Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան պետական քարտուղար Ժան¬Պաթիսթ Լըմուան պիտի այցելէ Հայաստան: Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատունը:
Ժան¬Պաթիսթ Լըմուանի երկօրեայ աշխատանքային այցելութեան նպատակը Հայաստանին մարդասիրական օգնութեան բեռը յանձնելն է: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան պետական քարտուղարը նաեւ հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայաստանի քաղաքական ղեկավարութեան հետ: