Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան եւ Հայկ Մարտիրոսեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն «Speed Chess Championship»-ի ճատրակի միջազգային մրցաշարքին:
Արագ ճատրակի այս առցանց մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 16 կրանտմասթըրներ, որոնց կարգին` աշխարհի գործող ախոյեան, նորվեկիացի Մակնուս Քարլսըն:
Յառաջիկայ 11 նոյեմբերին սկսելիք այս մրցաշարքին Ա. հանգրուանին Արոնեանի մրցակիցը պիտի ըլլայ Եան Նեփոմնիաչի, իսկ Մարտիրոսեանի մրցակիցը` Հիքարու Նաքամուրա:
Տիտղոսակիրը պիտի ստանայ 100 միլիոն ամերիկեան տոլար: