Ռուսիոյ Նախագահը Լեռնային Ղարաբաղի Լուծման Հարցով Առանձին Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւններ Ունեցած Է Փաշինեանի Եւ Ալիեւի Հետ
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած առանձին հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու ընթացքին քննարկեց Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը: Լուրը տեղադրուած է Ռուսիոյ նախագահի պաշտօնական կայքին վրայ:
«Նախագահ Փութին 1 եւ 2 նոյեմբերին հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ համապատասխանաբար Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Հանգամանալից կերպով քննարկուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցը», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Share This Article
CATEGORIES Հայկական