ՂԵՒՈՆԴ ՌՈՊԷՐ ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆ
Մինչ այս օրերուս ողջ հայութիւնը կ՛ապրի տագնապալից պահեր, Լուսաւորչի կանթեղին դիմաց կանգնած` կը փորձեմ հասկնալ մեր հայ ժողովուրդին ու հայրենիքի գլխուն եկած սրտաճմլիկ ու ցաւալի փորձանքը եւ որոնել մեր պատմութեան մեծագոյն անկումներուն ու ազգակործան դէպքերուն ու արարքներուն դրդապատճառները:
Սիրելի՛ հայորդիներ, թղթատելով մեր ողջ պատմութիւնը` պիտի տեսնէք, թէ ո՛չ մէկ թշնամի կրցած է հայութիւնը պարտութեան մատնել:
Ո՛չ Հռոմը` իր հսկայ կայսրութեամբ,
Ո՛չ պարսիկը` իր փիղերով,
Ո՛չ Բիւզանդիոնը` իր խաբող շռայլութեան թակարդներով,
Ո՛չ Լենկթիմուրը` իր արիւնարբու ախորժակներով,
Ո՛չ թուրքը` իր եաթաղանով,
Եւ ո՛չ ալ համայնավարութիւնը` իր անաստուածութեամբ:
Սակայն, դժբախտաբար, այս վերջին դէպքերու ընթացքին ազերին եւ ցեղասպան թուրքը իրենց ռազմական ուժերով, ահաբեկիչներու եւ վարձկաններու աջակցութեամբ եւ փանթուրանական իրենց ծրագիրներով կարողացան ժամանակի մը համար Սասունցի Դաւիթի թոռներու անմահութեան երթը կասեցնել:
Պատճա՞ռը: Մեր խոցելի մեծագոյ՞ն կողմը: Մեր անմիաբանութիւնն է: Մեր «Աքիլլէսի կրունկը»:
Խրիմեան Հայրիկի բառերով` «Ներքին անհամերաշխութիւնը աւելի շատ է հայրենիքը կորստեան մատնում, քան` եկած թշնամին»:
Այսպէս միակ թշնամին, որ կրնայ հայութիւնը ծունկի բերել, անոր անմիասնականութիւնն է: Հայ ազգի հոգիին մէջ մտնող փառասիրութեան եւ արծաթասիրութեան ազգակեր որդը:
Զուր տեղ չէ, որ հայ շարականագրողն անգամ մեզի սորվեցուցած է մեր աղօթքներուն մէջ Տիրոջմէ հայցել` «Սէր ու միութիւն ազգիս հայոց»:
Ակնյայտ իրողութիւն է, որ հակառակ ըսի-ըսաւներուն եւ կատարուած տարբեր քննարկումներուն ու ախտաճանաչումներուն` մենք, իբրեւ ազգ ու հայրենիք, չկարողացանք մեր պապերու արեամբ տիրացած մեր սեփական հողերը պաշտպանել եւ իրականացնել դարերու մեր երազանքը:
Ինչ որ բացայայտ է, ցաւ ի սրտի, մենք մեր պատմութեան ամէնէն նուաստացուցիչ ու սահմռկեցուցիչ էջերը գրեցինք մեր ամէնէն մաքուր, ազգանուէր եւ անմեղ զաւակներու թանկագին ու ջինջ արեամբ:
Ժողովո՛ւրդ հայոց, ե՞րբ դաս պիտի առնես քու դարաւոր պատմութենէդ, ե՞րբ պիտի սորվիս քու բազմահնամեայ անցեալէդ, ե՞րբ պիտի սթափիս քու խելագարութենէդ:
Թո՛յլ տուր ըսելու` մեր մեծագոյն անկումներուն գլխաւոր պատասխանատուները մենք ենք, մեր անմիաբանութիւնն է:
Վկա՜յ` մեր պատմութիւնը:
Պէտքը կա՞յ քեզի յիշեցնելու, որ մեր հեթանոս շրջանի ամենափայլուն տարիներուն (Ա. դար Ք. Ա.), Մեծն Տիգրան` մեր պատմութեան մեծագոյն գահակալը, տապալեցաւ իր հարազատ զաւկին` Տիգրանիկին հայրադաւ ու հայրենադաւ ընթացքով: Տիգրանիկ Հայաստանի դռները բացաւ Հռոմի զօրավար Պոմպէոսի դիմաց: Պոմպէոս նուաճեց Հայաստանը, իրեն հետ շղթայակապ Հռոմ տարաւ Տիգրանիկը ու Քափիթոլի դիմաց գլխատել տուաւ զինք` յարելով. «Հռոմը դաւաճաններ չի պարգեւատրեր»:
Կը յիշե՞ս` ո՛վ պատճառ եղաւ Արշակունիներու թագաւորութեան կործանումին, 428-ին:
Ազգակործան հայ նախարարները չէի՞ն, որ մեկնեցան Տիզբոն եւ Պարսից արքային մօտ ամբաստանեցին հայոց Արտաշէս արքային եւ գահընկէց ըրին զինք` հակառակ Սահակ հայրապետի յորդորներուն, թէ` «Լաւ է մոլորած գառնուկ մը, քան` օտար առողջ գազան մը»:
Այժմ պահ մը դարձնենք Վարդանանց հերոսամարտի էջերէն մէկը, 451-ին: Ո՞վ դաւաճանեց իր հայրենակիցներուն: Ազգադաւ հայ Վասակը չէ՞ր:
Նոյնն է պարագան նաեւ Բագրատունի թագաւորութեան, որ իր կարգին վախճան ունեցաւ մեր ձեռքերով (1045-ին):
Պետրոս Գետադարձ կաթողիկոս, կաշառուած հայամերժ յոյներէն, նենգամիտ Վեստ Սարգիս հայ իշխանն ալ նոյնպէս, թագաւորական գահ բարձրանալու երազէն տարուած, Անի մայրաքաղաքի քառասուն բանալիները Պոլիս ղրկեցին եւ յանձնեցին Կոստանդին Թ. Մոնոմախոս յոյն կայսրին:
Դարձեալ, Ռուբինեան իշխաններու գահակալութիւնը իր վախճանին հասաւ ներքին անմիաբանութեամբ, 1375-ին:
Եգիպտոսի սուլթանին Մելիք Աշրաֆի զօրքերու արտաքին յարձակումները եւ հայ անմիաբան նախարարներու ներքին երկպառակութիւնները պատճառ դարձան Կիլիկիոյ հայկական պետութեան կործանումին:
Դժբախտաբար մեր նորագոյն պատմութիւնն ալ զուրկ չէ այս մթնոլորտէն:
Ո՞վ ուզեց հարուածել Հայաստանի նորակազմ հանրապետութեան ներքին կայունութիւնը ու Հայաստանի պետականութեան միջազգային հեղինակութեան ամրապնդումը 1999-ին…
Մեր պատմութեան այս վճռադրոշմ ու տագնապալից փուլին, այս թող ըլլայ մեր այսօրուան դասը: Մեր հայրենիքը` ամէն բանէ առաջ եւ ամէն բանէ վեր:
Ճիշդ է` տարբեր մօտեցումներ կրնանք ունենալ, տարբեր դիրքորոշումներ կրնանք որդեգրել, բայց, եկէք, համաձայնինք մէկ հիմնական արժէքին շուրջ, որ ուրիշ բան չէ ու չի կրնար ըլլալ, եթէ ոչ` հայրենիքի հզօրացումը, միակ խորհրդանիշը հայ ազգի յաւերժութեան:
Մեր հայ ազգի գոյութեան եւ գոյատեւման ճակատագրական այս օրերուն հայ ժողովուրդին դիմաց կայ մէկ ճանապարհ` համախումբ աշխատանք յանուն ազգային տեսլականի նուիրականացման: Համախումբ` հայրենի պետականութեան շուրջ, կորիզը` վաղուան ամբողջական Հայաստանին:
Հա՜յ ժողովուրդ, պատմութիւնն է մեր ուղենիշը եւ հարազատ դասատուն: Ապագան անոնցն է, որոնք գիտեն միանալ եւ այդ միութեան զօրութեամբ ալ պայքարիլ:
Հետեւաբար մեր ժողովուրդի միասնականութիւնը երաշխիք է մեր ազգի հզօրութեան ու մեր պայքարի յաղթանակին:
Չարենցը ըսաւ. «Ո՜վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է», իսկ ես կ՛աւելցնեմ` «Ո՜վ հայ ղեկավարներ, հայուն փրկութիւնը ձեր միասնութենէն կախեալ է»:
Կուսակցութիւններ, կազմակերպութիւններ, եկեղեցականներ, եղէ՛ք զօդը միութեան, եղէ՛ք ոսկի կամուրջը հայութեան:
Այլապէս, իրենց արիւնը զուր տեղ թափած պիտի ըլլան մեր աննման հերոսները, որոնք միասնաբար նահատակուեցան նո՛յն հայրենիքին, նո՛յն հաւատքին եւ նո՛յն արժէքներու համար, Խրիմեան Հայրիկի բառերը մարմնացնելով` «Եթէ պէտք է ես մեռնիմ, հայրենի՛ք, դուն ապրէ՛®»:
Սիրելի՛ հերոս նահատակներ հայոց բանակի,
Դուք լաւապէս հասկցաք եւ իւրացուցիք, որ հայրենասիրութիւնը միայն խօսք չէ, այլեւ զոհողութիւն է: Եւ զոհողութեան գերագոյն աստիճանը կեանքի մատուցումն է, կեանքի ընծայումն է, կեանքի նուիրումն է:
Ձեր պայքարով ու զոհաբերումով եկաք յիշեցնելու, որ մենք երէկուան Տէր Զօրի ճամբորդները չենք` անհովիւ ու անպաշտպան:
Ձեր պայքարով ու նահատակութեամբ եկաք յիշեցնելու, որ մենք 1988-ի Սումկայիթի եւ Պաքուի անզէն ու անապաստան հայ բնակիչները չենք:
Այսօր մեր իրաւունքները պաշտպանող պետականութիւն ու բանակ ունինք, այսօր մեր իրաւունքներուն վրայ հսկող ճշմարտութեան ձայնը ունինք, Նարեկացիներու եւ Շնորհալիներու պահապան սուրբ խաչը, Հայկի ու Վարդանի պողպատեայ կամքը, Անդրանիկի եւ Գէորգ Չաւուշի ոգին եւ սփիւռքահայութեան անվերապահ աջակցութիւնը:
Ձեր անմահ անունները քանդակուած պիտի մնան որպէս ներշնչման աղբիւր մեզի համար:
Թո՜ղ Ամենաբարին Աստուած Իր երկնային յարկերուն մէջ ընդունի ձեր հոգիները եւ Իր Սուրբ Հոգին սփոփէ ու մխիթարէ ձեզի նման ծնունդ տուող հայրերն ու մայրերը:
Թող Աստուծոյ ամենազօր աջը հովանի ու պահապան ըլլայ քաջարի հայոց բանակին եւ յառաջագնաց կեանքով ամրացնէ մեր հայրենի պետութիւնը ու ծաղկեցնէ հայ ժողովուրդի կեանքը` ի Մայր Հայաստան, Արցախ եւ ի սփիւռս աշխարհի:
Փա՜ռք ու յարգանք` Հայաստանի ու Արցախի ազատութեան ու անկախութեան եւ հայ ժողովուրդի հզօրութեան եւ արդար իրաւունքներու ճանաչման համար իրենց կեանքը զոհաբերած մեր հայորդիներուն: