Արժանթինի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան Զ. խմբակի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին, Վելես Սարսֆիլտ, որ հիւրընկալեց Հուրաքան, անոր հետ արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Մրցումին առաջին կոլը 37-րդ վայրկեանին նշանակեց հիւր կազմը` Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին յառաջապահ Նորպերթօ Պրիասքօ Բալեկեան:
Հայազգի ֆութպոլիստը վերջին անգամ իր ակումբին հետ մրցումի մասնակցած էր նախորդ 15 մարտին` Արժանթինի ֆութպոլի բաժակին գծով տեղի ունեցած մրցումին: