Սլովաքիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 12-րդ հանգրուանի մրցումներուն Ժիլինա, որ հիւրընկալեց Սենիքան, արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Հիւրընկալ կազմին հետ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին նորեկ, 21 տարեկան Վահան Բիչախչեան դարձեա՛լ կոլի հեղինակ դարձաւ, երբ 63-րդ վայրկեանին փենալթիով նշանակեց իր կազմին երրորդ եւ վերջին կոլը:
Բիչախչեան, որ 72-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը, այսպիսով այս տարեշրջանին իր ակումբին հետ նշանակեց իր 8-րդ կոլը:
Այլ գետնի վրայ, Բիչախչեան հերքեց ազրպէյճանական մամուլին կողմէ հրապարակուած այն լուրերը, ըստ որոնց, ան երկրին ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ տուգանքի ենթարկուած էր, որովհետեւ 9-րդ հանգրուանին իր նշանակած կոլէն ետք, ցոյց տուած էր իր մարզաշապիկին վրայի գրութիւնը, որով ան զօրակցութիւն կը յայտնէր իր հայրենիքին եւ հայ զինուորներուն:
«Ազրպէյճանական մամուլը ամէն ձեւով աշխատանք կը տանի հայութեան հասցէին սուտ եւ անհեթեթ լուրեր տարածելու համար: Անիկա պիտի չհասնի իր նպատակին, որովհետեւ մեր աղօթքները պիտի ըլլան մեր ազատամարտիկներուն հետ», ըսաւ Բիչախչեան: