ԱՐԻՆ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Սուգի մէջ է համայն հայութիւնը:
Անբացատրելի զգացումներ կ՛ապրի իւրաքանչիւր հայ:
Ցասում, բողոք, խռովք….
Մեծ մասը այս զգացումներուն` տակաւին չարտայայտուած:
Այս համատարած ընկճուածութեան վրայ մեր հոգիները կը մտրակեն անմարդկա
յին արարքները` կատարուած մե՛ր հողերուն վրայ, որոնք միայն շարունակութիւնն են թուրքին հետապնդած դարաւոր նպատակներուն:
Ընկերային ցանցերու անհատական (ոչ լրատուական) էջերուն վրայ անընդհատ կը տեսնենք մեր հողերուն վրայ կատարուող սրբապղծման եւ ամէն տեսակի անարդար ու անմարդկային նկարներ ու տեսերիզներ, որոնք կը շարունակուին տարածուիլ:
Հարց կու տամ, թէ ի՞նչ է անոր նպատակը այս օրերուն:
Մեր հողերուն վրան կատարուած իւրաքանչիւր արարք այլոց ձեռքով արդէ՛ն սրբապղծում է:
Որովհետեւ այդ հողի շքեղ պատմութեամբ, ազգային-մշակութային ժառանգութեամբ, ազատագրական պայքարի յաղթանակներու երգերով ու պարերով, ազատամարտիկներու կեանքով ու գործով, նահատակներու ոգիով, արցախցիին մշակոյթով ու սովորութիւններով ապրած են բոլոր ազգախոհ հայերը, անխտիր, իրենց մանուկ տարիքէն իսկ:
Աւելի՛ն. անոնցմէ մաս մը նպատակաուղղուած աշխատանք տարած է հոն, կռուած է իր հողին համար ու, վերջապէս, ապրած եւ բարգաւաճած` այդ հողերուն վրայ: Ուրիշներու առօրեայ մտապատկերն է Արցախի այս ամբողջ ժառանգութիւնը, ու մօտիկ ապագայի ծրագիրն է հոն շարունակել կեանքը ու բարգաւաճիլ:
Հետեւաբար տեսերիզներն ու նկարներուն նպատակը եթէ ուշքի հրաւիրել է անոնք, որոնք կը պաշտպանեն անիծեալ ստորագրութիւնը, ապա չեմ կարծեր, թէ բան մը պիտի փոխէ անոնց անզգամ հոգիներուն մէջ:
Պիտի ազդուի՞ն, հի՞մա…
Դիմատետրի օտար բարեկա՞մը պիտի ազդուի…
Ի՞նչ պիտի ընէ, եթէ նոյնիսկ ազդուի:
Իրար լաց ու կոծը տեսնելով, դժբախտաբար, դժուար է մխիթարուիլ, մանաւանդ որ մեր հողերէն հեռու գտնուելով` անիծուած ենք (գոնէ անձնապէս): Շշմեցուցիչ տեսարանները աւելի կը տկարացնեն, քան կ՛ըմբոստացնեն պայքարի ոգին, որովհետեւ, ակամայ, հայրենակիցներուն մեծամասնութիւնը արդէն իսկ կը գտնուի ահաւոր ցնցումի ազդեցութեան տակ:
Մեր հողերուն վրայ ապրած ու ապրող հերոսներն ու մշակութային ժառանգութեան պատերը կ՛արձագանգեն, անընդհատ: Իմացեալ մահով սրբացած մեր նահատակները, հակառակ անոնց հանդէպ տածած մեր ամօթխածութեան, մեզ չե՛ն անիծեր. ընդհակառակը, կը շարունակեն մեզ հզօրացնել ու ոգի տալ: Իրենց կոչումն էր այդ, եւ երբե՛ք չենք կրնար անոր իմաստը փոխել այսօր: Անոնք մեր բոլորին հոգիներուն մէջ են ու բողոքի նոր կայծեր կը պատրաստեն:
Արդէն իսկ, անոնք, որոնք բողոքի պիտի հրաւիրուին, պատրաստ են ու օրական կ’ապրին ահաւոր ցաւը:
Իսկ անոնք, որոնք անտարբեր են, հաւանաբար պիտի շարունակեն նոյն դասերը տալ:
Հետեւաբար կ՛ապաւինինք մեր ուժերուն: Ներքին ուժին:
Ուրիշ ելք կա՞յ:
Ոգեզրկելով զիրար` չենք կրնար զօրանալ, դժբա՛խտաբար:
Ա՛յս է հայու ճակատագիրը:
Արտայայտել` առանց ողբի, դժուարագոյնը` մարդու կոչումներէն:
Ոչ շատ հեռու անցեալին, նաեւ ներկայիս, երբ Հայոց ցեղասպանութեան մասին դասաւանդումներ կամ ընդհանրապէս դասախօսութիւններ տեղի կ՛ունենային, պահանջատիրութեան ու պայքարի անհրաժեշտութեան վրայ կեդրոնանալով, մասնաւորապէս պատանեկան տարիքի անհատներուն, եւ որոնք կ՛ընդգրկէին ջարդի ու տեղահանութեան նկարներ, շատեր սուր ձեւով կը քննադատէին: Շատեր կ՛ըսէին, թէ պէտք չէ տեսնեն նկարներ, թէ` «պէտք է մոռնալ» անցեալը եւ այլն: Թէ` «Հայ, հայ, պայքար, պայքար կը բաւէ՛ խօսիք»:
Նոյնն ալ կը պատահէր ու կը պատահի հակաթուրք պայքարի նախաձեռնութիւններուն ընթացքին: Այպանել, դռներ փակել, վռնտել…եւ այսօր ըսել` «Ո՞ւր էիք, ուշացաք, շատոնց պէտք էր ընէիք»:
Հակաթուրք պայքարը, մա՛նաւանդ Լիբանանի մէջ, լայն տարածութեամբ ծաւալեցաւ Ցեղասպանութեան յիսնամեակէն ետք, այսինքն` 1965-էն ետք, եւ բնաւ նորութիւն մը չէ: Այպանողներն էին, որ չլսեցին ձայնը, որ` պատռեցին կոչերը, որ` չմասնակցեցան ցոյցերուն ու ձեռնարկներուն. անոնք նեցուկ չկանգնեցան հայ ազգին ու հայ դպրոցին, անոնք իրենց տուներէն չշարժեցան երբ ձրիաբար փոխադրամիջոցներ տրամադրուած կ՛ըլլային, անոնք ոչ մէկ միութեան անդամակցելով` տեղեակ չեղան իրենց գաղութի ձեռնարկներուն մասին, անոնք հայերէն թերթ չկարդացին կամ ձայնասփիւռի կայան մտիկ չըրին, որպէսզի հաղորդուին այս բոլորով, անոնք իրենց զաւակները նետեցին օտար` «սուղ» վարժարաններ, անոնք ուրացան իրենց հայութիւնը` յանուն խաբուսիկ դրախտի մը: «Քիչ մը բացուեցէք» ըսին… ու միայն ակնկալեցին: Վախցան թէ տեղացին ի՛նչ պիտի ըսէ, երբ ճամբաները փակեն: Վախցան, շատ բաներէ… մինչ անդին պատանին, երիտասարդն ու տարեցը այս բոլորը խռովքի վերածելով` շարունակեցին իրենց հետապնդած նպատակը:
Ճիշդ այսօր, սակայն, խռովքի տակառը բաւական լեցուն է արդէն ու Դանայեան տակառի պէտք չէ վերածուի:
Այո՛, ամէնէն մեծ ցաւն է տեսնել այս բոլորը:
Տեսնել ու չպատմել: Տեսնել ու չտեղադրել:
Բայց այսօր, կրկնութեան սիրոյն, մեզ պէտք են միայն ոգեշնչողներ:
Որովհետեւ մեր ճակատագիրն է ցաւը կլլել ու պայքարի վերածել:
Մեր ճակատագիրն է միայն ու միայն ՊԱՅՔԱՐԻԼ:
18 նոյեմբեր 2020