Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին յետսապահ Վարազդատ Հարոյեան իր կազմին` Թամփովի հետ իր մասնակցութիւնը բերաւ Տինամօ Մոսկուայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին:
Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 13-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ տեղի ունեցած այս մրցումը աւարտեցաւ հիւր կազմին` Տինամոյի յաղթանակով, 2-1 արդիւնքով:
Հարոյեան մասնակցեցաւ ամբողջ մրցումին, սակայն ազգային հաւաքականին անոր խմբակից Ալեքսանտր Կարապետեան բացակայեցաւ Թամփովի կազմէն:
Այս հանգրուանէն ետք Թամփով այժմ կը գտնուի 12-րդ դիրքին վրայ: Պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուին Մոսկուայի բանակայինները: