկութիւններու համաձայն, անոնց թիւն ալ իրողապէս աւելին է, քան` յայտարարութեամբ նախատեսուած 1960-ը:

Ըստ ստորագրուած փաստաթուղթի 4-րդ կէտին, այդ ուժերու «մնալու տեւողութիւնը 5 տարի է` յաջորդ 5-ամեայ ժամանակահատուածներու համար ինքնաբերաբար երկարաձգմամբ, եթէ կողմերէն ոչ մէկը չի յայտարարեր այս կէտի կիրարկումը դադրեցնելու մտադրութեան մասին, ժամկէտի ամբողջանալէն 6 ամիս առաջ»: Ռուսական «խաղաղապահ» ուժերը, սակայն, երբեք ալ չեն հեռացած այն շրջաններէն, ուր տեղակայուած են. վկայ` Մերձտնեսթրի, Աբխազիոյ եւ Հիւսիսային Օսեթիոյ օրինակները: Աւելի՛ն. ռուսական խաղաղապահ ուժի հրամանատարը` Ռուսթամ Մուրատովը մասնակցած է ոչ խաղաղապահական առաքելութիւններու` Չեչենիոյ պատերազմին եւ 2017-ին եղած է հրամանատարը Տէր Զօրի մէջ ռուսական ուժերուն: 28 դեկտեմբեր 2017-ին Սուրիոյ մէջ իր ծառայութեան համար Փութինի կողմէ ստացած է «Ռուսիոյ հերոս» կոչումը:

Յստակ է, որ ռուսական ուժերուն առաքելութիւնը խաղաղապահութենէն աւելին է: Սակայն տակաւին անյայտ է, թէ «առաջին քայլ»-ի տպաւորութիւն ձգող այդ տեղակայումին ի՛նչ քայլեր պիտի յաջորդեն ու յստակացնեն այդ մարտական ուժին «խաղաղապահական» առաքելութիւնը: Թերեւս անիկա եռակողմ համաձայնութեան, Ազրպէյճանի եւ Նախիջեւանի, իմա՛ Թուրքիոյ միջեւ «փոխադրական կապեր»-ու, ուստի եւ մինչեւ Կեդրոնական Ասիա երկարող թուրանական անխափան տարածքի ստեղծման ծառայող 9-րդ կէտի տապալումն է: Այդպիսի պատուար-տարածքի մը գոյացումը կը խաթարէ Ռուսիոյ շահերն ու ազգային անվտանգութիւնը:

Ռուսիա արդէն հսկողութեան կէտեր հաստատած է Նախիջեւանի հետ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանի երկայնքին ու Մեղրիի մէջ կարեւոր 5 կէտերու վրայ: Այս կէտերուն եւ արցախեան տարածքին վրայ եթէ աւելցնենք նաեւ Գիւմրիի մէջ ռուսական ռազմակայանի գոյութիւնը, արդէն մեր դիմաց կ՛ուրուագծուի Քալինինկրատը յիշեցնող պատկեր մը:

Այդ տպաւորութիւնը առաւել եւս կը շեշտուի այն իրողութեամբ, որ Արցախի մէջ արձանագրուած աղէտալի զարգացումներէն, անձնատուական ամօթալի փաստաթուղթի ստորագրումէն ու իբրեւ բնական հետեւանք` Հայաստանի վարչապետին քաղաքական ամբողջական սնանկացումէն ու իրողապէս Քրեմլինի քաղաքական պատանդին վերածուելէն ետք, Հայաստանի ու Արցախի մէջ ռուսական ազդեցութիւնը մեծապէս կ՛աճի: Իրողութիւն մը, որուն ցուցական արտայայտութիւններէն էր Ստեփանակերտի մէջ դպրոցական վերամուտի ընթացքին բարձրացուած Փութինի լուսանկարներու եւ փրկարար Ռուսիոյ շնորհակալութիւն յայտնող պաստառներու պարզումը, ինչպէս նաեւ` Արցախի Ազգային ժողովի կողմէ ռուսերէնը իբրեւ հանրապետութեան երկրորդ լեզու որդեգրման ուղղութեամբ քայլն ու վերջերս շրջանառուող Պիելոռուսիոյ նման Ռուսիոյ հետ միասնական պետութիւն կազմելու գաղափարը: Ահա այս է Ռուսիոյ դէմ սուր ճօճելով զուարճացող արեւմտամէտներուն 2,5 ամեայ իշխանութեան փայլուն «ձեռքբերում»-ներէն մէկը:

 

 

 

Նախորդը

Թրամփ. «Մարոք Եւ Իսրայէլ Ամերիկեան Միջնորդութեամբ Համաձայնեցան Իրենց Յարաբերութիւնները Բնականոնացնել»

Յաջորդը

«Եւրօ-2021». Խմբային Հանգրուանի Մրցումներուն Վիճակաձգութիւնը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?