Իտալական Ա. Էս. Ռոմա ֆութպոլի խումբին նախկին խմբապետ Ֆրանչեսքօ Թոթթի վարակուեցաւ «Քորոնա» ժահրով: Այս մասին յայտնեց «Sky Sport Italia»-ն:
Իտալացին, որ ունեցած է ջերմութիւն եւ անհանգիստ զգացած, անմիջապէս ուզած է քննութեան ենթարկուիլ: Արդիւնքը ելած է դրական:
Նշենք, որ Թոթթիի մայրը եւս վարակուած է այս հիւանդութեամբ, մինչ անոր հայրը «Քորոնա» ժահրին պատճառով մահացած է: