Ըստ ֆրանսական հանրածանօթ «Le Parisien» օրաթերթին, «Եւրօ-2020»-ի (2021) բոլոր մրցումները պիտի կատարուին Ռուսիոյ մէջ:
Նախապէս որոշուած էր մրցաշարքը կայացնել եւրոպական 12 երկիրներու մէջ, սակայն «Քորոնա» ժահրին համաճարակը ամբողջութեամբ խանգարեց «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին հաշիւները:
Ասկէ մեկնելով` վերոնշեալ կազմակերպութիւնը գրեթէ համամիտ է, որ մրցումները կատարէ միայն մէկ երկրի մէջ:
Նշենք, որ Ս. Փեթերսպուրկ պիտի հիւրընկալէր աւարտական հանգրուանի չորս մրցում: